50 Տարուան Ընդմիջումէ Ետք. Հին Նիկոսիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ 1963-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով` Հին Նիկոսիոյ հին հայկական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուած է պատարագ` ներկայութեամբ այլ համայնքներու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներու: Պատարագիչն էր Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան:
Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ հայկական եկեղեցւոյ յանձնախումբի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան այս առիթով խօսքեր արտասանեցին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1915-1923-ին Հայոց ցեղասպանութենէն փախուստ տուած հազարաւորներու համար իբրեւ ապաստանարան ծառայած էր:
Եկեղեցական համալիրը, որ շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր, 2008-2013-ին վերանորոգուեցաւ ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեան եւ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան գործակալութեան ֆինանսաւորումով` Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Քէօնիկի նախաձեռնութենէն ետք: