Միջեկեղեցական Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Քարիմի

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հիւրընկալութեամբ` Երեքշաբթի, Մայիս 13-ին միջեկեղեցական հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Ն. Ս. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Քարիմի:

 Հայ, Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Հռոմէական Կաթողիկէ եւ Եպիսկոպոսական  եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ մասնակցեցան աղօթքի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի, որ Հռոմէն դէպի Հայաստան ճամբու վրայ քանի մը օրով Նիւ Եորք կը գտնուէր:

Բոլոր հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները ներկայացուցին նորընտիր Պատրիարքին:

 Աղօթքի արարողութենէն ետք` բոլոր ներկաները առաջնորդուեցան առաջնորդարանի դահլիճը` ուր տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշի սպասարկութիւնը: Բացման աղօթքը արտասանեց Ամերիկայի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ Մեթրոպոլիտ Թիխոն: Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն ըսելով. «Մեծ հաճոյք է ձեզ բոլորդ ընդունիլ առաջնորդարանի այս համալիրին մէջ` այս շատ նշանակալից առիթով: Գեղիցիկ առիթ մըն է միասին ըլլալու հոգեւոր  այս ջերմ մթնոլորտին մէջ` որպէս արտայայտութիւն մեր բարեկամութեան եւ մեր առաքելութեան»:

 Ապա, խօսքը մասնաւորելով նորընտիր Պատրաիրքին մասին ըսաւ. «Տարիներու ընթացքին բախտը ունեցած եմ վկայելու անոր եռանդին, իմաստութեան եւ համեստութեան մասին: Արեւելքի քրիստոնէական ժառանգութեան լաւագոյն առաքինութիւններով օժտուած` օրինակելի գործունէութիւն մը ունեցած է Արեւմուտքի մէջ»: Արտայայտուելով Սուրիոյ կացութեան մասին` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  ըսաւ. «Աղօթքներու, օժանդակութեան եւ սիրոյ միջոցաւ` մենք ձեզի հետ ենք »:

 Բոլոր ներկաները իրենց ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեցին այս ընդունելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայութեան համար:

Նիւ Եորքի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս` Թիմըթի Տոլան Կարտինալը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանին` իր այս հիւրընկալութեան համար: «Այս հաւաքը շատ յարմար է որ կը զուգադիպի Ս. Զատկի շրջանին: Բոլորս կը զգանք Յարուցեալ Քրիստոսի ոգին այս սենեակին մէջ` մեր եղբայրակցութեան, ջերմութեան եւ սիրոյ ընդմէջէն»:

 Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Տէմէթրիոս արքեպիսկոպոս իր գնահատանքը յայտնեց Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի այս ջերմ ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորելով Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքը` անոր յուշանուէր մը յայնձնեց: «Մենք ձեզ պիտի կարօտնանք. դժուար առաքելութիւն մը վստահուած է ձեզի, սակայն կը վստահեցնենք որ ձեզի  կþընկերանան մեր աղօթքները, սէրը եւ զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

 Առաջնորդ Սրբազան հայրը ներկայացուց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ը, եւ խօսեցաւ Անոր կատարած մեծ աշխատանքին մասին, որ է վերակենդանացնել քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ` սովետական տիրապետութեան շրջանէն ետք: Ըսաւ,  որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ քրիստոնէական կրթութիւնը  եւ երիտասարդական յայտագիրները քաջալերելու եւ զօրացնելու համար:

 Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Իր խօսքը ուղղելով նորընտիր Պատրիարքին` ըսաւ.«Մենք ձեզ կը ճանչնանք որպէս բարի հովիւ, որ սիրուած  էք ձեր հօտէն: Հակառակ անոր որ Սուրիան կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, անվերապահօրէն ստանձնեցիք ձեր նոր պատասխանատուութիւնները: Այս կը նշանակէ ձեր անմնացորդ սէրը Քրիստոսի եկեղեցիին եւ Իր ժողովուրդին հանդէպ»: Ըսաւ նաեւ որ Հայ Եկեղեցին շատ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ պատերազմին, ուր կþապրին մեծ թիւով հայեր, եւ յիշեց վերջերս Մոսկուայի մէջ Իր ունեցած հանդիպումները Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Քիրիլի եւ Հռոմի մէջ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապին հետ: Այս հանդիպումներու ընթացքին եկեղեցւոյ պետերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութեան մասին  եւ խորհրդակցեցան այդ շրջաններուն մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու միջոցներու մասին: Խօսքի աւարտին` Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, «Ձեզի կը վստահեցնեմ որ դուք առանձինն չէք` ձեզի հետ են մեր ամբողջական օժանդակութիւնն ու աղօթքները»: Ապա` Պատրիարք Սրբազան Հօր յանձնեց, Հայաստանի մէջ պատրաստուած,  հայկական խաչերու եւ եկեղեցիներու գեղեցկօրէն փորագրուած յուշանուէր մը: Իսկ Իգնատիս Պատրիարքը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց վերջերս տպուած «Միքայէլ Ասորիի Ժամանակագրութիւնը» գիրքը:

