Քեսապի Անցեալն ու Ներկան. Պատմական Ակնարկ

Շուրջ վեց հազարամեակներ առաջ, Սուրիական ծովափին վրայ եւ Որոնդէսի (Ասի) հովիտին մէջ սկսած մարդկային հին քաղաքակրթութեան աշխարհագրական տարածքին մէջ, գտնուած է Քեսապ շրջանը:

Փիւնիկեան նշանաւոր քաղաք պետութիւններէն՝ Ուկարիթը, կը գտնուէր Քեսապէն ոչ շատ հեռու Միջերկրականի ծովափին: Քեսապը եւ մանաւանդ Տուզաղաճի հարթավայրը, Ուկարիթի առեւտրական ցամաքային ճամբուն վրայ կ’իյնար եւ զայն կը կապէր Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ եւ հիւսիսային Միջագետքին:

Սելեւկեան-Հելենիստական պետութեան շրջանին, Քեսապի շրջանը կը գտնուէր այդ ժամանակներուն կառուցուած Անտիոք, Սելեւկիա եւ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) քաղաքներուն կազմած եռանկիւնին կեդրոնը: Լաւոդիկէ – Սելեւկիա ծովային ճամբան կ’անցնէր Գարատուրանի բացերէն, իսկ Լաւոդիկէ – Անտիոք ցամաքային ճամբան՝ Տուզաղաճի հովիտէն:

Կասիոս լեռը կը նկատուէր այն ժամանակներուն Զեւս աստուծոյ սրբավայրը: Յետագային Մեծն Տիգրանի իշխանութեան եւ Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ, Լաւոդիկէի, Սելեւկիոյ եւ Անտիոքի զարգացումը կ’ազդէ նաեւ Քեսապ շրջանի բարգաւաճման եւ կը կրէ այդ դարերու քաղաքակրթական բոլոր հետեւանքները:

Քեսապ շրջանի նախնական պատմութեան մասին գրաւոր աղբիւրներ չկան: Առաջին անգամ շրջանը յիշատակուած է Խաչակիրներու պատմութեան մէջ, երբ Անտիոքի Դուքս Պեմունտ Ա. Քասպիսի աւարը (հողատարածքը) կը շնորհէ Պետրոս ճգնաւորի ընտանիքին, Քասպիս կամ Քասապելլա (Cassembella, Cassabella) անունով, որ նոյնացած է Քեսապ անունին հետ:

Հայկական տարրի մը գոյութիւնը շատ մը ուսումնասիրողներ կը տանին մինչեւ Մեծն Տիգրանի օրերը կամ նոյնիսկ անկէ առաջ: Շատեր Քեսապը կը դիտեն իբրեւ Կիլիկեան Հայաստանի սահմանակից եւ այդ ժամանակաշրջանին կազմուած հայկական գաւառակ: Սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, մասնաւորաբար բարբառային առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով, որ Քեսապ-Սուէտիա շրջանի Հայերը Անտիոքի շրջանին մէջ գոյացած հայ գաղթականութեան մը մնացորդացն են:

Մեմլուքեան արշաւանքներուն եւ Օսմանեան իշխանութեան առաջին շրջանին (13-14րդ դար) Անտիոքի շրջանի հայկական, յունական եւ ասորական գիւղերը կը պարպուին ջարդերու եւ բռնութիւններու իբրեւ հետեւանք: Հայերը զերծ մնալու համար հալածանքներէ եւ կոտորածներէ, ձգելով Անտիոքի տափաստանները, կ’ապաստանին լեռնոտ շրջաններ՝ ինչպէս՝ Քեսապ եւ Մուսա լեռ:

Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ’ունենայ 16րդ դարէն մինչեւ 19րդ դարու սկիզբը:

Ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Հայերը առաջին անգամ եկած եւ հաստատուած են Էսկիւրան (Էսկէ Էօրան՝ հին գիւղ) կամ Նըրքը Գիէղ կոչուող շրջանը: Թէ անոնք ուրկէ՞ եկած են, տարբեր գերդաստաններ տարբեր տեղեր կը յիշատակեն, ինչպէս Արամօ, Արֆալի, Հաճըն, Զէյթուն, Քիւրտ Տաղ եւ Անտիոք: Գիւղացիք, որ առաջին անգամ կը հաստատուին Ներքի Գիւղին մէջ, որոշ ժամանակ մը ետք կը բարձրանան աւելի վեր, որ այժմու Քեսապն է: Շուտով, Քեսապը կը դառնայ հին ու նոր եկած գաղթականներուն բնակավայրը: Ներքի Գիւղի կազմութիւնը հաւանաբար եղած ըլլայ 16րդ դարու սկիզբը: Յետագային Քեսապցիներ մօտակայ շրջաններու կալուածներուն տիրելով, կը հիմնեն շրջակայ գիւղերը, որոնց կազմաւորումը տեղի կ’ունենայ 19րդ դարու սկիզբը:

Քեսապի շրջանը մինչեւ 19րդ դարու կէսերուն վարչականօրէն ենթակայ էր Անտիոքի կառավարիչին, որ ուղղակի կը նշանակուէր Սուլթանին կողմէ: Անտիոք կը մտնէր Հալէպի կուսակալութեան մէջ, իբրեւ առանձին վիճակ՝ գատաա եւ կ’ունենար իր առանձին կուսակալը՝ գայմագամը:

Քեսապի հայ բնակավայրերը ենթակայ եղած են երկու տարբեր կուսակալութիւններու սահմաններուն: Հարաւի գիւղերը.- վերի Պաղճաղազ, վարի Պաղճաղազ եւ Չաթալլէք ենթակայ էին Դամասկոսի կուսակալութեան մաս կազմող Լաթաքիոյ վերակացութեան՝ մութասարիֆութեան: Մնացեալ գիւղերը մտած են Օրտուի կամ Ճեպել Ագրայի շրջանին մէջ, որ կ’ենթարկուէր Հալէպի կուսակալութեան:

1922ին, Ֆրանսական իշխանութիւնները կը փոխեն շրջանի վարչական իրավիճակը: Շրջանի փոքրամասնութիւններուն միջեւ եղած լարումը մեղմելու մտադրութեամբ, Քեսապի շրջանը կ’անջատուի Օրտուէն եւ կը դառնայ առանձին շրջան, որուն կեդրոնը կ’ըլլայ Քեսապ աւանը: Կառավարիչ կը նշանակուի Հայ մը, որուն ենթակայութեան տակ կը դրուի ոստիկանական ջոկատ մը:

19րդ դարու երկրորդ կիսուն, շրջանին մէջ ի յայտ կու գան առեւտուրով եւ վաճառականութեամբ զբաղող պարոններ (աղաներ), որոնք պարտքի դիմաց կամ դրամով ձեռք կը բերեն կախեալ գիւղացիներու լաւագոյն հողերը եւ զանոնք քառորդով կամ օրականով կ’աշխատցնեն իրենց իսկ կալուածներուն մէջ:

Մինչեւ 1840ական թուականները, Քեսապ կը համարուէր գիւղերուն կեդրոնը, իսկ շրջանի գիւղերը կը համարուէին Քեսապի թաղերը կամ արուարձանները: Ժամանակի ընթացքին գիւղերը կը բաժնուին կեդրոնէն եւ կ’ունենան իրենց առանձին գիւղապետերը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիները, դպրոցները եւ միութիւնները:

1850ական թուականներուն, շըր-ջան մուտք կը գործեն օտար միսիոնարներ եւ հետզհետէ մինչեւ դարավերջ կը կազմուին կաթողիկէ, աւետարանական եւ լատին համայնքները: Համայնքներու ի յայտ գալը իր անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի հանրային կեանքին մէջ: Կը ծագին համայնքային հարցեր, ժողովուրդը կը բաժնուի տարբեր համայնքներու, որ իր բացասական անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի կազմակերպութեան վրայ: Սակայն, օտար միսիոնարներու շրջան այցը կ’ունենայ նաեւ դրական ազդեցութիւն: Անոնց նիւթական մեծ ներդրումով զարկ կը տրուի կրթական մարզին: Մինչեւ 19րդ դարու կիսուն, ծխական մէկ դպրոցէ զատ շրջանին մէջ ուրիշ դպրոց չկար: Աւետարանական համայնքը բուռն թափով կը զարգացնէ կրթական – դպրոցական գործը: 1880ին, աւետարանական դպրոցները արդէն բարձրագոյն նախակրթարաններ էին, իսկ 1908ին, անոնք կը վերածուին բարձրագոյն վարժարանի:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները շրջան մուտք կը գործեն 1890ական թուականներուն: 1893ին, Աղասին քանի մը ամգամ իր խումբով կ’այցելէ Քեսապ եւ կը կազմակերպէ շրջանը: Շուտով կը բացուին Հնչակեան մասնաճիւղեր: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շրջան կը մտնէ աւելի ուշ: 1906ին, Դաշնակցութիւնը մուտք կը գործէ շրջան տեղացի երիտասարդներու կողմէ, որոնք կ’ուսանէին Այնթապի եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:

1910ին կը ստեղծուի Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր կրթական մարզը դուրս բերել յարանուանութեանց ազդեցութենէն եւ զայն դնել ազգային հիմքի վրայ: Նոյն թուականին 6000 բնակչութիւն ունեցող շրջանը ունէր քսանէ աւելի վարժարաններ: Այս մեծ թիւը կը բացատրուի յարանուանութեանց գոյութեամբ:

Քեսապի բնակչութեան մասին առաջին տեղեկութիւնները կու գան 19րդ դարու կէսէն: 1848ին, Բողոքական Միսիոնարներու հաղորդած թիւին համաձայն, Քեսապ աւանը կը հաշուէր 300 տուն բնակչութիւն:

Բնակչութեան պատկերը

Քեսապի բնակչութեան մասին ամենէն ստոյգ տեղեկութիւնը կու գայ 1911ին տեղի ունեցած մարդահամարէն, որ կատարած է Լաթաքիոյ Երուսաղէմապատկան հոգեւոր տան տեսուչ եւ առաջնորդ՝ Մովսէս Վրդ. Ոսկերիչեան: Մարդահամարին նկատի առնուած են բոլոր գիւղերը առանց յարանուանական խտրութեան: Ըստ այդ մարդահամարին, Քեսապ իր շրջակայ գիւղերով կը հաշուէր 6115 անձ:

19րդ դարու վերջերուն, տեղի կ’ունենայ երիտասարդութեան գաղթ մը դէպի շրջակայ հայկական գաւառներ եւ օտար երկիրներ: Գաղթին պատճառը տնտեսական դժուարութիւնն էր: Գաղթերը շարունակուած են նաեւ յետագային, որ ազդած է շրջանի բնակչութեան աճին վրայ:

1915ին, շուրջ 8000 Քեսապցի տարագրեալներէն, արդէն 5000ը զոհուած են :

1919ին, Քեսապի բնակչութեան թիւը կը հաշուէր 2200 անձ:

1920ին, ուսուցիչ Սիմոն Այանեան կը ձեռնարկէ նոր մարդահամարի մը, սակայն դժբախտաբար հոն տեղ չեն գտած կամ կորսուած են Գարատուրանի եւ Պաշօրտի տուեալները: Ըստ այդ մարդահամարին, Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը կը հաշուէին շուրջ 2363 անձ, որոնցմէ 779ը արտասահման կ’ապրէին:

1921ին՝ 2500 անձ:

1923ին՝ 3500 անձ:

1947 Յուլիս 25ին, Քեսապի 5100 բնակչութենէն Հայաստան կը ներգաղթեն մօտաւորապէս 2400 անձ:

1955ին՝ 1632 անձ:

1993ին՝ 1277 անձ:

Մեծ թիւով Քեսապցիներ կ’ապրին նաեւ օտար երկիրներու մէջ եւ ունին իրենց միութիւնները, ինչպէս՝ Պէյրութ, ԱՄՆ, Գանատա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ այլ երկիրներ:

Մինչեւ ներգաղթ (1947), Քեսապ շրջանը զուտ հայաբնակ էր: 1947էն ետք Քեսապի ժողովրդական պատկերը սկսաւ փոխուիլ: Գաղթող Քեսապցիներուն տեղ եկան հաստատւելու օտարազգիներ: Անոնք այսօր մեծ ներկայութիւն են Քեսապի մէջ Հայերու կողքին:

 

1909ի աղէտը

1909ի աղէտը առաջին սեւ ու ցաւալի պատուհասն էր Քեսապ շրջանին համար: Ապրիլ 10-23, հինգ հազար հաշուող թուրք խուժան մը արեւելքէն կը ներխուժէ Քեսապ: Թուրքերը Սեւ Աղբիւր, Էսկիւրան, Չինարճըգ եւ Խայըթ գիւղերը կողոպտելէ ու հրկիզելէ ետք, երեք կողմէ կը պաշարեն Քեսապ աւանը: Աղէտեալ գիւղերուն բնակիչները խուճապահար կը հասնին Քեսապ, 300 տեղացի զինեալներ բուռն կերպով կը դիմադրեն, սակայն Թուրքերը կը յաջողին գիւղին մէկ ծայրը այրել: Հայերը կ’ապաստանին Գարատուրանի լեռներն ու ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք, խուժանը կ’ուղղուի դէպի Գարատուրան, այնտեղ եւս կ’այրէ ու կը կողոպտէ վերի թաղի տուները: Հայերը Գարատուրանի ծովափէն կ’ուղղուին դէպի Պետրուսիա թրքական գիւղը, անկէ դէպի Պասիթ, ուր շուտով կը հասնի ֆրանսական Նիժեր փոխադրանաւը եւ ժողովուրդը Լաթաքիա կը փոխադրէ:

Լաթաքիոյ մէջ, Մովսէս Վարդապետ Ոսկերիչեանի գլխաւորութեամբ կը կազմուի աղէտեալներուն օժանդակ մարմին մը, որ տարագիրներու անմիջական կարիքներն ու բնակութեան տեղեր կը հոգայ, Հայոց հոգետան եւ արաբ եկեղեցիներու մէջ կամ առանձին ընտանիքներու մօտ:

Քեսապահայութիւնը աղէտին կու տայ 161 զոհ, բայց մեծ կ’ըլլան նիւթական կորուստները:

Կացութիւնը խաղաղելէն ետք, չտուժած գիւղերու բնակիչները կը վերադառնան իրենց տուները: Գաղթականները շուրջ մէկ տարի Լաթաքիա մնալէ ետք Քեսապ կը վերադառնան ու կը վերաշինեն իրենց տուները:

Աղէտին հետեւանքով, հայ եւ բարեսիրական հաստատութիւններ Քեսապի բնակիչներուն օգնութեան կը փութան:

Աղէտէն ետք Քեսապ կ’այցելէ Սսոյ Հայրապետ՝ Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան:

Քեսապի մէջ շուտով կը բացուին այրիանոց, որբանոց եւ մանչերու արհեստանոց: Տնտեսութիւնը վերականգնելու ճիգեր կը թափուին եւ մանաւանդ շինարարական բուռն թափ մը կը սկսի: Այդ օրերուն, Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ կը սկսին վերակառուցուիլ եկեղեցա-դպրոցական եւ մշակութային վիթխարի բազմաթիւ շէնքեր, որոնք մինչեւ օրս կանգուն են եւ շատեր կը շարունակեն ծառայել շրջանի հայութեան:

1915ի աղէտը

1915ի համազգային աղէտը դարձեալ կու գայ բանալու Քեսապցիներու սրտերէն ներս 1909ի աղէտի սպին: Յուլիս 26ին, տարագրութեան հրամանը Քեսապ կը հասնի հինգ օրէն ճամբայ ելլելու պայմանով: Նախ ժողովուրդը հրամանին չհնազանդելու եւ Գարատուրանի Տիւնակ լեռը

քաշուելու տրամադրութիւն կը յայտնէ: Դիմադրութեան կողմնակից կ’ըլլայ յատկապէս Գարատուրան գիւղի հոգեւոր հովիւ՝ Պետրոս Քհնյ. Փապուճեան-Աբրահամեանը: Սակայն դիմադրութիւն կազմակերպելու գործը չի յաջողիր:

Շրջանին Հայոց տարագրութիւնը կը սկսի Գարատուրան գիւղէն: Քեսապցիք կը տարագրուին երկու ուղղութեամբ.- դէպի Տէր Զօր եւ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Յորդանան: Հազարներ կը զոհուին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, ոմանք Ճըսր Շըղուր, Համա, Հոմս, Դամասկոս, Յորդանան ճամբուն վրայ, իսկ մեծամասնութիւնը՝ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ:

Տարագիրներու վերադարձը

Զինադադարէն ետք, վերապրողները կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց տուները: Առաջին անգամ Քեսապ կը հասնին բնիկ քեսապցի Ամերիկահայ լեգէոնական քանի մը կամաւորներ, որոնք ֆրանսական իշխանութիւններու Կիլիկիա մուտքէն ետք, 1918ի վերջաւորութեան, կը փախչին եւ կու գան իրենց հայրենի շրջանը: Այսպէսով կը շարունակեն Քեսապ վերադառնալ մնացեալ քեսապցի լեգէոնականները, մինչեւ Օգոստոս 1920: Մինչ այդ, արդէն հայրենի գիւղ վերադարձած կ’ըլլայ վերապրողներու մեծամասնութիւնը:

Լեգէոնականներու Քեսապ վերադարձը, բարերար դեր կ’ունենայ տարագրութենէն վերադարձող հայրենակիցներու ճակատագրին վրայ ու կը փրկէ զանոնք նորանոր արհաւիրքներէ, որովհետեւ այդ շրջանին մինչեւ 1922ի սկիզբները, անիշխանութիւն կը տիրէր ամբողջ Անտիոքի շրջանին մէջ:

Լեգէոնականներուն ու վերապրողներուն առաջին գործը կ’ըլլայ, բոլոր յարանուանութիւնները ներկայացնող ու վեց անդամներէ բաղկացած Ազգային Միութիւն մը հիմնել: Ապա կը կազմակերպուին զինուորական, ոստիկանական, դատական, տնտեսական եւ կրթական յանձնախումբեր: Ամենէն դժուար եւ անմիջական գործը, տիրող անիշխանութեան մէջ, շրջանին ապահովութիւնն էր: Շուրջ 40 կամաւորներէ կազմուած խումբ մը, գիշեր-ցերեկ կը շրջի գիւղէ գիւղ եւ դիրքէ դիրք: Ասոնցմէ ամենէն երեւելիները կ’ըլլան Ովսիա Սաղտճեան (Գարատային) եւ Միսաք Կիրակոսեան (Միսաքոյը):

Ամենէն վտանգաւոր գօտիներն էին արեւելքն ու հարաւը, ուրկէ ամէն վայրկեան յարձակումներ կ’ակնկալւէր: Քէմալական սպաներու հրոսակախումբեր, երբեմն խուժան մըն ալ հաւաքած, քանի մը անգամ կը փորձեն մտնել շրջանէն ներս, սակայն միշտ ալ կամաւորներու զօրաւոր դիմադրութեան կը հանդիպին: Ազգային Միութեան ոստիկանական ջոկատները ու արտերու պահակները, նոյնպէս առաջքը կ’առնեն ներքին կեանքը խռովող ամէն տեսակ յանցագործութեանց:

Ազգային միութիւնը կը նպաստէ վերականգնումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն:

1924ին, յարանուանութիւնները կը սկսին անկախ գործունէութեան: Ազգային միութիւնը ինքնաբերաբար անգործութեան կը մատնուի:

1921ին Քեսապ շրջանին մէջ, ծայր կ’առնեն նաեւ ներքին անախորժ դէպքեր, որոնք դժբախտաբար կը յանգին եղբայրասպան կռիւներու: Սակայն 1922ին, ֆրանսական իշխանութիւններու մուտքով խաղաղութիւն կը տիրէ:

ՔԵՍԱՊԻ ՄԻԱՑՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ

1938 Յուլիս 5ին, ֆրանսական իշխանութիւններու համաձայնութեամբ, թրքական զօրքերը կը մտնեն Ալեքսանտրէթի Սանճաքը:

Սեպտեմբեր 2ին, պաշտօնապէս կը յայտարարուի Հաթայի պետութիւնը եւ կ’ունենայ իր պետական սահմանները: Քեսապ շրջանը կը մտնէ այդ պետութեան սահմաններէն ներս: Հաթայի պետութեան շրջանին, թրքական զօրքերու ու պաշտօնեաներու կողմէ ծայր կ’առնեն բռնութիւններ, կեղեքումներ եւ տեղի կ’ունենան զինեալ բախումներ: Մեծ թիւով Քեսապցիներ կը փախչին Պէյրութ կամ կ’ապաստանին լեռները: Այդ շրջանին, Քեսապ կ’այցելեն հայ եւ ֆրանսացի բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:

1939 Յունիս 23ին, Հաթայի պետութիւնը պաշտօնապէս կը լուծուի եւ երկիրը կը կցուի Թուրքիոյ: Քեսապ շրջանի բնակելի մասը կ’անջատուի անկէ ու կը միանայ Սուրիոյ: Այդ ուղղութեամբ, մեծ դեր կ’ունենայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պապական նուիրակ Արհ. Ռէմի Լըփրեթրը: Սակայն, Թուրքիոյ կը կցուի Կասիոս լեռը, որուն լանջերուն ու ձորերուն կը գտնուէին շատերու միակ արտերը, պարտէզները, դափնիի անտառներն ու արօտավայրերը:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք

Վրայ հասնող Համաշխարհային Բ. պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, աւելի կը ծանրացնեն գիւղացիներուն տնտեսական կացութիւնը: Պէյրութ կը լեցուի քեսապցի սպասուհիներով եւ սպասաւորներով ու Քեսապէն արտագաղթողներուն թիւը կը շատնայ:

1947ին, շրջանի 5100 բնակիչներէն Հայրենիք կը ներգաղթեն 2407 անձ, այսինքն՝ բնակչութեան շուրջ կէսը:

1950-1960 թուականներուն, տնտեսական մեծ ու արմատական փոփոխութիւններ կը յառաջանան շրջանին մէջ:

1952ին, ամերիկաբնակ Քեսապցիներու օժանդակութեամբ՝ Քեսապ աւանը կ’ունենայ իր ելեկտրակայանը, իսկ 1970-1980 թուականներուն, գրեթէ բոլոր գիւղերը կ’օժտուին պետական ելեկտրականութեամբ:

1950-1960 թուականներուն, Քեսապ հետզհետէ հռչակ ձեռք կը բերէ իբրեւ ամարանոց: Այնպէս որ, այժմ շրջանին գրեթէ բոլոր գիւղերն ալ յայտնի ամարանոցներ են: Սուրիոյ զանազան շրջաններէն մեծ թիւով ընտանիքներ հոն կալուածներ ու տուներ ունին, ուր կ’անցընեն ամրան եղանակը, իսկ ոմանք ունին պտղատու ընդարձակ եւ եկամտաբեր կալուածներ:

Սուրիահայ հոգեւոր, մարզական եւ բարեսիրական բազմաթիւ միութիւններ ու հաստատութիւններ հոն ունին ամառնային կեդրոններ ու կալ-

ւածներ:

Այսօր, Հայոց կողքին օտար տարրն ալ մեծ ներկայութիւն է Քեսապի մէջ:

 «Նոր Յառաջ» 

Scroll Up