Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինին` Կլոր Սեղան` «Երիտասարդութեան Մասնակցութիւնը Ազգային-Միութենական Կեանքին» Խորագրեալ Նիւթին Շուրջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին, երէկ` երկուշաբթի, 5 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան կլոր սեղան մը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, միութենական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու, երիտասարդ ուսանողներու եւ ազգայիններու:
Կազմակերպիչ մարմինին անունով Րաֆֆի Տեմիրճեան ողջունեց ներկաները եւ բացուած յայտարարելով ձեռնարկը` ներկայացուց կլոր սեղանի գլխաւոր խորագիրը` «Միասնաբար մտածենք լուծումներու մասին. Երիտասարդութեան մասնակցութիւնը ազգային-միութենական կեանքին»:
Րաֆֆի Տեմիրճեան
Ապա օրուան զրուցավար Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով ներկայացուց կլոր սեղանին արծարծուելիք հիմնական հարցերը եւ զանոնք ներկայացնող զեկուցաբերները` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
«Երիտասարդութեան կարեւոր տոկոսը հեռու է ազգային-միութենական կեանքէն եւ գործունէութենէն, եկած ենք հոս, միասնաբար խորհրդածելու` ի պահանջել հարկին ռազմավարական նոր ծրագիրներ մշակելու ընդգծեց Հաւաթեան եւ խօսքը փոխանցեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին:
Իր խօսքին մէջ երեսփոխան Բագրատունի նախ անդրադարձաւ «արդիականացում» եզրի ըմբռնումին, հայ եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ` հարց տալով, թէ ո՞վ է արդիականացման հետեւողը եւ թէ արդիականացումը անպայմանօրէն արեւմտականացում չէ, այլ` զարգացում եւ յառաջդիմութիւն է: Բագրատունի հարց տուաւ, թէ մեր երիտասարդութեան քանի՞ տոկոսը կը մասնակցի միութենական կեանքի գործունէութեան, հայախօս մարդը արդիակա՞ն է: Արդիականութիւնը, որուն ենթադրեալ բացակայութեան պատրուակով երիտասարդութիւնը կը խուսափի ազգային-միութենական գործունէութենէ, հինը վերանորոգելն է` պահելով հայկական աւանդութիւնները: «Հինը նորին, արդիականին պատշաճեցնելն է, առանց սակայն այդ հինը քանդելու», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի: «Հիմնական խնդիրը այն է, որ կա՛մ հայ կ՛ուզենք ըլլալ, կա՛մ` չենք ուզեր, մնացեալը շպար է», ընդգծեց Բագրատունի:
Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Հաւաթեան եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան
Ապա զրուցավար Յակոբ Հաւաթեան խօսքը փոխանցեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, որ ներկայացուց իր տեսակէտը` օրուան նիւթին շուրջ: Ան հետեւեալ եօթը կէտերուն մէջ թուեց երիտասարդութեան պէտքերը, թէ ինչի՞ կարիք ունին անոնք.
1) Երիտասարդութիւնը նախ կարիք ունի աճելու, զարգանալու առիթներուն:
2) Կարիք ունի ստեղծագործելու կամ աշխատելու եւ հետեւաբար` առիթներու:
3) Կարիք ունի ընկեր «շինելու» այսինքն` զիրար բարձրացնելու:
4) Կարիք ունի այս աշխարհի մէջ նպատակ եւ իմաստ գտնելու:
5) Կարիք ունի դրական օրինակներով քաջալերուելու:
6) Կարիք ունի պարծանքի եւ հպարտութեան պատճառներ գտնելու ոչ միայն անցեալէն, այլ նաեւ` ներկայէն: Այսօ՛ր ալ հպարտառիթ շատ բան ունինք:
7) Կարիք ունի կեանքի բոլոր ոլորտները միացնելու:
Շահէ եպս. Փանոսեան
Ապա Հաւաթեան նշեց, որ այս հարցը տագնապեցնող է եւ կը մտահոգէ բոլորս միաժամանակ: Առ այդ, ան խօսքը փոխանեց ներկայ երիտասարդ տարրերուն եւ հրաւիրեց զանոնք, որ արտայայտուին այս մասին: Այս ծիրին մէջ իրենց փորձառութենէն մեկնելով խօսք առին Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Սեւակ Թասլաքեան, Ռուպինա Խայաթ, ԶՈՄ-ի ատենապետ Խաժակ Գրաճեան, ԼԵՄ-ի ատենապետ Արամ Սոմունճեան, ՌԱԿ-ի «Մկրտիչ Փորթուգալեան» ակումբի ներկայացուցիչ Սեւակ Յակոբեան, Սօսէ Ճինպաշեան, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Արմէն Յարութիւնեան եւ ուրիշներ:
Ապա, զեկուցաբերներու եզրափակիչ խօսքերէն ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` գոհունակութիւն յայտնելով նման հարցերու արծարծումին համար: «Բոլորս ալ համախոհ ենք, որ առաւել եւս պէտք ունինք մեր երիտասարդութեան, ժամանակն է թերեւս ըսելու երիտասարդութեան` եկէ՛ք, մեզի հետ եղէք», ընդգծեց սրբազան հայրը` մէջբերելով ամերիկաբնակ հայերու օրինակը, որոնք հակառակ նախորդ դարու վերջաւորութեան հայկական կեանքէն որոշ չափով հեռու ըլլալնուն, Հայաստանի երկրաշարժի աղէտին սիրայօժար եւ ինքնաբուխ փութացին օգնելու աղէտահարներուն:
Իր կարգին, Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն, երիտասարդներէն խօսք առնողներուն, առաջնորդ սրբազանին եւ ներկաներուն: