30,000 Տոլար Նուէր՝ Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ծրագիրին

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը տեղեկացնէ, թէ «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկը 2014 տարեշրջանին համար 30,000 տոլար առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է ծրագիրին, շարունակելով Հայագիտական ծրագիրի դասախօսական շարքին ու այլ գործունէութեանց նեցուկ կանգնելու իր տարիներու աւանդութիւնը:

asbarez.com

Scroll Up