«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Արդիւնաւէտ Սովորութեան Վերածուած Բացօթեայ Դասընթացք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/1705toros1.jpg)
Շաբաթ, 17 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի «Լ. Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու աշակերտները իւրայատուկ փորձառութիւն մը ապրեցան` դպրոցի սովորական առօրեայէն դուրս գալով, բնութեան հետ կապի մէջ մտնելով եւ զայն իրենց վրձինի հարուածներուն ընդմէջէն մարմնաւորելով:
Արդարեւ, անոնք մեկնեցան Սիուֆիի հանրային պարտէզ, ուր ունեցան սովորութեան վերածուած եւ բոլորին վրայ դրական անդրադարձ ունեցած իրենց բացօթեայ դասընթացքը: Աշակերտներուն կ՛ընկերակցէին իրենց ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ բաժինի վարիչ պատասխանատու Ռազմիկ Պերթիզլեան:
Դասընթացքին մասնակից 6 – 17 տարեկան 95 աշակերտները բնութեան հետ հաղորդակցելով անցուցին գործնական եւ հաճելի պահեր` ըմբոշխնելով բնութեան գեղեցկութիւնը եւ զայն պատկերելով իրենց զգացումներուն ու ներաշխարհին հետ միախառնուած:
Կերպարուեստի ճամբուն վրայ իրենց առաջին քայլերը առնող աշակերտներուն համար նման փորձառութիւն մը բաւական արժէք եւ արդիւնք կրնայ տալ: