Հայ Երիտասարդներ Ձերբակալուած Են Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած Բողոքի Ցոյցին Ընթացքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/1904paris.jpg)
Սերունդ երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էր Փարիզի կեդրոնական` Շանզելիզէ փողոցին վրայ, Թուրքիոյ դեսպանատան կից մշակութային ծառայութեան գրասենեակին դիմաց:
Ֆրանսահայ երիտասարդները այսպիսով դատապարտեցին Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցման պահանջ ուղղեցին Թուրքիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ դատապարտեցին թրքական իշխանութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութիւնն ու Քեսապի վրայ յարձակման օժանդակութիւնը:
Վերոնշեալ մշակութային ծառայութեան գրասենեակին դիմաց երիտասարդները արիւն խորհրդանշող կարմիր ներկ թափեցին, այնուհետեւ շուրջ 15 երիտասարդներ թրքական մշակութային գրասենեակին դիմաց նստացոյց կատարեցին` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ ֆրանսերէնով գրուած էր. «Արդարութիւն հայ ժողովրդին», «Թուրքիա դո՛ւրս մեր հողերէն». անոնք նաեւ հնչեցուցին թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող կոչեր:
Թրքական գրասենեակին դիմաց զետեղուած էր մեծ պաստառ, որուն վրայ գրուած էր. «Արդարութիւն եւ հատուցում Հայոց ցեղասպանութեան համար»:
Բողոքի ցոյցի մեկնարկէն շուրջ մէկ ժամ ետք ցոյցի վայրը եկաւ ֆրանսական ոստիկանութիւնը: Ոստիկանութեան ժամանումէն ետք թրքական գրասենեակի թուրք աշխատողները վէճի բռնուեցան ոստիկաններուն հետ, եւ անոնցմէ մէկը հարուածեց ոստիկանի մը: Ոստիկանները պահանջեցին, որ ֆրանսահայ երիտասարդները դադրեցնեն ցոյցը:
Երիտասարդները որեւէ դիմադրութիւն ցոյց չտուին ոստիկաններուն, սակայն 7 երիտասարդներ ձերբակալուեցան եւ տարուեցան ոստիկանատուն. երկու ժամ ետք 6 երիտասարդներ ազատ արձակուեցան, իսկ ձերբակալուած մնաց ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ատենապետ Լորիս Թուֆանեանը: