Ոտնլուայի Կարգը` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. Արժեւորում` Տարեց Սերունդի Վաստակին
Երէկ` հինգշաբթի, 17 ապրիլ 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Շահէ եպս. Փանոսեան ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Քրիստոս Ոտնլուայի այս արարողութեամբ խոնարհութեան եւ սիրոյ օրինակը փոխանցեց մեզի: «Յիսուսի տուած մեծագոյն խրատականը զիրար սիրելն է», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ այս արարքով Յիսուս ամփոփեց Աստուծոյ կամքը մարդոց նկատմամբ:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հետեւողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինումին, «Տարեցներու տարուան» առիթով Ոտնլուայի կարգը նուիրուեցաւ տարեց սերունդի ներկայացուցիչներուն: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Ոտնլուայի այս հոգեպարար մթնոլորտին մէջ մեր ուշադրութիւնը ուղղել տարեց սերունդի ներկայացուցիչներուն, յատուկ սիրով արժեւորել իրենց թողած վաստակը եւ անդրադառնալ, թէ իրենք նեղութեան եւ զրկանքի մթնոլորտի մէջ յաջողեցան կառուցել եկեղեցի, վարժարան, ակումբ, եւ այդ բոլորը կատարեցին սիրով, ինքնընծայումով եւ ազգային գիտակցութեամբ: