«Էրտողան Հալէպի Եւ Քեսապի Ճակատամարտերը Կը Ղեկավարէ» Կը Գրէ «Ուաթան»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/ErDO-WAR.jpg)
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը գրէ, որ այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ցնորքներուն իրականացման համար գրաւը չեչեններու, տաղստանցիներու եւ մաղրեպցիներուն վրայ դնելով` Հալէպի եւ Քեսապի ճակատամարտերը կը ղեկավարէ, Սուրիոյ բանակը իր գործողութեան շղթայազերծումէն քանի մը ժամ ետք ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ Ռանքուսին վերահսկող Մահմիաթ ալ- Թույուր բլուրը:
Վերջերս Հալէպի մէջ բանակին դիրքերուն եւ զօրանոցներուն դէմ յարձակում գործող «Ահլ ալ-Շամ» խմբաւորման «Ռազմական ծրագրաւորման կեդրոն»-ին հետ սերտ կապեր ունեցող աղբիւրներ «Ուաթան»-ի յայտնեցին, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն աջակցութեամբ ստեղծուած է այդ կեդրոնը, որ իրենց ղեկավարութեամբ կը գործէ եւ իրենք իրենց գրաւը անոր վրայ դրած են ուժերու հաւասարակշռութիւնը նախագահական ընտրութեան ժամկէտէն առաջ ի նպաստ զինեալ ընդդիմութեան շրջելու համար:
Աղբիւրները նշած են, որ Թուրքիա Հալէպի կայունութիւնը քայքայելու եւ գետնի վրայ նոր կացութիւն ստեղծելու համար Հալէպ բերած է շուրջ 2000 զինեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը չեչեններ եւ տաղստանցիներ են, ինչպէս նաեւ` արաբներ: Անոնք կ՛օգտագործեն ծանր եւ արդիական զէնքեր եւ սէուտական ու քաթարական ֆինանսաւորում կը ստանան:
Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Էրտողանի կառավարութիւնը «Ռազմական ծրագրաւորման կեդրոն»-ին կը տրամադրէ գաղտնի տեղեկութիւններ, որոնց աղբիւրը արեւմտեան արբանեակներն են, որոնք կը հետեւին բանակին շարժումներուն, սակայն վերջինիս կիրարկած մարտավարութիւնը ապակողմնորոշած է զանոնք եւ ետ մղած` աննախադէպ յարձակումները, այդպիսով արգելք հանդիսանալով, որ ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ փոփոխութիւն տեղի ունենայ: