Անկախութեան 96-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն` Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձին առիթով երէկ` երեքշաբթի, 27 մայիս 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, մասնակցութեամբ` Ազգային Աբգարեան, Քառասնից Մանկանց, Աքսոր Գասարճեան եւ Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարաններուն:

Ձեռնարկին կազմակերպիչ վարժարանին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Յովիկ Կետիկեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի վերջ հայութեան մնացեալ բեկորները միասնականութեամբ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն անգամ մը եւս ոտքի կանգնելով պատմութեան մէջ կարմիր տառերով արձանագրեցին Մայիս 28-ի փառաւոր յաղթանակը: «Մենք` իբրեւ արժանաւոր սերունդ Մայիս 28-կ կերտող հերոսներուն, կը խոնարհինք անոնց անսակարկ նուիրումին առջեւ եւ կ՛ուխտենք ըլլալ խիզախ, պատուախնդիր եւ անվեհեր` կերտելու միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը», եզրափակեց Յովիկ Կետիկեան:

Արշօ Պալեան

Արշօ Պալեան

Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Մայիս 28-ի նախօրեակին եւ այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն ու երկրի կացութեան վրայ` հաստատելով, որ Մայիս 28-ին Հայաստանի անկախութիւնը զէնքով կերտուեցաւ եւ ունեցաւ իր պետական կառոյցը, ժողովրդավարական վարչակարգը, խորհրդարանը, կառավարութիւնը, դրօշակը` Եռագոյնը, զինանշանն ու քայլերգը: Իսկ հայերէնը դարձաւ երկրին պետական լեզուն: «Մայիս 28-ը յաղթանակի տօն է: Անիկա առիթ մըն է վերանորոգելու հայուն կամքը եւ կորովը, ըլլայ ան հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ», շեշտեց Ա. Պալեան եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն շարունակելու երթը` նախ պահպանելու Հայաստանի անկախութիւնը եւ ապա կերտելու միացեալ Հայաստանը:

Գեղարուեստական բաժինով 4 վարժարաններու աշակերտները ներկայացուցին անհատական եւ խմբային երգեր եւ արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ` թատերական պատկեր:

Աւարտին, վարժարանի շրջափակին մէջ յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Տիշչեքենեան, երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքենեանի:

2705mayis

aztagdaily.com

Scroll Up