Հերրի Գունտաքճեանն Ալ Անդարձ Մեկնեցաւ

Ամէն անգամ հեռուէն ու մօտէն երբ Հայ մամուլը մեզի կը յայտնէ մեկնումի մը, անդարձ մեկնումի, երբ այդ մէկուն հետ մեր կապուածութիւնը կ’ընդգրկէ տասնամեակներու կեանք, առաջին զգացումը զոր կ’ունենանք տուեալ լուրին չհաւատալն է:

Բայց երբ գոյժը արդէն դարձած է իրականութիւն, զարմանալի ցաւի մը զգացումը կը պատէ մեր հոգին:

Կը նշանակէ, թէ այդ շնչող, աշխարհով մէկ շրջող, որ կեանքի հոսող շարժումները կը վերածէր լուսանկարներու եւ մերթ արուեստի գործերու, ա՛լ տեսնել կարելի պիտի չըլլայ:

Ահա այդ զգացումը ապրեցայ, երբ քաղաքիս «Զարթօնք»  օրաթերթին մէջ կարդացի մեկնումի գոյժը Հերրի Գունտաքճեանին:

Միջազգային կարգի մամուլի լուսանկարիչ Հերրի Գունտաքճեանի հետ մեր կապը կը սկսէր 1943-ին, երբ մենք դասընկերներ էինք Հալէպի Ամերիկեան գոլէճին մէջ:

Մեր բարեկամութիւնը ամրապնդուեցաւ Պէյրութի մէջ 1950 թուականին, երբ դարձանք գործակիցներ քաղաքիս ֆրանսական «Լօրիան» օրաթերթին համար` մամուլի լուսանկարիչներ:

Այդ մեծ լրագրող Ալֆրէտ Նագգաշի օրերուն էր:

Մէկը խեղդամա՞հ կ’ըլլար Միջերկրականի մէջ, պիտի փութայինք լուսանկարել այս թերթին համար:

Երկրաշարժ մը կը ցնցէ՞ր Պէյրութը, պէտք էր նկարէինք խուճապահար ժողովուրդը:

Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Քրիշնա Մենոնը Պէյրութի օդանաւակայան կը ժամանէր կէս գիշերին, վազք մը մեզ հոն կը հասցնէր, որպէսզի յարգելի հիւրին լուսանկարը առաջինը «Լօրիան»  թերթը ունենար…:

Նախագահական պալատին մէջ` Շամունի օրերուն, խրախճանք մը կար, հոն կ’ըլլայինք:

Նախարար Սէմի Սոլհին մէկ լուսանկարին պէտք ունէր թերթը, մենք ահա անոր տան մէջ կ’ըլլայինք երբ ենթական գիշերանոցով կ’ըլլար եւ այդ վիճակին մէջ երբ ջրխկար մեր ֆօթօ գործիքը, Սէմի Սոլհ կը խնդրէր որ չեղեալ նկատէինք այդ լուսանկարը` ի սէր Գրիգոր Զոհրապին, որուն դասընկերը եղած էր լիբանանցի նախարարը` Պոլսոյ իրաւագիտական համալսարանին մէջ: Կը վերանկարէինք զինք հագուստով:

Թաթուլ Ալթունեանի հայրենական երգի-պարի համոյթը կը թնդացնէ՞ր Պէյրութը, հոն կ’ըլլայինք:

Ֆրանսագիր հայ վիպասան` Վահէ Քաչա այցելութիւն մը կու տար «Լօրիան» օրաթերթին, իր լոյսին եկած առաջին վէպով` «Լէ Մէկօ Տիւ Տիմանշ»: Գիրքի կողքի նկարին  քովն ի վեր վիպագիրին լուսանկարը պէտք էր երեւնար այս շատ ընթերցուող օրաթերթին մէջ:

Պէյրութը եռուն կեանքով կ’ապրէր, ու այդ կեանքին ալիքները պէտք էր փոխանցուէր ժողովուրդին «Լօրիան» թերթին միջոցաւ:

Բայց Հայ Աւետարանական յայտնի ընտանիքի զաւակ Հերրի Գունտաքճեանին համար Լիբանանը փոքր էր:

Հերրին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ ու դարձաւ թղթակից լուսանկարիչը «էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատուական գործակալութեան, որպէսզի կարենար լուսանկարներ հասցնել Միջին Արեւելքի, հիւսիսային եւ արեւելեան Ափրիկէի եռեւեփող կեանքին շուրջ:

Անշուշտ Հերրին մարաթոնեան վազքին ընթացքին չէր մոռնար հայ մամուլը:

Այդ օրերուն մեր կապը սկիզբը նամակներով եւ ապա միայն հեռախօսով կ’ըլլար: Մենք հեռակայ կապի մէջ կ’ըլլայինք:

Կեանքով լեցուն այս տղան կրնա՞ր չմեկնիլ Հայաստան, երբ 1988-ին համայնակուլ երկրաշարժ մը ցնցեց մեր երկրին հիւսիսային ամբողջ շրջանը, սկսելով Կիւմրի քաղաքէն, գետնամոյն դարձնելով Սպիտակ քաղաքն ու բազում գիւղեր…:

Հոն էր Հերրին թաց աչքերով, բայց դժոխային տեսարաններուն համար ֆօթօ գործիքի բաց աչքերով:

Պէյրութի մէջ ցուցահանդէսներով եւս հանդէս եկաւ Հերրի Գունտաքճեանը, ամէնուր խանդավառութիւն տարածելով:

Նիւ Եորքի մէջ, 21 Ապրիլ 2014 թուականին կը դադրի բաբախելէ Հերրի Գունտաքճեանին սիրտը, երբ աշխարհով մէկ հայութիւնը կը պատրաստուէր նշելու հայոց վրայ գործուած Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը:

Մեր ետին մնացին կեանքով ու յուշերով լեցուն 70 տարիներ…:

Ցաւակցութիւններս իր ընտանիքին եւ զինք մօտէն ճանչցողներուն:

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Պէյրութ, Լիբանան

ՌԱԿ մամուլ

Scroll Up