Հողիկ Մ’Իսկ Կորսնցնելու Իրաւունք Չունինք
Հայ ժողովուրդը դարձեալ դէմ յանդիման է ցեղասպանին, ա՛յն ցեղասպանին, որ հարիւր տարի առաջ իր գործած ու շարունակած ցեղասպանութիւններուն համար ոչ միայն արժանի պատիժը չէ ստացած եւ չէ հատուցած, այլեւ զօրակցութիւնը վայելած է մեծապետական կարգ մը երկիրներու ռազմաքաղաքականութեան։
Արար-աշխարհի սառնասիրտ հայեացքներուն առջեւ, ցեղասպանը անարգել ազատութեամբ մուտք գործեց հայաւան Քեսապը, խաղաղ բնակչութիւնը տեղահանեց, թալանեց, քանդեց ու պղծեց։
1915-ի պատկերը կրկնուեցաւ, երբ (ան)քաղաքակիրթ արեւմուտքին առջեւ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանուեցաւ, տարագրուեցաւ, հայաթափական ու բռնագրաւական բարբարոսութեամբ։
Այսօրուանը երէկուընէ տարբեր չէ։
Երէկուանը այսօրուընէ տարբեր չէ։
Նոյն ցեղասպանը, նոյն ցեղասպանութեամբ։
Նոյն անմարդակային վերաբերմունքը, նոյն «հանդիսատես»ներու դաւադրութեամբ։
Ցեղասպանութեամբ, բռնաբարումներով, արշաւանքներով, յափշտակութիւններով ու կողոպուտներով ՉՅԱԳԵՑԱԾ արիւնարբու թուրքը, նորօրեայ էրտողաններու ու տաւուտօղլուներու վոհմակներով, Քեսապ խուժելով, անգամ մը եւս, ապացուցեց իր վայրենաբարոյ եւ աւազակաբարոյ դիմագիծը։
Լկտիութիւնը այն աստիճանի հասաւ, որ Թուրքիոյ տխրահռչակ արտաքին գործոց նախարարը, անամօթաբար ու սինիքաբար յայտարարեց, թէ պատրաստ է… ընդունելու քեսապցիներ եւ օժանդակութիւն տալու անոնց։
Դժբախտաբար, ոչ մէկ (ան)արժանապատիւ պետութիւն պարկեշտութիւնը ունեցաւ մատնանշելու թրքական գործօնին դատապարտելի միջամտութիւնը, իսկ եթէ եղան քեսապահայութեան նկատմամբ որոշ արտայայտութիւններ, ատոնք մնացին իրենց ընդհանրութեան մէջ, բացի Ռուսաստանէն, որ օրակարգի վրայ պահեց զայն, հարցը հետապնդելու վճռակամութեամբ։
Ի դէպ, այն բոլոր երկիրները (քրիստոնեա՜յ), որոնք իրենց քիթը մխրճեր են Սուրիոյ ներքին հակամարտութեանց մէջ, պահիկ մ’իսկ խպնելու առիթ եւ զգացում չունեցա՞ն, ի տես սուրիացի քրիստոնեաներուն դէմ գործուած հալածանքներուն, սրբատեղիներու աւերումին ու տեղահանական գործողութիւններուն, գերազանցապէս փայլելով իրենց համրութեամբ ու հաւկուրութեամբ, նոյնիսկ ամբարտաւանօրէն շարունակելով ահաբեկիչ ու ռազմամթերք ղրկել հոն։
Հալէպի դէմ շղթայազերծուած ահաբեկչական յարձակումները ի՞նչ էին, եթէ ոչ հալէպահայութիւնը ֆիզիքապէս, նիւթապէս ու բարոյապէս հաշուեյարդարիենթարկել, թուրք-թաթարներու, ազերի-չեչէններու մեղսակցութեամբ։
Այս մէ՞կն ալ չտեսան, չլսեցին, Ամերիկան եւ իր դաշնակիցները, երբ յոխորտացին ու կը յոխորտան, թէ վարչակարգ պիտի տապալեն, զինելով ահաբեկիչներ, օգնելով ահաբեկիչներու, անմեղներու սպանութեան ու տեղահանութեան գնով։
Այն ինչ որ կարելի չեղաւ իրականացնել այլուր, այժմ Քեսապն է, որ կը դարձուի թիրախ, որովհետեւ ոչ ոք զսպուածութեան ու զգաստութեան կոչ ուղղեց Անքարայի վարիչներուն, իսկ վատայուշ թուրք վարչապետը, որ մինչեւ գլուխը խրուած է գայթակղութիւններու ու չարաշահութիւններու մէջ, թրքական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու ընչաքաղցութեամբ, ուզեց Քեսապի պարպումով ինքզինք հաստատել, գիտնալով որ ոչ ոք կրնայ հակառակիլ իրեն, յատկապէս քրիստոնեայ (՞) աշխարհը, որուն հետ ունէր (եւ ունի) հասարակաց դաւադրական ու շահադիտական ծրագիրներ։
***
Այս արագ անդրադարձումի լոյսին տակ, արդեօք հայութիւնը, որ դառն փորձութիւններ ունեցած է թրքական վանտալիզմին հետ ու մորթին վրայ զգացած անոր գազանութիւնները, երբեք կանխատեսումը չունեցա՞ւ նման ստորնագոյն ներխուժումէ մը։
Եթէ ոչ՝ ապա կը նշանակէ թէ ատիկա քաղաքական անհասունութիւն էր, ռազմական կարճատեսութիւն, իրողական միամտութիւն, պարզապէս անոր համար, որ ճիշդ ատոնց հակառակ սկզբունքներով կամ մեկնակէտերով պէտք էր գործէր ու վերաբերուէր հայութիւնը, ի վերջոյ խուսափելով թրքական ակնկալուող «անակնկալէ» մը:
Հարցը երբեք առընչուած չէ քեսապահայութեան, ոչ ալ մեր վերոյիշեալ ակնարկութիւնը կ’երթայ անոր, այլ սփիւռքահայ ազդեցիկ ոլորտներուն, որոնք սուրիական տագնապը դիտելով արտաքին կողմերէն ու հաղորդակից դառնալով պատահելիք հաւանականութիւններուն, կրնային դիմել համապատասխան նախաքայլերու, լծուիլ նախաձեռնութիւններու, թէկուզեւ յուշելու եւ յիշեցնելու կարգով, կազմակերպելու ու կազմակերպուելու հեռանկարով։
Իսկ ատոնք երբեք ալ դժուարութիւն կամ անկարելիութիւն չէին, եթէ որդեգրուէր աչալուրջ ու հետեւողական մօտեցում, հայաստանեան թէ սփիւռքեան չափանիշերով։
Հայ ժողովուրդը, բարեբախտաբար, ունի այնպիսի միջոցներ ու կազմակերպութիւններ, առիթներ ու կարելիութիւններ, որոնց միջոցով կրնար (ու կրնայ) հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու, իր պետական, քաղաքական, կառավարական յարաբերութիւններով, բարեկամութիւններով ու մտերմութիւններով, ջուրը «աղբիւր»ներէն խմելու եւ, ըստ այնմ, վերլուծելու ու կողմնորոշուելու, հուսկ՝ նախապատրաստուելու։
Եթէ այս պատրաստուածութեամբ ու մտածողութեամբ չեն ձեւաւորուած մերքաղաքական միտքն ու հասունութիւնը, անխուսափելի պիտի դառնան ցնցումներն ու աղէտները, իսկ հայ ժողովուրդը իրաւունք չունի չկանխատեսելու թրքական այս եւ այլ (շարունակելի) ասպատակութիւնները, քանի՝ այլեւս մեզի ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ է պատառիկ մը հող կորսնցնել, հայրենական թէ հայաւանային, գաղութային թէ համայնքային մակարդակներով։
Ի դէպ, Քեսապի իրադարձութիւններու հարցով, Հայաստանի իշխանութիւններու արագ հակազդեցութիւնը՝ տէր ու պաշտպան կանգնելու Քեսապին եւ քեսապահայութեան, ընդհուպ՝ խորհրդարանական բարձր աստիճան պատուիրակութիւն մը գործուղղելով Դամասկոս ու Լաթաքիա, արժանի է խոր յարգանքի եւ երախտագիտութեան, որովհետեւ պետականմակարդակով ալ այս գերխնդիրը արծարծուեցաւ ու հետապնդուեցաւ։
Բարենշելի է, որ հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, անտարբեր ու կրաւորական չմնաց, այլ՝ իր ներկայութիւնը զգացնել տուաւ, սակայն, որքա՜ն ողջունելի ու ծափահարելի պիտի ըլլար, եթէ աւելի ազդու,միասնակամ ու համախումբ ըլլային, աւելի կազմակերպչական ուզանգուածային, աւելի ծրագրուած ու հետեւողական:
Կարելի չէ ընդունիլ, ոչ ալ համակերպիլ կարգ մը խժալուր ձայներու կամ ձախաւեր գրիչներու, որոնք աժան դասեր տալու, խակ վերլուծումներ կատարելու ու եսական տեսակէտներ արտայայտելու սոփեստութիւններու անյաջող փորձութիւններու մատնուեցան, երբ Քեսապի վիճակուած ճակատագիրի ծանրակշռութեան հետ, անլրջութեամբ մօտեցան։
Քեսապը՝ ազգային արժանապատուութիւն է:
Քեսապը՝ հայկական հողատարածք է։
Քեսապը՝ հայութեան պարծանքն է։
Քեսապը՝ վերականգնելի է:
Քեսապը՝ անտէր–անտիրական չէ:
Քեսապը՝ քաղաքացիական հաւատարմութեան նմոյշ է:
Քեսապը՝ մնայուն իրականութիւն է:
Այս պէտք է ըլլայ մեր հաւատամքը ե՛ւ Քեսապի, ե՛ւ Այնճարի, ե՛ւ որեւէ հայապատկան կամ հայաշատ շրջանի նկատմամբ։
Ասկէ դուրս չի՛ք ճշմարտութիւն:
Պարոյր Աղպաշեան
Պէյրութ, Ապրիլ 2014թ.