Պալամանտ Համալսարանին Մէջ. Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Վոլքենիք Մեսըզ» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Երեքշաբթի, 13 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պալամանտ համալսարանի «Զախեմ» շէնքին մէջ կատարուեցաւ բացումը Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Վոլքենիք Մեսըզ» խորագիրով ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ համալսարանի ուսանողներու եւ արուեստասէր հասարակութեան:

Ինչպէս միշտ, Թոքաթլեանի գործերը իւրայատուկ էին. զօրաւոր երեւակայութեան եւ խորունկ փիլիսոփայութեան ծնունդ, ուր կը միանան ստեղծագործութիւնը, դիցաբանութիւնը,  ներկան եւ ապագայի յոյսերը:

Ցուցահանդէսին իր տիրական տեղը ունէր «Վոլքենիք Մեսըզ» գործը, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ ինսթըլէյշընը, ուր անորոշ ուղղութիւններով  նայող  խումբ մը փոքրիկ մարդիկ, իրենց շուքով  մեզի կը յուշէին լոյսի գոյութեան մասին, որուն փնտռտուքին պէտք է ձգտինք բոլորս:

Ցուցասրահի պատերուն վրայ ցուցադրուած էին նաեւ Թոքաթլեանի գեղանկարներէն:

Րաֆֆի Թոքաթլեանի ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 23  մայիս 2014:

aztagdaily.com

Scroll Up