Երեւանի մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան տարբեր մարմիններու եւ ՌԱԿ Հայաստանի հանրապետական վարչութեան հետ համաժողովներ

Մայիս 9-12, 2014-ին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցան Թէքէեան մշակութային միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կեդրոնական վարչութեան, ԹՄՄ Լոնտոնի հիմնադրամի եւ ԹՄՄ Երեւան կեդրոնի գերադաս մարմիններու համաժողովները եւ ՌԱԿ Հայաստանի հանրապետական վարչութեան հետ խորհրդաժողովը։ Միութեան առջեւ ցցուող նոր մարտահրաւէրներուն ի դէմ, Թէքէեան մշակութային միութեան թէ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կառոյցներու պատասխանատուները առին գործնական որոշումներ։
ՄԱՅԻՍ 9, երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիպում մասնակցութեամբ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Հայաստանի Հանրապետական վարչութեան ներկայացուցիչներ Յակոբ Աւետիքեանի (ատենապետ), Կարէն Կակոյեանի (փոխ ատենապետ), Սուրէն Սարգսեանի (ատենադպիր) եւ Յակոբ Վարդիվառեանի ու Նար Խաչատուրեանի։ Ներկայացուցչական այս յանձնաժողովը քննեց կարելիութիւնները ՌԱԿ-ի ու «Ազգ» օրաթերթին համար գնելու հինգ յարկանի նորակառոյց կեդրոն մը Երեւանի կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն կից։ Անդամները նախապէս այցելեցին այս նոր կեդրոնը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ կալուածատէրը, եւ ստորագրուեցաւ նախնական համաձայնագիրը, որ մայիս 12-ին վերջնական իր ձեւով յանձնուեցաւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կեդրոնական վարչութեան եւ ՌԱԿ Հայաստանի Հանրապետական վարչութեան։ Հանդիպման աւարտին յանձնաժողովին անդամներուն միացան ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը (Փիւնիկ Հիմնադրամ) եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեանը։
ՄԱՅԻՍ 10, Շաբաթ օր առաւօտեան Երեւանի ԹՄՄ Լոնտոն հիմնադրամը կայացուց իր տարեկան համագումարը, ուր ներկայացուեցաւ Հիմնադրամին տարեկան նիւթական եւ գործունէութեան տեղեկագիրները, զորս ներկայացուց Հիմնադրամի նախագահ Վարդան Ուզունեան։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տնօրէն խորհուրդի անդամներ Յակոբ Վարդիվառեան՝ Նիւ Եորքէն, Նար Խաչատուրեան՝ Պէյրութէն, Գրիգոր Համբարձումեան՝ Կիպրոսէն, Սիլվա Ահարոնեան՝ Լոնտոնէն եւ Ալան Քիւչիւկեան՝ Երեւանէն։
ՄԱՅԻՍ 11, Կիրակի օր առաւօտեան Երեւանի ԹՄՄ Կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ԹՄՄ Կեդրոն Հիմնադրամին տնօրէն խորհուրդի նիստը։ Ժողովին մաս կազմեցին Երեւանէն Ռուբէն Միրզախանեան` Հայաստանի ԹՄՄ նախագահը, եւ Յակոբ Աւետիքեան` «Ազգ» թերթի խմբագիրը։ Գրասենեակի վարիչ Արմէն Ծուլիկեան ներկայացուց տարեկան տեղեկագիրը։ Որոշուեցաւ Կեդրոնը բարեկարգելու, գրասենեակները արդիականացնելու աշխատանքներ կատարել, զարկ տալ Կեդրոնի սրահին գործածութեան եւ բարեզարդել Կեդրոնի շրջակայքն ու պարտէզը, ինչպէս նաեւ կանգնել Վահան Թէքէեանի արձանը։ Ժողովը միաձայնութեամբ որոշում առաւ Կեդրոնին սեփականութիւնը անհրաժեշտ փոփոխութիւններու ենթարկել, նկատելով ԹՄՄ Ամերիկայի շրջանակին նիւթական մեծ ներդրումները Կեդրոնի կառուցման սկզբնական օրերուն։
ՄԱՅԻՍ 12, առաւօտեան տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում ՀՀ ՄԱԿ-ի նախկին դեսպան Կարէն Նազարեանի եւ Յակոբ Վարդիվառեանի միջեւ։ Վարդիվառեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պարոն Դեսպանին հինգ տարիներու Նիւ Եորք կեցութեան շրջանին ունեցած լայն մասնակցութեան ազգային ձեռնարկներուն` մասնաւորաբար ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ու Կարէն Նազարեանի թելադրութեամբն ու հովանաւորութեամբը Հայաստանի բանակի ստեղծման եւ ՀՀ ՄԱԿ-ի անդամակցութեան քսանամեակներուն նուիրուած, ինչպէս նաեւ` ՀՀ անկախութեան տարեդարձներուն առիթներով։ Նիւեորքահայութեան տարեգրութեան մէջ լաւագոյն յիշատակներ արձանագրուած պիտի մնան իր պաշտօնավարութեան շրջանին հետ կապուած։
ՄԱՅԻՍ 12, կէսօրէ ետք, Յակոբ Վարդիվառեան եւ Պայծիկ Գալայճեան՝ Պէյրութէն, տուին պաշտօնական այցելութիւն մը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ուր դիմաւորուեցան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։ Քննարկուեցաւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէի ստեղծման 50-ամեակը ըստ արժանւոյն կազմակերպելու եւ նշելու։ ՀՀ Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէն ձեւաւորման պահէն եղեր է Խորհրդային Հայաստանի այն միակ կառոյցը, որու շնորհիւ արտասահմանի հայութիւնը կապ հաստատած է Հայրենիքի հետ։ Կառոյցը երկար տարիներ յաջողութեամբ ղեկավարեր է պատմաբան Վարդգէս Համազասպեանը։ Նկատի ունենալով ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի կառոյցներու տասնամեակներու վրայ երկարող սիրալիր եւ գործնական յարաբերութիւնները Կոմիտէին հետ՝ Տիկին Յակոբեան կոչ ըրաւ առանձնացնել եւ Սփիւռքի նախարարութեան ուղարկել Կոմիտէի եւ Համազասպեանի մասին Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերու եւ մասնաւորապէս Ռամկավար Ազատական մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը` Կոմիտէի հիմնադրման նուիրուած միջոցառման ընթացքին զանոնք ներկայացնելու եւ վերահրատակելու նպատակով։
ՄԱՅԻՍ 12, երեկոյեան կայացաւ ՌԱԿ Հայաստանի Հանրապետական վարչութեան նիստ, որուն ներկայ գտնուեցան Յակոբ Վարդիվառեան եւ Պայծիկ Գալայճեան։ Աւետիքեան եւ Վարդիվառեան երկայացուցուցին ՌԱԿ-ի նոր կեդրոնին ամբողջացած ծրագիրը վարչական անդամներուն։ Այս նոր հաւաքավայրը լաւագոյնս պիտի ծառայէ Հայաստանէն ներս ՌԱԿ-ի գործունէութեան որպէս կեդրոնատեղի եւ «Ազգ» թերթի խմբագրատուն։
ՄԱՅԻՍ 12, երեկոյեան Յակոբ Վարդիվառեան եղաւ հիւրը Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ու Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դեմիրճեանի, զոր հիւրասիրեց իր տան մէջ։ Ան որդին է Ազգային Ժողովի նախագահ նահատակ Կարէն Դեմիրճեանի, որ եղած է սերտ բարեկամը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան դեռ Խորհրդային Հայաստանի օրերէն, երբ ան քաղաքական գլխաւոր դէմքն էր եղած հայրենիքի։ Յակոբ Վարդիվառեան վերահասու դարձաւ ՀՀ քաղաքական ու ընկերային ներքին կեանքին, արտաքին յարաբերութիւններու զարգացման, երկրի տնտեսական տագնապին ու արտագաղթի երեւոյթներուն մասին։
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պոսթոն