Արեւմտահայերէնը Ֆրանսայի Պետութեան Ոուշադրութեան Կ՚արժանանայ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/lezou.jpg)
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարուհի Օրելի Ֆիլիփեթի «Էքսփրէս» շաբաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ կ՚անդրադառնայ շրջանային կամ փոքրամասնութեանց լեզուներու եւրոպական ուխտի վաւերացման հարցին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ներգաղթեալներու լեզուները ուխտէն պիտի ազդուի՞ն», նախարարը կը նշէ. «Ո՛չ, ուխտը ներգաղթեալներու լեզուներուն բացարձակապէս չի վերաբերիր: Սակայն 1999ին մենք «Ֆրանսայի լեզուներ» մտայղացումը սահմանեցինք: Ատիկա չի ներառեր իտալերէնը կամ փորթուկալերէնը, որոնք վտանգուած լեզուներ չեն, սակայն նկատի կ՚ունենայ լեզուներ, որոնք իրենց ծննդեան երկրին մէջ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ չունին, որոնք նաեւ խոցելի են, եւ որոնց պահպանումը կարեւոր է: Այսուհանդերձ, որդեգրուած 39 միջոցները բոլոր լեզուներուն պարագային պէտք է կիրարկուին»:
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարուհին նշած է այդ լեզուները. «Արաբերէն բարբառը, որ տարբեր է դասական արաբերէնէն, որ միայն պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ ունի, պէրպէրերէնը, գնչուերէնը, արեւմտահայերէնը, եիտիշերէնը (գերմաներէնի եւ եբրայերէնի խառնուրդ բարբառ մը) եւ հրեայ-սպաներէնը»: