Ֆրեզնոյի Վերահսկիչներու Մարմինը Ցեղասպանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/0000FresnoCounty-300x225.jpg)
Ֆրեզնոյի վերահսկիչներու մարմինը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Ապրիլ 24, 2014ը Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ ամեակի յիշատակումի օր հռչակող բանաձեւ մը, զոր ներկայացուած էր վերահսկիչներ Տեպի Փուչիկեանի ու Հենրի Փերէայի կողմէ:
Ժողովին ներկայ էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի դասախօս դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթան: