Հայագիտական Հարցերու Նուիրուած Գիտաժողով UCLA-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հնագիտական «Քոցին» հիմնարկէն ներս գործող Հայկական հնագիտական եւ ազգագրական ծրագիրին, Շաբաթ, Մայիս 31ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, համալսարանի «Ֆաուլըր» շէնքի «Լենարթ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայագիտական ու հնագիտական հարցերու նուիրուած իւրայատուկ գիտաժողով մը: Գիտաժողովին բացումը պիտի կատարէ Հայկական հնագիտական ծրագիրի վարիչ Գրիգոր Արէշեանը:

Ժամը 9:30ին սկսող Ա. նիստի համադրողն է Փիթըր Քաուի. ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Գրիգոր Արէշեան (Ուսումնասիրական տարբեր մարզերու միջեւ գործակցութեան հարցեր), Հրաչ Մարտիրոսեան (Հայկական լեզուագիտութեան բաղդատական քննարկման ներկայ իրավիճակը) եւ Երուանդ Կրէքեան (Ուրարտագիտութեան ներկայ վիճակը): Փաւել Աւետիսեանի եւ Ռուբէն Պատալեանի ուսումնասիրութիւնը (Հողագործական նախնական ընկերութենէն մինչեւ առաջին քաղաքային ընկերութիւնները) պիտի ներկայացնէ Քրիսթին Մարտիրոսեան-Օլշանսքին:

Ժամ 12ին սկսող Բ. նիստի հանդիսավարն է Լեւոն Աբրահամեան, իսկ անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Մայքըլ Ռոաֆ (Բիայնիլի-Ուրարտու, Միտանի եւ Պարսկաստան), Ժան Փիեռ Մահէ (Հայոց միջնադարեան պատմութեան ուսումնասիրութեան ձեւեր ու հարցեր) եւ Փիթըր Քաուի (Հայկական գրականութեան ուսումնասիրութիւններ):
Բ. նիստի աւարտին, մօտաւորապէս կ.ե. ժամը 1:30ին, ճաշ պիտի մատուցուի «Ֆաուլըր» սրահին մէջ, իսկ ժամը 2:30ին պիտի մեկնարկէ Գ. նիստը, որուն համադրողն է Թամըս Սինքլեր: Այս նիստին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Քրիսթինա Մարանչի (Հայկական միջնադարեան ճարտարարուեստը), Թամըս Սինքլեր (Հայկական նիւթական ժառանգութիւնը արեւելեան Թուրքիոյ մէջ) եւ Լեւոն Աբրահամեան (Հայկական ինքնութեան կառուցումը):
Դ. եւ վերջին նիստը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4:30ին. անոր համադրողն է Ժան Փիեռ Մահէ: Ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Ստեփան Աստուրեան (Հայկական Ցեղասպանութեան արժեւորում եւ ապագայ քայլեր) եւ Յարութիւն Մարութեան (Յիշողութիւն եւ ինքնութիւն ամերիկահայութեան մօտ): Նաեւ, Ճորճ Պուրնութեանի ուսումանասիրութիւնը (Արցախի մասին հայկական եւ ատրպէյճանականական պնդումները) պիտի կարդայ Աստղիկ Սիմիթեանը, իսկ Հրանոյշ Խարաթեանինը (Տերսիմի ժողովուրդը)՝ Անուշ Սիւնին: Այս նիստին քննարկումը պիտի վարէ Թիօ Վան Լինթ:

Երկոյեան ժամը 7:30ին, «Ֆաուլըր» պատշգամին վրայ ընթրիք պիտի մատուցուի՝ հիւրընկալութեամբ Զարուհի Սարա Չիթճեանի:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել gareshia@ucla.edu հասցէին:

asbarez.com

Scroll Up