Միասնական աշխատանքային ուժի արդիւնք՝ աշակերտական եզակի հանդէս մը

Եթէ ցանկութեանը համեմուած է յաջողութեան հասնելու կորովը, ապա մտահոգութիւն պատճառող ամէն տեսակի խոչընդոտ, շուտով կը դառնայ ոտքի տակ սփռուած, հեզասահ յառաջանալու, գորգ:

Ահա այսպէս, ծնողական, աշակերտութիւն, ծնողներ, տնօրէնութիւն համոզուած միասնական աշխատանքի հզօրութեան ու արդիւնքին, անվարան գործի ձեռնարկեցին: Անմիջապէս հարազատ մարդոց օգնութեան ձեռքերն ալ միացան. եւ եթէ բախտը ունեցաք վայելելու մեր աշակերտները, ապա վստահ եմ նկատեցիք, այնքան աչքառու, միասնական աշխատանքին ուժը:

Փորձերու յաճախութիւնը կարգ մը աշակերտներու ինչպէս նաեւ կարգ մը ծնողներու հանգիստը խանգարած ըլլալով մէկտեղ, այնուամենայնիւ հանդէսի խանդավառութիւնը ոգեւորած էր բոլորը: Գոքինիա-Ֆիքս, Ֆիքս-Գոքինիա կամաւորներու հոսքի ստէպութեան պատճառով ծլած էին շրջանի մատղաշ ծառերը, որոնց հասունցած ու համեղ պտուղը պիտի քաղուէր 23 Փետրուար, 2014-ի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ:

Հասած էր ժամը: Աւետիքեան սրահի ներսն ու դուրսը գոյացած եռուզեռը հետզհետէ կը սաստկանար. Ճէնազեանցի տաղանդաւոր արուեստագէտները թէպէտ լրիւ պատրաստ էին թնդացնելու սրահը, բայց եւ այնպէս իրենց անմեղ աչուկներով կը որոնէին խրախուսող տաքուկ խօսքեր ու նայուածքներ. բան մը, որ այնքան դիւրութեամբ կարելի էր ձեռք բերել այդ երեկոյ:

Մասնակցեցան միջնակարգի բոլոր աշակերտները:
Ունէինք հոյակապ՝ նուագախումբ, երգչախումբ, երգիչներ, պարողներ, դերասաններ, որոնց թեւերը այնքա՜ն հոգատարութեամբ խնամուած էին, որ կը մնար միայն թափ տային ու սաւառնէին: Այդպէս ալ կատարուեցաւ:

Խրախուսող հոծ բազմութիւնը միայն հանդէսին մասնակցող աշակերտներուն ծնողները չէին, այլ հայկական դպրոցներու գոյութեան եւ բարգաւաճման հաւատացող իւրաքանչիւր հայ. նոյնիսկ յոյն դաստիարակներ: Մէկ խօսքով, Հայկական բոլոր դպրոցները իրենց սրտերուն մէջ տաքուկ փայփայող իւրաքանչիւր անհատ:

Աշակերտներուն համար զանգը հնչեց: Սակայն այս անգամ սովորական զբօսանքէ մը դասի մասնակցելու հրաւէրը չէր: Քննութիւն մը, ուր միայն դասատուին աչքերը չէին, որ պիտի հետեւէին… ուրեմն աւելի ուշադրութեամբ եւ խնամքով պէտք էր մօտենային «հարցարանին»: Արտագրելու հնարաւորութիւնն անգամ չունէին, այսի՞նքն… բայց… ինքնավստահութի՞ւն, այո ունէին. եւ այսպէս՝ «Պարեց Սասունն ու ողջ աշխարհ հիացաւ», Ճէնազեանականները իրենց խօսքով, երգերով, պարերով ու թատրերգութեամբ, իրենք եւս խանդավառուած, ոգեւորեցին ու կեանք տուին ներկաներուն, յոյս եւ հաւատք ներշնչեցին նոյնիսկ քիչիկ մը թուլացողներուն:
Փառք ուպարծանք մեր աշակերտներուն:

www.azator.gr

Scroll Up