Ն.Ս. Իգնատիոս Պատրիարք յուզուած շեշտով ըսաւ.  «Քաջալերուած եմ եւ ես զիս զօրացած կը զգամ ձեր աղօթքներով: Կը յուսամ եւ կþաղօթեմ որ իմ առաքելութիւնս ծառայութիւն մը պիտի ըլլայ բոլորին համար»: Ապա, արտայայտուեցաւ Ասորի եւ Հայ Եկեղեցիներու բարեկամական փոխ յարաբերութեանց մասին, յիշեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տուած այցելութիւնը Նիւ Ճըրզի Նահանգի Ս. Մարկոս Ասորի Ուղղափառ Մայր Տաճարին, եւ ըսաւ որ յաջորդ տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, պիտի այցելէ Սուրբ Էջմիածին: «Այս նահատակներու զօրաւոր կամքը միշտ պիտի ներշնչէ մեզ եւ մեզի պիտի տայ իմաստութիւն եւ ոյժ: Անոնց յանձն առած զոհողութիւնը մեզ պիտի քաջալերէ որպէս զի շարունակենք նահատակութեան նոյն ճամբան»:

 Ն. Ս. Իգնատիոս Պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 29-ին` Դամասկոսի մէջ:

Փակման աղօթքը արատասանեց Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատուակալ Արքեպիսկոպոս Թէոտոր ՄգԳարիք Կարտինալը, եւ արտայայտուեցաւ զանազան եկեղեցիներու միջեւ սիրոյ եւ հասկացողութեան կարեւորութեան մասին:

Այս ընդունելութեան ներկայ էին  Մալապար Արքեպիսկոպոսարանէն Մօր Սիլվանոս Այուպ Արքեպիսկոպոսը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Ֆրանսիս Չուլիքաթ Արքեպիսկոպոսը, Նիւ Եորքի Եպիսկոպոսական Եպիսկոպոս Էնտրու Տիդչէն,  Եթովպիական (Eritrean) Ոււղափառ Եկեղեցիէն Մակարիոս Եպիսկոպոսը, Լոնկ Այլընտի Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ուիլեըմ Մըրֆի Եպիսկոպոսը:

 Ներկայ էին նաեւ Սէյնթ Ճան Տը Տիվայն Մայր տաճարի լուսարարապետ Հայր Դոկտ. Ճէյմս Քովալսքին, Ճէնէրալ Թէոլիճիգըլ Սեմինըրիի տնօրէն  Հայր Գըրդ Տունքըլը, Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համագումարէն Հայր Ռանըլտ Ռապըրսընը, Ամերիկայի Ազգային Եկեղեցիներու Նախագահ Ճիմ Ուինքլըրը, Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Եկեղեցիներու վարիչ տնօրէն Ուորըն Գլարքը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընկերացող Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի  տնօրէն արժ. Տ. Վահրամ քհնյ. Մելիքեանը:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմը կը ներկայացնէին` Գերշ. Տ. Եղիշէ արք. Կիզիրեան, Թեմական Պատուիրակ եւ  միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ. Տ. Վիգէն արք. Այգազեան, առաջնորդի փոխանորդ Հոգշ. Տ. Սիմէոն աբղ. Օտապաշեան, Ս. Վարդան Մայր տաճարի լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Մամիկոն վրդ. Քիլէճեան,  առաջնորդարանի Գրիգոր եւ Գլարա Զոհրապ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն Հոգշ. Տ. Դանիէլ վրդ. Ֆընտըքեան, Հոգշ. Տ. Վազգէն Ծ. վրդ. Գարայեան, Հոգշ. Տ. Բաբգէն Ծ. վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան, Հոգշ. Տ. Առէն աբղ. Ճէպէճեան եւ Ս. Ներսէս ընծայարանի տնօրէն Արժշ. Տ. Մարտիրոս Ա. քհնյ. Չեւեան:

ԱՄՆ Արևելեան թեմ

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Photo1

Photo2

Scroll Up