Արիւն Ու Խելք…

Ապրիլ 24-ի Եղեռնը բախեցաւ մեր ազգային հոգեկան արժէքներու հզօր դիմադրականութեան: Ընդհանրական ոճիրներու եւ կոտորածի մոլութիւն ունեցող մեր թշնամին հալածեց մեզ, եւ սուրիական անապատներու սգապատ տարածքներուն վրայ անոր բովանդակ քսութիւնը դպաւ հայկական կամքի հազարամեայ պրոնզին:

Գեղանկարը՝ Յարութիւն Թորոսեանի

Ընկրկեցաւ:

Նահանջեց:

Պարտուեցաւ:

Ապրեցանք մենք… նաեւ ապրիլ 24-էն ետք:

Եւ այս էր ահա, որ շշմեցուցիչ եղաւ թշնամիին համար:

Տէր Զօրի մեր մռայլ պատմութիւնը իր թանձրագոյն իրականութեամբը կը մնայ անհաւատալի հեքիաթ մը միայն` սա ապաբարոյ ու վատ դարաշրջանի մարդկութեան համար:

Որովհետեւ որեւէ իրականութիւն պիտի չկրնար այս աստիճան անբնական կերպարանքներու ներքեւ յանձնուիլ պատմական երեւոյթներու հոսանքին:

Թող հրէշային ախորժակներով ժամանակակից մարդկութիւնը ապրիլ 24-ը նկատէ հայկական սարսափներու անհաւատալի հեքիաթ մը:

Հոգ չէ:

Այդ արտասուալի ու մութ հեքիաթը մենք վերածած ենք ասկէ ետք համազգային զայրոյթի անծայրածիր զինարանի մը, ուրկէ Անկախութեան արեգակներ պիտի պոռթկան` ծածկելու համար լոյսով ու ջերմութեամբ, արիւնաթաթաւ ու ցուրտ ճանապարհները մեր պատմութեան, ինչպէս բերկրանքի անուշ առաւօտ մը պատահեցաւ ատիկա:

Կա՛նք:

Պիտի մնա՛նք:

Վճռած ենք ատիկա:

Մեր վերջին խօսքն է, որ ահա առաջ կ՛ըսենք:

Ապրելու մեր հաւատամքին իբրեւ խարիսխ` ունինք մեր պատմութիւնը, սկիզբէն մինչեւ այսօր:

Սեւ փոթորիկը չկրցաւ բնաջինջ ընել մեզ:

Քանի մը տարի ետք, հեղեղային շքեղութեամբ Մայիսին, աշխարհ տեսաւ, թէ կորսուած հայը ստեղծած է իր Անկախութիւնը: Կը քալէ բարձրագլուխ ու պայծառ դրօշով, յաղթական Եռագոյնով:

Արդ`

Եղերական միլիոնի մը սեւ թուականը` անդրադարձած հայութեան վրայ նախ որպէս յաւիտենական սուգ եւ բարկութիւն, եղած է տարիներու ընթացքին ու կը շարունակէ ըլլալ որպէս ազատ ազգ ապրելու կատաղի կամք մը, մեր ամէնէն յստակ գիտակցութիւններէն մէկը:

Անվիճելի իրողութիւն է այսօր, թէ ոճիրի եւ քսութեան անմոռանալի թուականէն ետք, ազգային ազատ կեանքի գիտակցութիւնը մեծապէս ընդհանրացած, արմատացած է հայուն հաւաքական էութեան մէջ:

Ապրիլ 24-ը հայութեան ամէնէն տխուր թուականը եղաւ:

Քառասուն տարի ըսինք ասիկա իրարու, ըսինք աշխարհին:

Քանի մը տասնամեակ լացինք միայն, քանի մը տասնամեակ զայրացանք միայն:

Բայց քիչ մտածեցինք` առողջ դասեր առնելու համար անկէ:

Եթէ նախ քան այդ թուականը մենք աւելի լաւ ճանչնայինք մեր թշնամին, եթէ գիտնայինք, որ իր շահուն համար ան ընդունակ է լաւագոյն ճամբայ նկատելու հայուն ամբողջական բնաջնջումը, հաւանաբար խնայուէր մեզի ապրիլեան այսքան զարհուրանք, այսքան անբաղդատելի կորուստ:

Եթէ կրցանք վերապրիլ, բազմանալ ու զօրանալ նորէն, ատիկա կը պարտինք ոչ այնքան մեր քաղաքական հասունութեան, քան` հայու այն մաքուր արիւնին դիմադրական ուժին, եւ առաքինութիններուն:

Բայց եթէ կ՛ուզենք իսկապէս անպարտելի դառնալ, իսկապէս օգտակար դաս մը հանել ապրիլ 24-էն, հարկ է հայուն մաքուր արիւնին վրայ գումարել քաղաքական շատ աւելի բարձր հասունութիւն մը, քան ունինք այսօր:

Լալը սորվեցանք ու կիրարկեցինք մեր փրկութեան համար:

Տեսանք, որ օգուտ չ՛ըներ:

Վրէժ բառին իմաստն ալ լաւապէս ուսումնասիրեցինք:

Ան ալ ամէն բան չէ:

Պէտք է համոզուինք այլեւս, որ հայուն հին ու մաքրամաքուր արիւնը ամէն բանէ աւելի պէտք ունիխելքի:

Վասնզի կեանքին բոլոր զէնքերը մաքուր արիւնի մը հետ գործող զօրաւոր խելքի մը մէջ են ի վերջոյ :

Եթէ կ՛ուզենք հասնիլ մեր ազգային իտէալներուն, պէտք է տեւաբար գործակից ըլլան իրարու երկու բան.- Արիւն ու Խելք...

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

www.aztagdaily.com

Scroll Up