Վարձքի Նոր Օրէնքին Բացասական Երեսները Բացատրող Հանդիպում

23 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ լիբանանահայ գրական շրջանակին, «Արարատ» մարզական միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում զրոյց մը` նիւթ ունենալով «Վարձքերու տնազրկող օրէնքը»:
Զեկուցաբեր մեթր Գասպար Տէրտէրեան մաս առ մաս ներկայացուց օրէնքին վտանգաւոր եւ հակասահմանադրական բնոյթը: Ան անդրադարձաւ նաեւ աղքատ դասակարգին վրայ այս օրէնքին ունենալիք բացասական հետեւանքներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանահայ վարձուորներուն կրելիք վնասներուն: Մեթր Տէրտէրեան դրուատիքով անդրադարձաւ այն երեսփոխաններուն, որոնք այս օրէնքին դէմ բողոքարկումի դիմումը ստորագրեցին: