«Իմ Հայկական Սիրտս»

«Ես չեմ կրնար մեր ազգային աղէտը իբրեւ շահարկումի միջոց գործածել»   

Արտեմ Դաւիթեանցը ծնած է Պաքու։ 1968-ին անցած է Երեւան՝ ուսանելու, եւ մասնագիտացած ռուսերէնի եւ ռուս գրականութեան մէջ։ 1975-ին հաստատուած է Թալլին՝ Էսթոնիոյ մայրաքաղաքը, եւ մինչեւ այսօր կապրի հոն։ Ան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ու տակաւին կունենայ Էսթոնիոյ հայ համայնքի կազմաւորման եւ աշխուժացման աշխատանքներուն մէջ։

Արտեմի սրտին մէջ կայ անկատար մնացած մեծ աշխատանք-ծրագիր մը։

«Եօթը տարի առաջ այցելեցի Սուրիա։ Անցայ Հալէպ, Հոմս եւ Տէր Զօր։ Հանդիպում ունեցայ գաղութին առաջնորդներուն հետ եւ փորձեցի տեղեկութիւններ եւ արխիւ հաւաքել Աննա Հետուիկ Պիւլի մասին։ Արդէն իսկ հաւաքած եմ աւելի քան երեք ժամուան նիւթ՝ վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստելու համար, նուիրուած՝ այս մեծ հայասէր եւ մարդասէր անձին… Պէտք ունիմ տնտեսական օժանդակութեան, որպէսզի աշխատանքը ամբողջանայ»:

Իսկ Աննա Հետուիկ Պի՞ւլը։

Հայկական իրականութեան համար ընդհանրապէս եւ հալէպահայ պատմութեան մէջ մասնաւորապէս իր մեծ ու նուիրական գործունէութիւնը ունեցած է ան՝ Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ ատկէ ետք…: Ան ամբողջ քառասուն տարի իր կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդին՝ ցեղասպանութեան արհաւիրքին ժամանակ, բայց նաեւ անկէ ետք՝ վերապրումի աշխատանքներուն մէջ։

Ժողովրդային ասացուածքը կըսէ, թէ ընդհանրապէս փոքր քաղաքներէն կը սկսի մեծ պատմութիւն մը։ Եւ Աննա Հետուիկ Պիւլը ծնած է Էսթոնիոյ Հաապսալու ծովեզերեայ

քաղաքը՝ 1887-ին։ 1903 թուականին ան որոշեց իր կեանքը նուիրել աւետարանչական գործին՝ ազդուելով եւ ներշնչըւելով այդ օրերուն ծանօթ գերմանացի մեծ աւետարանիչէ մը, որ Հաապսալու եկած էր հոգեւոր առաքելութեամբ։

Գերմանական Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ ուսանած ժամանակ ան կը լսէ հայերուն եւ անոնց կոտորածներուն մասին։ 1909 թուականին Կիլիկիոյ եւ ի մասնաւորի Ատանայի ու Մարաշի աղէտներուն տագնապալի լուրերը սկսան հասնիլ Եւրոպա։ Պիւլ որոշեց իր կեանքը նուիրել հայ ժողովուրդի կարիքներուն, սակայն պէտք էր սպասէր մինչեւ 1911 թուական, որպէսզի հասնէր Մարաշ եւ սկսէր իր հոգեւոր ու մարդասիրական գործունէութեան՝ հայկական որբանոցին մէջ։ Եւ «չուշացաւ» 1915 թուականի Եղեռնը, որ Աննա Հետւիկ Պիւլի կեանքին համար դարձաւ անկիւնադարձային, եւ ինչպէս ինք կը գրէ իր յուշերուն մէջ՝ «… Երբ 1915 թուականին՝ Զատկուան օրը հայերուն բաժին ինկաւ այդ սարսափելի աղէտը, իմ ականջիս մէջ անդադար կը հնչէին հետեւեալ բառերը. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ՝ Աբէլը. անոր արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ»:  Պիւլ կը շարունակէ. «Այո՛, անոնք բոլորը իմ քոյրերս եւ եղբայրներս էին, որոնք հաւաքուած էին մեր Տիրոջ տունը, երբ նախապատրաստուած կոտորածը հասաւ Մարաշ քաղաքը։ Կիներ, տղամարդիկ, ծերեր՝ հաշմանդամ, կոյր, հիւանդ, օրեր շարունակ կը քալէին քարքարոտ արահետներէն՝ այրող արեւուն տակ։ Կը քալէին լուռ, առանց արցունքի»:  Եթէ դէպի մահ գացող այդ բոլոր հայորդիները կը քալէին լուռ եւ առանց լացի, սակայն Պիւլ չէր կրնար լուռ մնալ եւ չարտասուել։ Եւ ան դարձեալ կը բացագանչէ եւ յուշերուն ընդմէջէն. «Ո՞վ է հաշուողը մեռնողներու դիակներուն, որոնք ինկած են այդ մահուան ճամբուն ամբողջ երկայնքին։ Ու տակաւին կորսուած այն բոլոր երեխաներուն, որոնք լացով կը փնտռէին իրենց մայրերը»։

Բայց Աննա Պիւլ պիտի տեսնէր աւելին։ «Կանուխ առաւօտեան զէնքի կրակոցներու ձայները զիս արթնցուցին։ Հայ գերիները շղթաներով կապուած, մէկը միւսին ետեւէն կը գնդակահարուէին մեր տան ներքեւ։ Արդեօք այս դիակներու կոյտերը՝ արիւններու մէջ շաղախուած, իմ եղբայրներս չե՞ն»:

Եւ այս եղբայրներուն «դիակներ»-ն ու անոնցմէ «ողջ» մնացած որբերը Աննա Պիւլը մղեցին ալ աւելի իր կեանքը մխրճելու հայ ժողովուրդի վերապրիլը երաշխաւորելու հրամայականին մէջ։

Եթէ Աննա Պիւլ մեծ թիւով հայ երեխաներ կրցաւ փրկել թրքական եաթաղանէն եւ պատսպարել զիրենք որբանոցներու մէջ, բայց նաեւ ան դաստիարակեց զանոնք եւ կազմակերպեց Մարաշի հայկական որբանոցը։ Եթէ հայ որբերուն սորվեցուց գրել եւ կարդալ, բայց նաեւ՝ Աստուածաշունչ, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնէր «ընկճուածութիւն, բայց նաեւ՝ վախ ու բարդոյթ»:

Աննա Պիւլ հայերէն սորվեցաւ։ Ան կրցաւ տեսնել, թէ այս որբացած հայ երեխաներուն վերապրելու հրամայականը իրենց մայրերնի լեզուին պահպանման մէջ էր։ Ան կրցաւ տեսնել մշակոյթին արժէքը եւ անոր կարեւոր դերը հայ ազգին ինքնապահպանման հոլովոյթին մէջ։ Ան որբանոցին մէջ արգիլեց թրքերէն խօսիլ, բայց նաեւ աւելին։ Ան «ստիպեց» թրքախօս աշխատողներուն, որպէսզի հայերէն սորվին։

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին հետ եւ Գերմանիոյ ու իր դաշնակիցներուն պատմութեամբ, գերմանացի ուսուցիչներուն արտօնուած չէր այլեւս մնալ շրջանին մէջ։

Պիւլ կրցաւ մնալ մինչեւ 1919 թուական՝ իբրեւ էսթոնացի… Սակայն ինքն ալ ստիպւած եղաւ հեռանալ երկրէն՝ նկատի ունենալով իր պալթեան-գերմանական արմատները եւ իր ետին ձգելով իր բոլոր «զաւակները»: Պիւլի համար ասիկա «աքսոր»-ի համազօր էր։

Բայց Աննա Պիւլի միտքը, հոգին եւ մանաւանդ սիրտը չդադրեցաւ փափախելէ հայուն կարօտով։ Ան կը հետեւէր իւրաքանչիւր իրադարձութեան։ Յստակ էր Աննայի համար, թէ  ան «հայերէն հեռու չէր կրնար մնալ»: 1922 թուականին ֆրանսական նոր կազմակերպուած «Արեւելեան քրիստոնէական առաքելութիւն» հոգեւոր եւ մարդասիրական կազմակերպութեան հետ հասաւ Հալէպ։ Հալէպ, ուր Ցեղասպանութենէն ետք ապաստան գտած էին հազարաւոր հայեր։ Եւ Հալէպի մէջ ան ապրեցաւ իր կեանքին ամէնէն «դժուար» տարիները։

«Արդէն քանի մը օր է ձմեռ է։ Ցուրտ եւ անձրեւոտ։ Գաղթականներու ճամբարներուն մէջ ամէն տեղ աղքատութիւն է։ Կաւէ պատերը կը քանդուին եւ տնակներ ջուրով կը հեղեղուին։

Ամէն տեղ կան հիւանդներ, որոնք պառկած են ցուրտի եւ խոնաւութեան մէջ»:

Բայց Աննա Պիւլ հաւատացած էր վերապրելու հրամայականին։

Ան շուտով կազմակերպեց հիւղաւաններու եւ ճամբարներու կից հիւանդանոցային սարքաւորումներ։ Այս ծրագիրին զուգահեռ գործարան մը ստեղծելու գաղափարը յղացաւ։

Շուտով կարելի եղաւ ստեղծել գորգեր, ժանեակներ եւ այլ կենցաղային իրերու գործարան մը, ուր աւելի քան հինգ հարիւր հայուհիներ աշխատանք գտան։ Գործարանին արտադրանքները կը ղրկուէին Եւրոպա։

Աննա Պիւլ չմոռցաւ երեխաները եւ անոնց կրթութիւնը։ Կրցաւ ապահովել կրթաթոշակներ, որոնց շնորհիւ աւելի քան 250 հայ երեխաներ Հալէպի դպրոցներուն մէջ ուսում ստացան։

Պետական մակարդակի վրայ կապեր հաստատեց, որպէսզի կարելի ըլլայ հին հիւղաւանները նորոգել եւ նոր տնակներ կառուցել։ Ու տակաւին՝ ան աշխատանք տարաւ, որպէսզի Հալէպի հայկական թաղամասին համար նաեւ ապահովուի ջուրի մատակարարում։

Աննա Պիւլ ապրեցաւ հայուն վիշտը։ «Այս հայերուն իւրաքանչիւրը ունի իր վիշտը, որ իրենց հետ բերած են իրենց կորսուած հայրենիքէն։ Այդ վիշտին հետքերը տակաւին չեն ջնջուած եւ հին ցաւերուն վրայ նորերը աւելցած են»։ Եւ հարց կու տայ Պիւլ. «Ինչպէ՞ս կարելի է դիմակալել այս բոլորը»:

Աննա Պիւլ հաւատաց, թէ հայը պէտք է յաղթահարէ իր ցաւը, հաւաքականութեան մէջ պէտք է վերագտնէ իր արժէքը։ Բայց մանաւանդ ան հաւատաց, թէ հայը պէտք է գտնէ կեանքին նկատմամբ «սէրը» ու «յաղթահարէ իր կեանքը խորտակած ատելութիւնը»:

Աննա Պիւլ Հալէպի մէջ շարունակեց իր նուիրական աշխատանքը մինչեւ 1940-ական թուականները, երբ սկսաւ ներգաղթը դէպի Խորհրդային Հայաստան։ Շատեր մեկնեցան եւ սկսան պատրաստուիլ մեկնելու։ Աննա Պիւլ ուզեց միանալ իրենց։ Կþուզէր երթալ իր «զաւակներուն» հետ՝ դէպի հայրենիք։ Վերջապէս եւ ինչպէս ինք ալ կը վկայէ՝ «Իմ հայկական սիրտը» չէր կրնար հեռու մնալ իրենցմէ։ Բայց խորհրդային համակարգը չէր կրնար արտօնել Աննա Հետուիկ Պիւլի նման «գործիչ»-ներ ընդունիլ։ Հալէպ մնաց մինչեւ 1951 թուական։ Եւ երբ Հալէպն ու հայկական գաղութը դարձան «ինքնաբաւ» եւ «բարւօք», Աննա Պիւլ որոշեց վերադառնալ տուն։ Չէր կրնար վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Էսթոնիա, քանի որ անիկա ալ միացած էր համայնավար համակարգին։ Անցաւ Գերմանիա եւ մնաց յատուկ պատսպարանի մը մէջ՝ մինչեւ իր մահը՝ 1981-ին։

Եւ դարձեալ Արտեմն է խօսողը։ «Այսպիսի նուիրական կեանք մը՝ մեր Մեծ եղեռնին համար նուիրուած, կարելի չէ շահարկել։ Կուզեմ մեր այս ցաւը Արեւմուտքին ցոյց տալ՝ իրենց տեսադաշտէն մեկնելով։ Թէ ինչպէ՛ս եւրոպացի Աննա Պիւլ որոշեց իր կեանքը նուիրել հայ ժողովուրդին եւ իր տառապանքներուն»:

Ռազմիկ Իվանեան ատենապետն է Հայկական ազգային միութեան։ «Որոշած ենք յուշակոթող մը զետեղել Հաապսալու քաղաքին կեդրոնական մէկ տեղը։ Տեղը եւ կոթողը պատրաստ են։ Կը սպասենք հայկական-էսթոնական միջպետական կարգաւորումներուն։

Բայց կայ տակաւին աւելին։ Էսթոնիոյ հայ գաղութը, առ ի երախտագիտութիւն հայ ժողովուրդին համար Աննա Պիւլի երկար տարիներու նուիրական կեանքին, տասնհինգ հիւանդ երեխայ կը  պատսպարէ Հաապսալուի կազդուրման մէկ կեդրոնին մէջ՝ իր յիշատակին։

Աննա Պիւլ Գերմանիոյ պատսպարանի իր սենեակին մէջ կþապրէր իր անցեալի յուշերով, բայց նաեւ նամակագրութեամբ։ Իր «երեխաներէն» շատեր հասած էին լաւ ասպարէզներու եւ մասնագիտութեան։ Կը նամակակցէր անոնց հետ, եւ իր «զաւակներ»-ը չէին կրնար մոռնալ «Պիւլ մայրիկը», որ իրենց վերապրիլ սորվեցուցած էր։

Աննա Պիւլ չապրեցաւ, որպէսզի տեսներ 1988-ի Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի աղէտը։

Սակայն այն գերմանական պատըսպարանը, որուն մէջ ապրեցաւ իր կեանքին մնացեալ տարիները եւ ուր նաեւ մահացաւ, փութաց օգնութեան հասնելու հայ աղէտեալներուն եւ տուժած ընտանիքներուն։ Այդ օգնութեան մէջ էր նաեւ Աննա Հետուիկ Պիւլի վերարկուն, որպէսզի անտէր մնացած «հայ սրտեր»-ը տաքնան նոյնինքն Պիւլի «հայկական սրտով»:

Աննա Պիւլի սկսած առաքելութիւնը այսօր տակաւին կը շարունակուի Հալէպ քաղաքին մէջ՝ Հայ աւետարանական Քրիստոսի եկեղեցիին առաքելութեամբ եւ տարբեր մարզերու մէջ։

Իսկ Աննայի ծննդավայրին մէջ Արտեմը եւ Ռազմիկը կը շարունակեն երախտապարտ մնալ անոր նուիրական կեանքին ու յիշատակին։

Աննա Պիւլ գերմանական պատսպարանի իր սենեակին մէջ միշտ պահեց Ս. Գրային համարը հայերէնով եւ պատին վրայ կախւած. «Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղիր»։

Աննա Պիւլ հաւատարիմ մնաց «իր հայկական սիրտին»։ Որովհետեւ կրցաւ տեսնել նոյնինքն այդ սրտին վերապրումը՝ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք։

Եւ հայուն վերապրումի գրաւականը հաւատալն է այս «հայկական սրտին»: Բայց անպայմանօրէն՝ անոր հայատրոփ շարունակականութեան։

Հրայր Ճէպէճեան

Նիկոսիա, Կիպրոս

 Hedwig bull hrayr in estonia 025

Scroll Up