Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածը Մասնակցեցաւ Լոնտոնի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

8-10 ապրիլ 2014-ին Լոնտոնի «Ըրլզ քորթ քոնֆըրընս սենթըր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքերու միջազգային ցուցահանդէսը: Այս ցուցահանդէսին առիթով կազմուած հայկական տաղաւարի յանձնախումբը` նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ Լոնտոնի համայնքային խորհուրդին եւ Հայաստանի դեսպանատան, կրցաւ  համախմբել Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մեծ թիւով հրատարակչատուներ, անհատ գրողներ եւ հրատարակիչներ:

Հայկական տաղաւարին մէջ ցուցադրուեցան հայութեան եւ Հայ դատի մասին մեծ թիւով գիրքեր, ինչպէս նաեւ գրական, պատմական, մշակութային եւ մանկապատանեկան հրատարակութիւններ:

Տաղաւարը արժանացաւ մեծ թիւով այցելուներու գնահատանքին: Լոնտոնի ցուցահանդէսին հայկական տաղաւարի յանձնախումբին այս գնահատելի նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ նաեւ, որ տարբեր շրջաններէ ժամանած հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ միասնաբար քննարկեն հրատարակչական մարզի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան հեռանկարները:

Երկուշաբթի, 8 ապրիլի երեկոյեան, հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը, ուր խօսք առին հայկական տաղաւարի յանձնախումբի ներկայացուցիչը եւ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ: Յանձնախումբի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի յաջողութեան սատարած բոլոր անհատներուն:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը այս ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով: Ցուցահանդէսը առիթ հանդիսացաւ նաեւ մօտէն ծանօթանալու տարբեր երկիրներու հրատարակչական մարզի նոր իրագործումներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

www.aztagdaily.com

Scroll Up