Շուշիի Ազատագրութեան Տօնակատարութիւն՝ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ
Ուրբաթ, Մայիս 9ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 22ամեակին նուիրուած իւրայատուկ տօնակատարութիւն մը՝ մասնակցութեամբ մեծ թիւով պաշտօնատարներու, համայնքային ղեկավարներու եւ անկիւնադարձային այդ յաղթանակը տօնելու եկած հայորդիներու:
Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանին, Արցախի ներկայացուցչութեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, նաեւ տօնեց Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերու կազմութեան ու Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակին տարեդարձները, ինչպէս նաեւ՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Արցախի անկախութեան ճանաչումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ նշեալներուն միացեալ ջանքերով իրականացած այս ձեռնարկը շատ լաւ առիթ մըն էր լուսարձակի տակ առնելու անցեալի յաղթանակներն ու իրագործումները՝ անոնց հիման վրայ կառուցելու համար Արցախի ժողովրդավար անկախութիւնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարելով՝ Փօլ Գրիգորեան ողջունեց ներկաները եւ աւելցուց, թէ հպարտ է այն իրողութեամբ, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը արդէն իսկ ճանաչում շնորհած էր Արցախի անկախութեան եւ Շուշի քաղաքին հետ քոյր քաղաք դարձած էր 2012ին: «Ինծի համար մեծ պատիւ էր մասնակցիլ Շուշիի մէջ Լոս Անճելըսի Բարեկամութեան զբօսայգիի բացման արարողութեան, որ անցեալ տարի տեղի ունեցաւ: Շուշիի ժողովուրդը դէմ դրած է շարք մը դժուարութեանց եւ մենք պէտք է նեցուկ կանգնինք անոր, որ վերակառուցէ քաղաքը», աւելցուց ան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արփի Ճիւալակեան, որ նաեւ հանդիսավարն էր, ներկայ պաշտօնատարները հանրութեան ներկայացնելէ ետք յայտարարեց, թէ ինքնորոշման իրաւունքը յոյժ կարեւոր եղած է ամերիկացիներուն համար եւ շեշտեց, թէ նոյն այդ սկզբունքին համար է որ կը պայքարի Արցախի ժողովուրդը:
Ապա, Պաքուի ջարդերէն վերապրած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրլաք ականատեսի վկայութիւններ փոխանցեց իր ընտանիքին դիմագրաւած արհաւիրքէն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Ցվետանա Փասքալեվայի կողմէ Արցախի հերոսամարտին մասին պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմը:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի ելոյթներով, որոնց ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ համայնքին տարած կարեւոր աշխատանքին համար, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը իրականացնելու նպատակով: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Մայք Կաթոյին, Խաչօ Աշաճեանին, Ատրին Նազարեանին եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Ճան Փերեզին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: