Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Յակոբ Պալեան Եւ Կարօ Յովհաննէսեան Զեկուցեցին «Հայ Մարդը Հայեցի Դաստիարակութեան Դիմաց» Նիւթով Կլոր Սեղանի Զրոյցի Ընթացքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/ous-21032014-720x424.jpg)
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ազգային առանցքային նիւթ նկատուող շահեկան զրոյց մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, կրթական մշակներու եւ համալսարանականներու:
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները` սփիւռքահայ մտաւորական Յակոբ Պալեան եւ կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեան: Անթոյեան ապա խօսքը փոխանցեց օրուան զրուցավար, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ դպրեվանքի ուսուցիչ Քրիստափոր Միքայէլեանի:
Շուրջ երկու ժամ տեւած կլոր սեղանի զրոյցի ընթացքին զրուցավար Քրիստափոր Միքայէլեան կատարեց զանազան հարցադրումներ` «Հայ մարդը հայեցի դաստիարակութեան դիմաց» առանցքային նիւթին շուրջ:
Կարօ Յովհաննէսեան, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Յակոբ Պալեան
Զեկուցաբեր-բանախօսներ Յակոբ Պալեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան յաջորդաբար անդրադարձան արծարծուած հարցերուն: Շինիչ քննադատութեան առարկայական մօտեցումով անոնք պարզեցին լիբանանահայ կրթական մարզի եւ յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան մարզի իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Պալեան եւ Յովհաննէսեան անհրաժեշտ նկատեցին հայեցի դաստիարակութեան վերանայումը, կրթական ազգային քաղաքականութեան եւ ռազմավարութեան ծրագրում-մշակումը, ղեկավարութեան ցուցաբերած մօտեցումի եւ մտայնութեան վերանայումը:
Կարօ Յովհաննէսեան իր կատարած հարցադրումներուն կողքին ներկայացուց համապատասխան առաջարկներու տարազներ` ուսուցիչներու վերաորակաւորում, «Մշակոյթի ամսուան» վերակենդանացում եւ այլն: Յովհաննէսեան շեշտեց հայ մօր դերակատարութիւնը` հայեցի դաստիարակութեան թէ օտար վարժարան դիմելէ խուսափելու գծով:
Նմանապէս, Յակոբ Պալեան շեշտը դրաւ ղեկավարութեան մակարդակի համակարգումի անհրաժեշտութեան վրայ, օրինակ` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին փոխարէն յառաջացնել «Լիբանանահայ վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդ», ժողովուրդը մօտեցնել իմաստասիրութեան եւ այլն:
Կլոր սեղանի շահեկան այս զրոյցին ընթացքին իրենց տեսակէտները պարզեցին նաեւ համալսարանականներ, որոնք իրենց համալսարանական կեանքի փորձառութենէն մեկնելով ներկայացուցին համապատասխան առաջարկներ:
Իրենց կարգին, ներկաներէն ոմանք արտայայտեցին իրենց տեսակէտները` հայեցի դաստիարակութեան, հայ ուսուցիչի արժանավայել ու անաչառ գնահատման, հայեցի դասանիւթերու ուսուցման, գիրքերու պատրաստութեան հայ ուսուցիչի առաքելութեան, եւ այլ հարցերու շուրջ:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գնահատելով զրոյցի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը, դրուատեց նախորդ սերունդներու ճիգերը` հայրենիքէն հեռու հայապահպանման իրենց առաքելութեան յաջողութեան մէջ: Շահէ սրբազան մաղթեց, որ միասնաբար գործելով կարելի ըլլայ յաղթահարել թուլութեան շրջանը եւ ստեղծել զարթօնքի նոր առիթ: