Քեսապէն Թուրքիա Տարուած Թիթիզեան Քոյրերու Իսկական Պատմութիւնը

Լաթաքիա քաղաքի մերձակայ Քեսապ գիւղաքաղաքը, 21 Մարտէն ի վեր, Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու հսկողութեան տակ է: Քեսապ ամբողջովին ամայացած է, իսկ կողքի Գարատուրան գիւղը մնացած քանի մը տարեցներն ալ տեղահանուած են ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ: Գարատուրանցիներու դէպի Լաթաքիա հաւաքական երթը տեղի ունեցաւ 22 Մարտին: «Ակոս» թերթի թղթակից Լորա Պայթար Չափար կը գրէ հետեւեալը.
Երկու քոյրեր՝ 84ամեայ Սաթենիկ եւ 82ամեայ Սրբուհի Թիթիզեաններ չէին կրցած հասնիլ Լաթաքիա գացողներու կարաւանին:

Նախորդ Երկուշաբթի, ընդդիմադիրները զիրենք իրենց տունէն առին ու Եայլատաղի սահմանադռնէն անցնելով՝ յանձնեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն: Եայլատաղի գաւառապետութեան եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան միջնորդութեամբ, երկու քոյրերը փոխադրուեցան հայաբնակ Վագըֆլը գիւղ: Անոնք տունէն ելած էին, կարծելով որ Լաթաքիա պիտի երթան, եւ հիմա՝ շփոթի ու սարսափի մատնուած են Թուրքիա բերուելով: Թիթիզեան քոյրերուն հետ միասին, 90ամեայ Իսման Նիզար անունով սուրիացի մըն ալ Եայլատաղ բերուած էր: Գաւառապետ Թուրան Եըլմազ եւ ոստիկանապետ Աքիֆ Գըզըլքայա դիմաւորեցին զիրենք ու երեկոյեան ժամերուն ալ Վագըֆլը գիւղ հասցուցին: Այս առթիւ Սաթենիկ եւ Սրբուհի Թիթիզեաններուն հետ ունեցանք մտերմիկ հանդիպում մը, մենք հարցուցինք, անոնք պատասխանեցին:

Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս պատմեցին ցաւալի իրողութիւնը.
«Երկուշաբթի էր, թէ՞ Երեքշաբթի, վստահ չեմ: Հայերը շաբաթ մըն է որ հեռացած էին Քեսապէն: Մօրուսաւոր, հսկայակազմ, երկար մազերով մարդիկ եկան մեր տունը: Սոսկացինք բնականաբար: Մեզ հանդարտեցուցին: Տունը խուզարկեցին, զէնք կը փնտռէին: Թրքախօս էին եկողները: Յաջորդ օր արաբախօսներ երբ եկան, մեր հարեւան Սթալինին դիմեցինք, որպէսզի թարգման ըլլայ: Ըսին, որ յաջորդ առտու կանուխ պիտի գան ու մեզ Լաթաքիա պիտի տանին: Այդպէս ալ եղաւ, պատրաստուած էինք արդէն: Տան դուռը կղպեցի ու բանալիներն ալ իրեն տուի: Գիտէի, որ մեզմէ յետոյ տուն պիտի մտնեն: Խորհեցայ, որ գոնէ բանալիով կը բանան, դուռը չեն կոտրէր: Մինչեւ սահման հասնիլը, կը կարծէի թէ Լաթաքիա կ՛երթանք, բայց յետոյ նկատեցի որ արդէն Թուրքիա հասած ենք: Մեզ «մեծ մարդուն» (գաւառապետին) ներկայացուցին: Մատնահետքերնիս ստուգեցին, արեան ճնշումներնիս չափեցին, փասփորթնիս վար դրին ու ըսին. «Այստեղ հայկական գիւղ մը կայ, ուր եկեղեցի մըն ալ կայ, ձեզ հոն պիտի ղրկենք»: Ահա հիմա արդէն հոս ենք»:
Մինչ այդ, անունը ինծի հետաքրքրական թուացած Սթալինին մասին հարցուցի՝ ան ինչո՞ւ չէր բաժնուած. «Տարիքոտ էր, շատ տարիքոտ: Եթէ պիտի մեռնիմ, հոս կը մեռնիմ, ըսաւ ու հրաժարեցաւ գիւղէն դուրս գալէ»:
Այս անգամ հարցումս փոխեցի. «Արդեօք կ՛երեւակայէի՞ք, որ այսքան մեծ խումբով պիտի յարձակէին գիւղին վրայ»:

«Չէինք երեւակայէր, բայց մեզի ըսին, որ Էրտողանը ճամբաները բացած է: Իսկապէս ալ եթէ այդպէս չըլլար, այսքան մեծ թիւով գէշ մարդ չէր կրնար գալ Քեսապ ու Գարատուրան: Այդ մօրուսաւոր չար մարդիկը Թուրքիայէն եկան: Բարեբախտաբար ժողովուրդը արդէն հեռացած էր, այդ պատճառաւ ալ զոհեր չունեցանք: Միայն իրենց պիտանի բաները թալանեցին: Բոլոր տուներուն դռները կոտրեցին ու բացին: Ժողովուրդը արդէն ինքնաշարժներով գացած էր, բայց թրաքթէօրները թողած էին: Անոնք ալ սկսան այդ թրաքթեօրներով շրջելու գիւղին մէջ: Այլեւս Գարատուրան դժուար թէ երթանք, որովհետեւ հոն պատերազմ կայ: Բայց եթէ կրնաք մեզ Լաթաքիա, Քեսապէն եկողներու քով ղրկել, կ՛երթանք անշուշտ: Պէյրութ ալ քոյր եւ եղբայր ունիմ, հոն ալ կրնամ երթալ: Հոս ալ մենք մեզ ապահով կը զգանք, որովհետեւ գիւղացիները շատ ջերմ կը վերաբերին մեզի հետ…»:

asbarez.com

Scroll Up