Երեւանի Պետական Համալսարան – Մեսրոպեան Վարժարան Համաձայնագիրի Փոխանակում

Երեքշաբթի, 6 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան համաձայնագիրի փոխանակման պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննէսեանի եւ կրթական պատասխանատուներու ու ուսուցիչներու:

Արարողութեան առաջին խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ օրը պատմական է, որովհետեւ պաշտօնապէս կը սկսի Երեւանի պետական համալսարան – Մեսրոպեան վարժարան գործակցութիւնը, որուն մեկնակէտն է փորձառութիւններու եւ տեղեկութիւններու փոխանակումը, հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու վերապատրաստումը, աշակերտներու յատուկ մրցումներու կազմակերպումն ու անոնց հայրենիքի մէջ ծրագիրներու իրականացումը, կրթադաստիարակչական ծրագիրներու բիւրեղացումը, Երեւանի պետական համալսարանի գործունէութեան ծանօթացումն եւ հայրենիքին մէջ ուսանելու կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ փրոֆ. Արամ Սիմոնեանին, դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին, դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ յայտնեց, թէ համաձայնագիրով Երեւանի պետական համալսարանը Մեսրոպեանին պէտք է ապահովէ համալսարանի հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ պէտք է ձգտինք, որ Մեսրոպեանը դառնայ այն դարբնոցներէն մէկը, որ համալսարանին հետ գործակցաբար մատակարարէ ապագայ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներ:

Զոյգ խօսքերէն ետք, երկու կողմերը կատարեցին համաձայնագիրի փոխանակումը, որմէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ 75-ամեակի յուշանուէրը յանձնեց Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչին` դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին:

Այս առիթով իր շնորհաւորական ուղերձը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, որ նշեց, թէ այս համաձայնագիրը ունի նաեւ խորհրդանշական բնոյթ, որովհետեւ Երեւանի պետական համալսարանը առաջին անգամ ըլլալով կը ստորագրէ համաձայնագիր սփիւռքի կրթօճախի հետ: Դեսպանը նշեց, որ համաձայնագիրը կարեւոր հիմք է հետագայ արգասաբեր փոխադարձ գործակցութեան, հեռանկարային ծրագիրներու իրականացման:

Իսկ Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը վերջին 20 տարիներուն արձանագրեց մեծ նուաճումներ կրթական եւ ազգային մակարդակներու վրայ, եւ այդ յաջողութիւններուն նորագոյնը այս համաձայնագիրն է:

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ եւ ստացաւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները:

www.aztagdaily.com

Scroll Up