Էրտողանի «Քաջ քայլ»-ը

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան ելոյթ ունեցած է իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ։ Անդրադառնալով Ապրիլ 23ին իր յայտարարութեան, ան յայտնած է. «Կը յուսամ, որ թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը, թէ՛ հայկական Սփիւռքը կը տեսնէ մեր այս քաջ քայլը։ Նոյն քաջ ու համարձակ վարմունքը յուսանք կը տեսնենք նաեւ իրենցմէ։ Մենք կ՚ուզենք ապագայ մը ստեղծել ոչ թէ անցեալի ցաւերուն, ցաւալի յիշատակներուն վրայ, այլ՝ յոյսի, խաղաղութեան, բարեկամութեան ու զօրակցութեան հիման վրայ։ (…) Առերեսեցանք եւ պիտի առերեսինք բոլոր դէպքերուն հետ։ Ահաւասիկ, առերեսեցանք Տէրսիմի դէպքին հետ» («Ժամանակ», 2014 Ապրիլ 30) :

Թրքական «դէպքերու հետ առերեսելու» «քաջ քայլ»ը, ինչպէս ընթերցողին յայտնի է, կը խտանայ Էրտողանի յայտարարութեան հետեւեալ պարբերութիւններուն մէջ.

«Ապրիլ 24ը, որ մեր հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր հայերուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի, արժէքաւոր կարելիութիւն մը կը ստեղծէ նաեւ պատմական խնդրին մասին ազատօրէն գաղափարներ կիսելու համար։

Չենք կրնար ժխտել, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները՝ անկախ մարդոց կրօնական եւ ազգային ծագումէն, Թուրքերու, Քիւրտերու, Արաբներու, Հայերու եւ Օսմանեան կայսրութեան միլիոնաւոր քաղաքացիներու համար ցաւերով լի, դժուար ժամանակահատուած մըն էին։

Արդար եւ մարդկային արժէքները կը ստիպեն հասկնալ այդ ժամանակահատուածին մէջ տեղի ունեցած բոլոր ցաւերը՝ անկախ մարդոց կրօնական եւ ազգային ծագումէն։

Հետեւաբար, ցաւ քաշողին համար ո՛չ ցաւերու նուիրապետութեան ստեղծումը, ո՛չ ալ ցաւերու համեմատումը նշանակութիւն ունի:

(…) Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերը մեր բոլորին ընդհանուր ցաւն են: Այս ցաւոտ պատմութեան արդար յիշողութեան տեսանկիւնէն մօտենալը մարդկային եւ գիտական պատասխանատւութիւն է։

(…) Այն յոյսով եւ հաւատքով, որ հին եւ աննման տարածաշրջանի մը նման աւանդոյթներու տէր ժողովուրդները կրնան անցեալի մասին խօսիլ հասուն կերպով, կորուստները յիշատակել իրենց վայել կերպով՝ հանգիստ քուն կը մաղթեմ 20րդ դարասկիզբի իրավիճակի պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցած Հայերուն եւ ցաւակցութիւն կը յղեմ անոնց թոռներուն։

Նոյն ժամանակահատուածին նման հանգամանքներու մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան բոլոր քաղաքացիները՝ անկախ կրօնական եւ ազգային պատկանե-լիութենէ, ողորմածութեամբ եւ յարգանքով կը յիշենք» :

Համեմատութեան համար, Բ. Աշխարհամարտին կ՚ըսուի, թէ 600.000 գերմանացի քաղաքացիներ սպաննուած եւ մինչեւ 2 միլիոն տեղահանուած են (4-5 միլիոն զինուորները չհաշուած) : Էրտողանի (ու այս յայտարարութեան բուն գաղափարախօս՝ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի) տրամաբանութեամբ, Բ. Աշխարհամարտի գերմանացի զոհերը արժանի են համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ եւ այլուր նացիական Գերմանիոյ ձեռամբ ոչնչացուած 6 միլիոն Հրեաներուն միեւնոյն ցաւակցութեան։ Չէ՞ որ Երրորդ Ռայխի «վերջին տարիները՝ անկախ մարդոց կրօնական եւ ազգային ծագումէն… ցաւերով լի, դժուար ժամանակահատուած էր» :

Նորագոյն պատմութեան գիրքերը ձեզի պիտի պատմեն, թէ ի՞նչ պատահեցաւ Ապրիլ-Մայիս 1985ին, երբ Ամերիկայի նախագահ Ռոնըլտ Ռեկըն որոշեց այցելել երբեմնի Դաշնակցային Գերմանիոյ Պիթպուրկի գերեզմանատունը եւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 40ամեակին պատուել հոն թաղուած զինուորները, որոնք, ինչպէս երեւան ելած էր, տխրահռչակ SS-Waffenի անդամներ էին, այն բացատրութեամբ, թէ «անոնք զոհեր էին, վստահաբար, ինչպէս համակեդրոնացման ճամբարներու զոհերը» : Երեւակայեցէ՛ք, թէ ի՞նչ համաշխարհային վլվլուկ պիտի բարձրանար, եթէ վաղը գերմանացի վարչապետը այս տրամաբանութեամբ յայտարարութիւն մը կատարէր ու ցաւակցութիւն յայտնէր Երրորդ Ռայխի տարածքին բոլոր զոհերուն անխտիր։

Մտաւոր այս մարզանքէն ետք, Էրտողանի բոլոր զոհերը միեւնոյն կշիռքին վրայ դնելու երեւակայական քաջութիւնը, իր ճիշդ արժեւորումը կը ստանայ։ Պետական ղեկավար մը, որ չի կրնար անուն մը տալ պատահածին եւ «1915ի դէպքեր» բացատրութեամբ կը գոհանայ… դէպքերու հետ առերեսումին ի՞նչ ըլլալէն բացարձակապէս լուր չունի։ Պետական ղեկավար մը, որ կը կարծէ, թէ խնդիրը մինչեւ հիմա «ցաւերու համեմատում» մը եղած է… ցաւին ի՞նչ ըլլալէն բացարձակապէս գաղափար չունի։ Պարզապէս կը կարծէ, որ «անցուկը՝ մոռցուկ» ըսել պետական քաղաքականութիւն կրնայ ըլլալ, ուր յոյսն ու խաղաղութիւնը որպէս աչքի փոշի կարելի է ցանել զոհերու շառաւիղներուն վրայ։

Սակայն, հոս տեղին է վերյիշել ամերիկացի հռչակաւոր վիպասան Ուիլիըմ Ֆոքնըրի առածի կարգին հասած խօսքը։

«Անցեալը բնաւ մեռած չէ։ Ոչ իսկ անցեալ է» :

Կը կարծենք, որ հայ ժողովուրդը մէկ-երկու բան աւելի գիտէ այդ մասին, քան աշխարհի բոլոր բանգէտները… :

Վարդան Մատթէոսեան

Նիւ Ճըրզի 

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up