«Լիբանանի Հայերը (Բ.)» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Լիբանանի Հայերը (Բ.)» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, 14 Մայիս 2014ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն՝ 15 եւ 16 Մայիս 2014ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր՝ 16 զեկոյցներով: Ընդհանուր առմամբ եղան տասնութ ելոյթներ՝ իբրեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ դասախօսութիւն:
Ներկայացուած նիւթերն էին՝ Դոկտ. Հուտա Քասաթլի՝ «Լուսանկարիչ Յովսէփ Մատէնեանը՝ Լիբանահայ Լուսանկարիչներու Ենթախորքին Վրայ», Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան՝ «Արեւմտահայերէնի Խնդիրներ Լիբանահայ Համայնքին Մէջ», Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան՝ «Լիբանահայ Դպրոցի Հայագիտական Դասանիւթերու Ուսուցիչը», Դոկտ. Օհաննէս Կէօքճեան՝ «Անտեսուած Բնագաւառ Մը՝ Լիբանահայ Համայնքին Դերը Հակամարտութեան Լուծման մէջ (1975-1990)», Ռուբէն Աւշարեան՝ «Լիբանահայ Երեսփոխանները Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ. Արժեւորում Մը՝ Ներսէն», Դոկտ. Իրինա Փափքովա՝ «Լիբանահայ Եկեղեցին Եւ Իր Միջավայրը», Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան՝ «Հասարակաց Դատեր. Լիբանահայերը Եւ Լիբանանի Մայիս 6ի Նահատակաց Ու Անկախութեան Տօները», Դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան՝ «Հայ Եւ Լիբանանեան Միքանի Դաշինքներ Խաչակիրներու Ժամանակ», Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան՝ «Մուսա Լեռան Հայութեան Տեղաւորումը Լիբանան, 1939-1940», Դոկտ. Ճէյմս Սթոքըր՝ «Մ. Նահանգներու Կառավարութիւնը Եւ Լիբանահայ Համայնքը (1943-1975», Դոկտ. Արման Եղիազարեան՝ «Լիբանանի Հայ Համայնքը Եւ Մոդելային Սփիւռքի Խնդիրը Հայ Իրականութեան Մէջ», Հրաչ Քեսթէնեան՝ «Հայ Ուսանողական Կեանքը Սուրիական Բողոքական Քոլէճին Մէջ (1885-1920)», Եղիկ Թաշճեան՝ «Երրորդ Ուղին Լիբանահայութեան Մէջ, 1956-1960», Վահագն Քէշիշեան՝ «Լիբանահայ Պետական Պաշտօնեաները», Արազ Գոճայեան՝ «Հանրային Անդրադարձը՝ Տագնապներու Ժամանակ. Կեզիփարքի Դէպքերուն Անդրադարձը Լիբանահայ Երիտասարդութեան Մօտ», Շանթ Վարդանեան՝ «Սուրիահայ Գաղթականները Լիբանանի Մէջ»:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան խօսեցաւ «Լիբանահայ Համայնքի Կենսական Դերը. 1950ականներու Յիշատակներ Պէյրութահայութենէն» նիւթով, իսկ գիտաժողովի փակման օրը, Տիար Վիգէն Աւագեան հանրային դասախօսութեամբ մը ներկայացուց «Պատմական Պտոյտ Մը Պուրճ Համուտի Մէջ» նիւթը: Գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Յուշամատեան Կայքէջի Houshamadyan հատորի շնորհանդէսը՝ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Արուեստի Ցուցասրահին մէջ եւ Պուրճ Համուտի լուսանկարներու ինչպէս նաեւ լիբանահայ երգիչ-երգչուհիներու, երգչախումբերու փոքր եւ մեծ ձայնապնակներու ցուցահանդէսը՝ Հայկազեան Համասլարանի Մաթոսեան Արուեստից Ցուցասրահին մէջ:
Գիտաժողովին մասնակիցները լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն, մանաւանդ որ անոնք մօտէն շփում ունէին այդ նիւթերուն, կարծես մասնակիցն ու բաղադրամասը ըլլային անոնց:
Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն վերահաստատուեցաւ լիբանահայութեան տիպականութիւնը՝ Սփիւռքի իրականութեան մէջ:
Գիտաժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ այն որ լիբանահայութիւնը գիտական ուսումնասիրութեան բազում երեսակներ ունի տակաւին, որոնք կը սպասեն խորաթափանց պրպտողներու:
Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ’արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը, որ սկսած է գիտական հետաքրքրութեան վերածուիլ մանաւանդ երիտասարդ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու մօտ:
Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր երիտասարդ համալսարանաւարտներու մասնակցութիւնը: Արդարեւ, գիտաժողովի վերջին նիստը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր իրենց եւ անոնք փայլուն յաջողութեամբ ներկայացուցին իրենց այժմէական ու ցարդ չուսումնասիրուած նիւթերը: Այս առումով, անոնք նոր փորձառութիւն շահեցան: Անոնց շփումը փորձառու եւ երէց մասնագէտներու հետ հասումնացման կարեւոր գործօն կրնայ հանդիսանալ անոնց համար: Կը յուսանք որ անոնք առաւել ամուր քայլերով կը յառաջանան իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ, յառաջ բերելով համալսարանաւարտ, հայեցի մտաւորականներու նոր խաւ մը:
Կեդրոնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն՝ զեկուցողներուն, որոնք ուշագրաւ նորութիւններ, չարծարծուած նիւթեր մատուցեցին, ինչպէս նաեւ՝ ունկնդիր հասարակութեան, որ յատուկ մթնոլորտ յառաջացուց եւ աւելի ծաւալուն դարձուց գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:
Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի չորրորդ գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Սուրիոյ Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2015 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս առնչութեամբ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:
Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
Լիբանան