Քեսապահայութեան Ու Քեսապին Զօրակցող Հաւաքներ Ֆրանսայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/Kessab_paris-300x225.jpg)
Ինչպէս աշխարհի բոլոր ծագերուն, Ֆրանսայի մէջ եւ հայութիւնը ցոյցերով եւ տարբեր նախաձեռնութիւններով իր ձայնը բարձրացուց` պահանջելով, որ արդարութիւն տնօրինուի Քեսապի եւ քեսապահայութեան հարցով:
Փարիզ
Մարտ 31-ին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ Քեսապի հայերուն պաշտպանութիւն յայտնող եւ տեղի ունեցածը դատապարտող բողոքի ցոյց մը` կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան:
Ցոյցին մասնակցեցան մեծ թիւով անձեր, հիմնականին մէջ` երիտասարդներ, որոնք կը բացագանչէին. «Ոճրագործ Էրտողան, Քեսապէն դո՛ւրս», «Քեսապը մե՛րն է», «Ո՛չ կը մոռնանք, ո՛չ ալ կը ներենք Թուրքիոյ» եւ այլ կարգախօսներ:
Ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի կողմէ Յարութ Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» միութեան ատենապետ Լորիս Թուֆանեան: Անոնք իրենց խօսքին մէջ դատապարտեցին Քեսապի վրայ եղած յարձակումը եւ մեղադրեցին Թուրքիոյ կառավարութիւնը` կատարուածին մէջ իր ունեցած մեղսակցութեան համար: Նաեւ կոչ ուղղուեցաւ Արեւմուտքին եւ Ֆրանսայի կառավարութեան` անտարբեր չմնալու կատարուածին նկատմամբ:
Հրաչ Վարժապետեան խօսքը ֆրանսական իշխանութիւններուն ուղղելով` դիտել տուաւ, որ անոնց ֆինանսաւորած սուրիական ընդդիմութիւնն է, որ Քեսապի մէջ այս քայլը առաւ, իսկ ֆրանսահայերը կը պահանջեն բացայայտել այս արարքին ծալքերը: Անոր համաձայն, Ֆրանսա պէտք է ընդդիմութեան պարտադրէ, որ քաշուի Քեսապէն, որպէսզի անոր իսկական տէրերը վերադառնան իրենց բնակավայրը: Վարժապետեան շեշտեց, որ ասիկա միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս Ֆրանսայի պարտաւորութիւնն է:
Մարսէյլ
Կազմակերպութեամբ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող մարմնինին, 7 ապրիլին Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած բողոքին դէմ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան շուրջ 500-600 հայեր, մեծամասնութեամբ` երիտասարդներ, որոնք իրենց բացագանչութիւններով եւ Թուրքիան ու Էրտողանը դատապարտող կոչերով թնդացուցին շրջանը:
Այս առիթով խօսք առաւ վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ Ժաք Տօնապետեան, որ անդրադարձաւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած ներթափանցման, որուն պատճառով քեսապահայութիւնը ստիպուեցաւ լքել իր հարազատ բոյնը եւ ապաստանիլ Լաթաքիա: Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը տեղի ունեցած դէպքերուն մէջ` դիտել տալով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ լուռ մնայ:
Խօսք առին նաեւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Զոյգ ցոյցերուն ընթացքին հրկիզուեցան թրքական դրօշակներ եւ երիտասարդները պայթուցիկ նիւթեր նետեցին դեսպանատան ուղղութեամբ` ֆրանսական հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը գրաւելու միտումով:
Ֆրանսական լրատուամիջոցներ անդրադարձան ցոյցերուն: