Սեւան Նշանեանին զօրակցութեան երեկոյթ Սայիթ Չէթինօղլուի մասնակցութեամբ

Փարիզեան հայահոծ Ալֆորվիլ արուարձանին մէջ տեղի ունեցաւ թրքահայ ծանօթ մտաւորական, այժմ՝ զազրելի պատրուակներով բանտարկուած Սեւան Նշանեանին զօրակցութեան երեկոյթ մը, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ:

Հանդիպումը կազմակերպած էր Եւրոպայի Հայկական Խորհուրդը, որ այս առթիւ Թուրքիայէն հրաւիրած էր այլախոհ պատմաբան, գիտաշխատող Սայիթ Չէթինօղլուն: Այս երեկոյթը կը հանդիսանար Նշանեանին զօրակցութեան արշաւին օղակներէն մէկը: Եւրոպայի Հայկական Խորհուրդը նման այլ ձեռնարկներ նախատեսած էր նաեւ Գերմանիոյ մէջ:

Երեկոյթին պաշտօնական տիտղոսը «Մարդկային իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ» ըլլալով հանդերձ, գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Սեւան Նշանեանի պարագային: Թէեւ աւելի ընդհանուր հարցումներ եւ զրոյցներ եղան վերջաւորութեան՝ հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ:

Կազմակերպիչ Խորհուրդին անունով երեկոյթին բացումը կատարեց Սարօ Մարտիրեան: Սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած բազմութեան ան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան հիւրը, յայտարարեց, թէ հոն կը գտնուի նաեւ թուրք այն յանդուգն երիտասարդ հրատարակիչը՝ «Փրոփականտա» հրատարակչատան պատասխանատուն, որ քաջութիւնն ունի հրատարակելու Չէթինօղլուի գործերը, որոնք առհասարակ չեն համապատասխաներ երկրին պաշտօնական կեցուածքին եւ ատով իսկ մեծապէս խանգարիչ են:

Ապա խօսք առաւ գրող Տիկին Անժէլ Տիքմէ, որ թրքերէնով կարդաց Սեւան Նշանեանի վերջին նամակը, նախքան խօսքը փոխանցելը օրուան գլխաւոր հիւրին:

Օրուան թարգմանիչի պաշտօնը ստանձնած էր Տիկին Այլին Սաղլամ-Կոպէլեան:

Չէթինօղլու որ թրքերէն արտայայտուեցաւ, ըսաւ, թէ Նշանեանի պարագան պէտք է ուսումնասիրել բազմաթիւ տեսանկիւններէ՝ կարծիքի ազատութեան, հայկական ինչքերու գրաւումին, կաշառակերութեան, հայկականութեան, եւ 2015ի հարիւրամեակին դիմադարձելու թրքական պետութեան ծրագիրներուն տեսանկիւններէն:

Թուրք պատմաբանը վեր առաւ Սեւան Նշանեանի քաջութիւնը, ընդգծեց զայն լռեցնելու համար պետութեան կողմէ ի գործ դրուած «խաղերը»: Ըսաւ, թէ համաշխարհային կարծիքին ազատ ու ժողովրդավար երկրի մը տպաւորութիւնը գործելու հետամուտ թրքական պետութիւնը չէր կրնար կարծիքի ազատութեան ուղղակի բռնաբարում գործելով դատապարտել Սեւանը իր գաղափարներուն համար: Ուրեմն բացատրեց, թէ Թուրքիան, որ ապօրինի շինութիւններու դրախտավայր մըն է, ուր ամէն օր կրաղիւսեայ ապօրինի բազմայարկ շէնքեր կը բարձրանան ու կը շատնան սունկերու պէս, ուր կաշառակերութեան գայթակղութիւնները իրարու կը յաջորդեն, երկիր մը որու մայրաքաղաքին մէջ ապօրինի վարչապետարան կը կառուցուի, քանի որ բազմաթիւ անգամներ անոր դէմ դատական վճիռներ արձակուած են, Սեւան Նշանեանի նման լուսամիտ եւ իմաստուն մարդը կը բանտարկուի գիւղական միասենեականի շինութեան մը համար, այն ա՛լ երբ այլեւս այդ ինչքը չի պատկաներ իրեն ու զայն նուիրած է բարեսիրական հիմնարկի մը: Չէթինօղլու ըսաւ նաեւ, թէ ապօրինութիւններու մասին եթէ պիտի խօսուի, հարկ է նաեւ ուսումնասիրել Անգարայի նախագահական պալատին պարագան, որ Գասապեան գերդաստանէն գրաւուած ինչք մըն է: Դատապարտեց թրքական emval-i metruke-ի, այսինքն լքուած ինչքի քաղաքականութիւնը, որու գործադրութեամբ իւրացուած են հայկական անհամար ինչքեր ու Սեւան Նշանեանի գիւղական տան պարագան ալ նոյնացուց անոնց հետ:

Թուրք պատմաբանը, որ աւելի վերջ հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ պատասխանելով հարցումի մը, խոստովանեցաւ պոնտոսցիի իր ծագումը, ըսաւ, թէ այսօր Սեւան Նշանեան յատկապէս մահմետականութիւնը անարգելու պատճառով բայց նաեւ զանազան այլ պատրուակներով ընդամէնը 50 տարի բանտարկութեան վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի: Կոչ ըրաւ բոլոր ժողովրդավարներուն եւ յատկապէս Հայութեան՝ անյապաղ եւ ծաւալուն կերպով ցոյց տալու թրքական պետութեան, թէ Սեւան Նշանեան առանձին չէ, լքուած չէ, թէ մեծ թիւով անոր զօրակցողներ կան աշխարհի չորս կողմը: Թէ ոչ ըսաւ, Հրանդ Տինք 1.500.000+1րդն էր, Սեւակ Պալըքճը՝ 1.500.000+2րդը, եւ Սեւան Նշանեան ալ պիտի ըլլայ 1.500.000+3րդը, քանի ստոյգ է, թէ ան կ՚երթայ դէպի կատարելապէս անորոշ ճակատագրի մը ուղղութեամբ եւ հարկ է շուտով միջամտել:

Ինչպէս ըսինք, վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, ուր յղուած հարցումները քիչ մը աւելի ընդհանուր հանգամանք ունէին ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման: Նաեւ հետաքրքրական էր նկատել, որ թուրք այլախոհ մտաւորական մը նոյնիսկ ֆրանսական հողին վրայ չի կրնար ազատ արտայայտուիլ, քանի որ Չէթինօղլու երկու հարցումի «ճոքըր» գործածելով մերժեց պատասխանել, բացատրելով, թէ պատասխանը 301րդ յօդուածին ծիրէն ներս կը մտնէ, եւ պատիժը երկու տարի բանտարկութիւն է:

Փակման խօսքը արտասանեց Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի ատենապետը՝ Գէորգ Սաչլեան:

Ներկաները հրաւիրուեցան զօրակցական գիրեր յղելու Սեւան Նշանեանին եւ այս նպատակով բաշխուեցան բացիկներ:

Երեկոյթը վերջ գտաւ ընդունելութեամբ մը, որ առիթ ընծայեց ջերմ եւ հետաքրքրական զրոյցներու:

Կարելի է Սեւան Նշանեանին զօրակցական տողեր գրել հետեւեալ հասցէով.-

Sevan NİŞANYAN

Şakran T. Tipi Cezaevi

Aliağa-Şakran

İzmir/TURKEY

Ա. Դ.

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up