Իր Մեծ Մօր Պատգամը Համայն Աշխարհին Փոխանցելու Հեռանկարով`. Բացում Անիթա Թութիկեանի Վերակոչած` Եղեռնաշունչ Ձեռագործներու Ցուցահանդէսին

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն նախօրեակին ներկայացուող գրեթէ բոլոր ձեռնարկներու գլխաւոր դերակատարները մեր մամիկներն ու պապիկներն են` իրենց ոգեղէն ներկայութեամբ փոխանցած պատգամով: Պատգամ, որ կու գայ հայոց արդի պատմութեան խորքէն` 1915-ի օրհասական պահերէն, խուլ բայց հաստատ պատգամ, որուն ձայնը հետզհետէ կ՛ուժեղանայ այնքան, որքան կը մօտենանք անկիւնադարձային 100-ամեակին: Եւ զուգադիպութիւն չէր, որ Արամ Ա. վեհափառ 2014-ը հռչակեց «Տարեցներու տարի»: Այն տարեցները, որոնք ի վերջոյ բոլորի՛ս մամիկներն ու պապիկներն են, ըլլան անոնք Հռիփսիմէ, Խաթուն, Մարիձա թէ Ովսաննա կամ` Կարապետ, Թադէոս թէ Մարկոս: Այն տարեցները, որոնք միշտ մեզ հետ են, մեր ենթագիտակիցին մէջ, կը «հսկեն» մեզ, «կ՛ուղղեն» մեզ, եւ մեր, հայութեա՛ն, Հա՛յ դատի «ճամբու քարտէս»-ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անոնց «կտակ»-ի գործադրումը: Կտակ, որ հետզհետէ իր մէջ ամփոփելով մեր մամիկ-տատիկներու պատգամը` խտանալով, ուռճանալով կը վերածուի համահայկական պահանջատիրութեան:

Ահա այդ պատգամն էր, որ արուեստի ընդմէջէն փոխանցուեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 17 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պատկեր»-ի (Հայ մշակոյթի ժառանգութեան տուն) ցուցասրահին մէջ եւ որուն ականջալուր եղաւ լիբանանահայ գաղութը, յատկապէս` Պուրճ Համուտի եւ մերձակայքի հայութիւնը, իր երէց թէ երիտասարդ տարրերով, արուեստագէտ ու մեկնաբան հայ եւ ոչ հայ հիւրերով ու բարեկամներով:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Պատկեր»-ի տնօրէն Արփի Մանկասարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, նախ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը, որուն առանցքը կը կազմեն Անիթա Թութիկեանի մեծ մօր` Սըրմայի (Հռիփսիմէ Սարգիսեան) ասեղնագործած ձեռագործները: Ձեռագործներ, որոնք հակառակ իրենց համեստ տեսքին, «սովորական գործեր չեն: Անոնք կը ներկայացնեն մեր անցեալի աւանդը», ընդգծեց Արփի Մանկասարեան` շնորհակալութիւն յայտնելով ու բարձր գնահատելով «ծանր» աշխատանքը Անիթա Թութիկեանի, որ «քանիցս Պոլիս գնաց ու իրեն հետ բերաւ այս ձեռագործները»: Այս ձեռագործները «կը կրեն» պատմութիւններ, ապրուած օրեր, հին բայց անմոռանալի պահեր, զորս մենք պիտի պատմենք նոր ոճով, նոր արտայայտութեամբ, արուեստի ճամբով:

Մանկասարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանին, որ իր «դրոշմը» դրաւ այս ձեռնարկին վրայ, իր եւ ամուսնոյն` Անտրէաս Տիմոփուլոսի հետ թափանցելով ձեռագործի խորքը եւ մեկնաբանելով զայն արդի «անտաշ արուեստ»-ի դիտանկիւնէն:
Ապա խօսք առաւ «Ինսթոլէյշըն արթ»-ի (զետեղման արուեստ) արդի մեկնաբաններէն, հոգեբան, արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան, որ անգլերէնով ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ երկու հեղինակ: Նախ, ձեռագործին բուն հեղինակը` իր մեծ մայրը, Հռիփսիմէ Սարգիսեան, որ Տերսիմի, Խարբերդի Էրկան (երկար) ընկուզենի կոչուած գիւղի իր յիշատակները, իրենց դառն ու քաղցրիկ յուշերով (ջարդը խորհրդանշող անջատուած գլուխներ, խաչեր, ծաղիկներ…) ներկայացող ասեղնագործութեամբ: Այդ ձեռագործներուն երկրորդ եւ հոգեւոր հեղինակը Անիթան ի՛նքն է, որ արուեստագէտի իր ոսպնեակէն դիտած է նշեալ ձեռագործները` զանոնք ներկայացնելով ու «պատմելով» անոնց պատգամը, ի՛ր ոճով:

«2009-ին, երբ Պոլիս գացի, անակնկալ էին ինծի համար այդ ձեռագործները», ըսաւ Անիթա Թութիկեան, որ իր մանկութեան ամառնային արձակուրդները յաճախ Պոլիս, իր մեծ մօր (1974-էն ետք Խարբերդէն Պոլիս տեղափոխուած) տան մէջ կ՛անցընէր: «Այս ձեռագործներուն մէջ ես «տեսայ» մեծ մօրս եւ իր սերունդին ապրած ահաւոր տեսարանները, ջարդի օրհասական պայմանները, ահն ու սարսափը, յիշողութիւնները, աւանդութիւնները, այլ խօսքով` անցեալի պատմութիւնը», ընդգծեց Թութիկեան` իր խոր ուրախութիւնը արտայայտելով, որ իրեն միացած է Արփի Մանկասարեանի կողքին նաեւ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, որ իր գնահատումով այս ձեռագործներուն տուաւ իրենց միջազգային վարկն ու արժէքը: Թութիկեան այս առիթով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործակիցներուն, յատկապէս` Արիժ Ապու Հարպի, Ուաէլ Պութրոսի, Թարեք Մուքատտեմի, Մայք Մալաճալեանի եւ իր ընկերակիցներուն եւ իր դստեր` Տորին Թութիկեանին, ձեռնարկի պռոշիւրի գեղանկարչական ոճի հեղինակին:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ ֆրանսահայ լեզուաբան, «անտաշ արուեստ»-ի մեկնաբան-խորհրդատու, Փարիզի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն, Հայաստանի արտասահմանեան ակադեմիայի անդամ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, որ ֆրանսերէնով իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս առիթին համար: Ան խիստ բարձր գնահատեց Հռիփսիմէ մեծ մայրիկի «արուեստ»-ը, որ ամբողջ զգացական աշխարհ մը կը ցոլացնէ իր անցեալի դառն յուշերով:

Ապա ցուցադրուեցաւ Հռիփսիմէ Սարգիսեան մեծ մայրիկի ասեղնագործած ձեռագործներու պատմութեան մասին վաւերագրական կարճատեւ` շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը: Հռիփսիմէ մայրիկի կողքին, տեսերիզին մէջ կ՛երեւէին նաեւ անոր սիրելի զարդեղէնները` սկսելով խաչէն, Ս. Աստուածածնի պատկերէն մինչեւ հայակերտ, նրբակերտ իր ձեռագործներն ու իր ապրած տան (Պոլսոյ մէջ) յարակից մասերը:

Տեսերիզին կ՛ընկերանար ազգային յեղափոխական «Ագուլիսցի քաջ պատանի» երգին եղանակով, սակայն գաղթի սեւ օրերուն մասին թրքերէն բառերով յօրինուած երգը` մեկնաբանութեամբ նոյնինքն` դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի մեղմ ու քաղցր ձայնով:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 18 մայիս 2014, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Պատկեր»-ի տան մէջ, Պուրճ Համուտ:

Մանրամասնութեանց համար կարելի է դիմել հեռաձայնելով 01/240214 կամ 03/652235 թիւերուն:

ՍԻԼՎԱ Գ.

www.aztagdaily.com

Scroll Up