Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

Երէկ` կիրակի, 4 մայիս 2014-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եկեղեցւոյ տուաւ իր անդրանիկ այցելութիւնը: Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ժունիէի ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն` մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խումբ մը աշակերտներու, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ բազմութեան: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում:
Եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ. «Հարկ է ըլլանք յարատեւող, տոկանք մեր կեցուածքին եւ ըմբռնումներուն մէջ, մեր հաւատքը պէտք է վերարծարծենք` նոր կեանք տալով անոր: Մեր անձերուն նկատմամբ, նաեւ հաւաքական պարտականութիւններու նկատմամբ կրաւորական ընթացք չենք կրնար որդեգրել, որովհետեւ այդպիսով մենք կրնանք անհատապէս քայքայուիլ, նաեւ մեր հաւաքական պարտականութիւններուն մէջ տկարանալ եւ քայքայել այն, ինչ որ մեր գոյութեան համար պատուանդան հանդիսացած է անցնող բոլոր դարերուն»:
Իր քարոզի աւարտին առաջնորդ սրբազանը Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին յանձնեց ծաղկեայ փիլոն, իսկ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանին` լանջախաչ: Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան կարդաց այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կոնդակները:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ «Ֆինիք» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը իր հանգիստ կամ նեղ օրերուն իր հոգւոյն ու մտքին մէջ ամրօրէն պահած է իր մեծ հաւատքը եւ այդ ձեւով հիմնած է իր հաւատքի տունը` եկեղեցին եւ փորձած է սերունդէ սերունդ զայն հաստատելով փոխանցել իր յաջորդներուն: «Ս. Յարութիւն եկեղեցին փոքր է կառոյցով, սակայն մեծ է առաքելութեամբ, ան աշխարհագրականօրէն հեռու է, սակայն իր հոգեւոր հովիւներն ու թաղականութիւնը միասնաբար կը ծրագրեն, կ՛աշխատին եւ կը հասնին ամբողջ շրջանի ժողովուրդին», շեշտեց Ս. Սիմոնեան:
Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ այս իւրայատուկ առիթով իբրեւ ուխտաւորներ եկած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքը ամրապնդելու Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տօնին ընդմէջէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած առիթին` ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունքին համար:
Այնուհետեւ Սեմ Սիմոնեան հրաւիրեց թաղականութեան նախկին ատենապետ Սարգիս Բարմաքսզեանը, եւ անոր ունեցած 12 տարիներու վաստակին համար սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց իրեն: Իր կարգին, Սարգիս Բարմաքսզեան ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքով:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ եկեղեցին կը պատկանի ազգին եւ եկեղեցին մեզի համար ծառայութեան նուիրական այն դաշտն է, որուն մէջ ամէն մարդ անկասկած մասնակցութեան բաժին մը ունի:
Այնուհետեւ յայտագիրը ճոխացուց երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան: