ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղը Մեկնարկը Յայտարարեց Իր Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, շաբաթ, 22 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մասնաճիւղի Զոքաք Էլ Պլաթի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի նշում եւ այս առիթով կատարուեցաւ կազմակերպուելիք շարք մը ձեռնարկներու յայտարարութիւն:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց խմբապետական աստիճանատուչութիւն: Խմբապետական աստիճանատուչութենէն ետք, արծուիկներու ու գայլիկներու մեծ կանչերուն ընկերակցութեամբ վերջիններէն ոմանք տուին իրենց խոստումը եւ ստացան համապատասխան սկաուտական աստիճաններ: Մեծ կանչին յաջորդեց Արի-Արենուշ խումբերուն խոստման արարողութիւնը, որուն ընթացքին 12 սկաուտներ կատարեցին իրենց սկաուտական խոստումը: Սկաուտական փողկապներուն օրհնութիւնը կատարեց Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան:

Արի-արենուշ խումբերուն խոստման արարողութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Վահան Համամճեան, որ շնորհաւորեց սկաուտները եւ յայտարարեց մասնաճիւղի 90-ամեակին սկիզբը եւ նշեց կատարուելիք ձեռնարկներուն շարքը:

Ապա շրջանային խմբապետութեան անունով խօսք առաւ շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ժանօ Քեչեճեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց սկաուտներն ու ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը:

Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան սրտի խօսքով ու պահպանիչով փակեց յայտագիրը:

Դրօշակի արարողութենէն ետք բոլոր սկաուտներն ու ներկաները միասնաբար կտրեցին մասնաճիւղի 90-րդ տարեդարձի կարկանդակը:

Իսկ երէկ` կիրակի, 23 մարտ 2014-ին, մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի ծիրին մէջ, Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի «տաղանդներու ցուցադրութիւն»-ը` ներկայութեամբ աւելի քան 400 ծնողներու, բարեկամներու եւ հիւրերու: 1.5 ժամ տեւող ձեռնարկը ճոխացաւ սկաուտական 13 խումբերու պատրաստած ներկայացումներով, երգերով ու պարերով:

www.aztagdaily.com

Scroll Up