Հայերը Յունաստանի Մէջ. Հարցազրոյց Արա Մանկոյեանի Հետ
Յունաստանի հայ համայնքի մասին «ԵՌԱԳՈՅՆ»–ը զրուցել է տեղի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանի հետ։
–Կը խնդրենք պատմական ակնարկ մը տալ Յունաստանի հայ համայնքի մասին, ներկայիս հայ համայնքը ինչ պատկեր կը կրէ (թիւ, զբաղում, գործող կառոյցներ):
-Նախ պիտի ուզէի շնորհաւորել ”Եռագոյն”ի խմբագրութիւնը իր կատարած ազգօգուտ աշխատանքին համար: Բառին իսկական առումով ազգային ծառայութիւն կը մատուցանէ ան՝ քանի Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի համայնքներէն արեւմտահայերէն լեզուով լուրերու փոխանցումով, հայրենիքի մէջ անոր փրկութեան առաջամարտիկը կը դառնայ: Երանի ձեր նախաձեռնութիւնը իբրեւ օրինակ ծառայէ ուրիշներու ալ, որպէսզի արեւմտահայերէնի փրկութեան դրօշակիրները բազմանան Հայաստանի մէջ:
Գալով ձեր հարցումին, յայտնեմ թէ Յունաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները Քրիստոսէն առ նուազն հինգ դար առաջ կը յայտնուին ու Բիւզանդական Կայսրութեան ընդմէջէն կը հասնին մեր օրերուն: Յարաբերութիւններ՝ որոնք մերթ խիստ բարեկամական եղած են, նոյնիսկ եղբայրական, իսկ մերթ ընդհարումներու պատճառ դարձած, ի մասնաւորի Բիւզանդիոնի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան ու քաղկեդոնական դաւանանքի ստեղծած եկեղեցական խզման պատճառաւ: Բազմաթիւ հայ քաղկեդոնական կայսրեր բազմած են բիւզանդական գահին վրայ: Յունաստանի թրքական լուծէն ազատագրուելէն ետք (1828), երկրին մէջ ապաստան գտած են հազարաւոր հայեր, որոնց կարգին նոյնիսկ երեւելի յեղափոխականներ: Յատկանշական է նաեւ թէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան՝ Կորնթոսի նշանաւոր ջրանցքի շինութեան մասնակցած են բազմաթիւ մշեցի բանուորներ, որոնց հետագայ ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ: Հայութեան մեծագոյն զանգուածը սակայն, մօտ 100.000 հոգի, Յունաստան ապաստանած է Փոքրասիական աղէտէն ետք 1922-ին: 2.րդ աշխարհամարտէն ետք թիւը նօսրացած է իջնելով 12.000-ի՝ ներգաղթի ու դէպի Ամերիկա, Գանատա եւ Արժանթին մեկնումի պատճառով: Ներկայիս Յունաստանի մէջ գոյութիւն ունի շուրջ 30.000 հոգիէ բաղկացած համայնք մը, որուն 2/3.ը 1990-էն ետք հայրենիքէն արտագաղթած հայրենակիցներ են:
Համայնքը իր կառուցուածքով աւելի կը նմանի Միջին Արեւելքի մեր գաղութներուն քան թէ եւրոպականներուն: Տեղական բնոյթ կրող միութիւններ գրեթէ չեն գործեր այստեղ, այլ միայն համազգային գետնի վրայ գործող Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, Համազգայինը, ՀՕՄ.ը (Հայ Կապոյտ Խաչ անունով Աթէնքի մէջ եւ Հայ Գթութեան Խաչ անունով Հիւսիսային Յունաստանի մէջ), Բարեգործականը, եւ անշուշտ ՀՄԸՄ-ը իր բազմանդամ մարզական ու սկաուտական խումբերով: Կը գործեն նաեւ աւանդական կուսակցութիւններէն ՌԱԿ-ը եւ ՀՅԴ-ն՝ վերջինը իր երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններով եւ Հայ Դատի զօրեղ յանձնախումբով:
Թեմը ենթակայ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ որուն հովանիին տակ Աթէնքի մէջ կը գործեն երկու ամենօրեայ նախակրթարաններ ու մէկ եռամեայ միջնակարգ վարժարան ընդամէնը 270 աշակերտներով, իսկ հիւսիսային Յունաստանի մէջ վեց շաբաթօրեայ վարժարաններ շուրջ 300 աշակերտներով: Դպրոցներուն նկատմամբ ազգային իշխանութիւնները երեք պարտականութիւններ ունին.
Առաջին` ապահովել անոնց գոյատեւման համար անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրները,
Երկրորդ՝ Ուսումնական Խորհուրդի եւ Տնօրէններու գործակցութեամբ որդեգրել հայալեզու բաժնին համար յարմարագոյն կրթական ծրագիրն ու դասագիրքերը եւ
Երրորդ՝ ապահովել քաղաքի զանազան շրջաններէն աշակերտներու ամէնօրեայ փոխադրութիւնը դպրոց:
Հոգեւոր կեանքի մարզէն ներս, Աթէնքի շրջակայքին մէջ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ կը գործեն երեք հայկական եկեղեցիներ եւ մէկ ակումբ աղօթասրահ, իսկ հիւսիսային Յունաստանի մէջ վեց եկեղեցիներ եւ մէկ ակումբ աղօթասրահ:
Վերոյիշեալ բոլոր կառոյցներուն ղեկավարումը կը կատարուի ընտրեալ Ազգային Վարչութեան եւ անոր ենթակայ զանազան մարմիններուն կողմէն:
Զուգահեռաբար Աթէնքի մէջ կը գործէ նաեւ Սբ. Էջմիածնին ենթակայ հաւաքականութիւն մը, որ կը պահէ մէկ եկեղեցի ու մէկ նախակրթարան մօտ 60 աշակերտներով: Իսկ հեռաւոր Կրետէ կղզիին մէջ կը գործէ եկեղեցի մը եւս, որ ենթակայ է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան: Մայրաքաղաքին մէջ կան նաեւ փոքրաթիւ սակայն բաւական աշխոյժ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներ իրենց համապատասխան աղօթատեղիներով:
Յունահայ համայնքը Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ միակն է որ հակառակ իր անդամներու համեմատաբար փոքր թիւին ու նիւթական խիստ դժնդակ պայմաններուն, եկեղեցիներէ ու վարժարաններէ զատ կը պահէ նաեւ հայկական հայալեզու եւ յունալեզու մամուլ. այսինքն ՀՅԴ.ի պաշտօնաթերթ ”Ազատ Օր” օրաթերթը եւ յունալեզու ”Արմենիքա” պարբերաթերթը, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ ”Նոր Աշխարհ”-ը, որ կը հրատարակուի երկշաբաթօրեայ հերթականութեամբ: Կը գործեն նաեւ ինթերնէթային ռատիոկայան, խիտ ակմբային ցանց ու կը կազմակերպուին ամառնային բանակումներ:
Աթէնքէն դուրս հիմնականօրէն կը գործեն եօթը Թաղային խորհուրդներ, որոնք ենթակայ են Յունահայ Թեմի Ազգային Վարչութեան: Անոնցմէ ամենամերձաւորը Աթէնքէն 500 քիլօմեթր հեռու Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ կը գտնուի, իսկ ամենէն հեռաւորը՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ Թրակիոյ շրջանի Տիտիմոթիխօ եւ Օրէսթիատա զոյգ քաղաքներուն մէջ, կեդրոնէն շուրջ 900 քիլօմեթր հեռու: Թէ՛ Թեսաղոնիկէն եւ թէ՛ Թրակիան, աւանդաբար մէկական հեռանիստ անդամով կը մասնակցին Ազգային Վարչութեան կազմին: Թրակիոյ թաղային խորհուրդները (Գավալա, Քսանթի, Գոմոթինի, Ալեքսանտրուփոլի եւ Տիտիմոթիխօ – Օրէսթիատա) կը կազմեն Միջթաղային Խորհուրդ մը, համադրելու համար իրենց բազմապիսի աշխատանքները:
Թեսաղոնիկէէն 85 քիլօմեթր հեռու գտնուող Սերրէս քաղաքին մէջ եւս, տարիէ մը ի վեր կազմուած է Թաղային խորհուրդ ու վարձուած է սրահ մը, որ կը գործածուի իբրեւ վարժարան, ակումբ եւ աղօթասրահ: Գրեթէ բոլոր վերոյիշեալ քաղաքներուն մէջ կը գործեն ՀՕՄ.ի (Հայ Գթութեան Խաչ), եւ Համազգայինի մասնաճիւղեր:
Պէտք է շեշտել թէ յատկապէս Թեսաղոնիկէի դերը ընդհանրապէս Յունահայ համայնքի կեանքին մէջ եղած է միշտ եզակի ու ծանրակշիռ: Ան հինէն ի վեր հիւսիսային Յունաստանի մեր ազգային կեանքին կեդրոնը կը հանդիսանայ: Թաղային Խորհուրդը որ սերտօրէն կը գործակցի Հայ Գթութեան Խաչին հետ, կը հովանաւորէ թէ՛ Սելանիկի եւ թէ՛ Սերրէսի Ծաղկոց վարժարանները, ինչպէս նաեւ Հ.Գ.Խաչի Խալքիտիքիի համբաւաւոր երիտասարդական ամարանոցը: Քաղաքին մէջ կը գործեն նաեւ Համազգայինը, Բարեգործականը, ՀՄԸՄ-ը, եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը: Վերջինը, ուշագրաւ գործունէութիւն կը ծաւալէ մասնաւորաբար ի նպաստ Հայ Դատին:
-Հայ համայնքի մասնակցութիւնը Յունաստանի քաղաքական հասարակական կեանքին (համայնք- պետութիւն կապը): Համայնքի կապը Հայաստանի հետ տեղի մեր հայրենակիցները ինչքանով տեղեակ են Հայաստանի իրադարձութիւններուն եւ ինչ ներդրումներ ունին, (Հայաստան այցելողներ տեղափոխուողներ…)
-Համայնքային իշխանութեանց հիմնական նպատակներուն մաս կը կազմէ, զարկ տալ համահայկական մտածողութեան զարգացման՝ միջ-գաղութային ու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդումով, ինչպէս նաեւ սատարել Յոյներու մօտ Հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային արժէքներու ծանօթացման: Այսպէս, ոչ միայն համայնքի իշխանութիւնները այլեւ Հայ Դատի Յանձնախումբը սքանչելի յարաբերութիւններ կը պահեն Հելլէն իշխանութեանց, կուսակցութիւններուն եւ զանազան քաղաքապետութիւններուն հետ:
Շնորհիւ համադրուած ճիգերու, այսօր կարեւոր թիւ մը կը կազմեն Յունական եւ Հայկական քաղաքներու եղբայրացումները:
Վերջապէս, ըստ պետական արարողակարգին, համայնքային իշխանութիւնները պաշտօնապէս կը մասնակցին Յունաստանի ազգային ու եկեղեցական բոլոր տօնախմբութեանց:
Հայ Դատի մարզէն ներս, Յունաստանը կը հանդիսանայ մէկը այն պետութիւններէն որ առաջիններէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ի դէպ յայտնենք թէ տուեալ օրինագիծը խորհրդարան ներկայացնողը այժմու վարչապետն էր:
Մեր ամենօրեայ վարժարաններու յոյն ուսուցիչները ձրիօրէն կը տրամադրուին Յունաստանի Կրթական Նախարարութեան կողմէ:
Մինչեւ վերջերս, հայ ուսուցիչներու վճարումն ալ կը կատարուէր պետութեան կողմէ, սակայն ներկայիս այդ նպաստը սահմանափակուած է պիւտճէական կրճատումներու պատճառաւ:
Հայաստան – Յունաստան միջպետական գործակցութեան ծիրէն ներս իւրաքանչիւր տարի հայ երիտասարդ կուրսանտներ կ’ուսանին Յունաստանի Ռազմական Ակադեմիոյ մէջ: Իրենց ուսման աւարտին անոնք հայրենիք կը վերադառնան, իբրեւ սպայ ծառայելու համար Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն մէջ: Այսպէս ամէն տարի, Աթէնքի մէջ ուսանող հայ կուրսանտներու ընդհանուր թիւը կը տարուբերի 15-20.ի միջեւ: Այս պարագան ամուր կապեր ստեղծած է զոյգ երկիրներու զինուորական ղեկավարութեանց միջեւ:
Յատկանշական եւ յուզիչ է նոյնպէս, Եգէական ծովու Սիրոս գեղեցիկ կղզիի քաղաքապետութեան կողմէ ամէն ամառ գործադրուող Արցախի պատանիներու ամառնային արձակուրդի ծրագիրը, որ անխափան կը շարունակուի երկար տարիներէ ի վեր։
Ինչ կը վերաբերի համայնք – հայրենիք կապերուն, ան շնորհիւ բովանդակ համայնքի պատրաստակամութեան եւ Հայաստանի Դեսպանութեան, ամուր հիմերու վրայ հաստատուած է: Զանազան առիթներով հայրենի պետական անձնաւորութեանց Յունաստան այցելութիւնները բաւական յաճախակի են: Այսպէս, տարիներու ընթացքին երկիրը այցելած են ՀՀ երեք յաջորդական Նախագահները, ԼՂՀ Նախագահը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահը, Սփիւռքի Նախարարը, Արտաքին Գործոց Նախարարը եւ ուրիշներ: Քանի մը ամիս առաջ Յունաստան այցելեց ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը, իսկ վերջերս ԼՂՀ Մշակոյթի եւ Երիտասարդական Հարցերու Նախարարը՝ որ մասնակցեցաւ Յոյն-Հայ բարեկամութեան նորաստեղծ միութեան կողմէ կազմակերպուած կլոր սեղանի զրոյցի մը, «Հայաստան-Արցախ՝ մէկ ազգ, մէկ պայքար» նիւթով:
Կարժէ նշել նաեւ թէ 2013-ի ամրան Յունաստանի հայկական վարժարաններէն հինգ ուսուցչուհիներ մասնակցեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած հայ ուսուցիչներու վերապատրաստման խիստ շահեկան դասընթացքներուն հայրենիքի մէջ:
Հայաստանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ, համայնքի անդամներուն իրազեկութիւնը շնորհիւ ”Ազատ Օր” օրաթերթին որ տպագիր հրատարակութենէն զատ ինթերնէթային կայքէջ ալ կը պահէ՝ անմիջական է: Յուսադրիչ է մանաւանդ մեր երիտասարդներու մասնակցութիւնը ազգային ու միութենական կեանքին, որոնք Ապրիլ 24-ի, Մայիս 28-ի, Սեպտեմբեր 21-ի եւ այլ առիթներով՝ խանդավառութեամբ կը դրսեւորեն իրենց հայրենասիրական զգացումները:
–Համայնքը ի՞նչ դժուարութիւններ ունի։
Դժբախտաբար անցնող վեց տարիները ծայր աստիճան ժխտական հետեւանքներ ունեցան բովանդակ Յունաստանին համար: Տնտեսական տագնապը՝ երկիրը հասցուց սնանկութեան եզրին, ժամանակաւորապէս վտանգելով նոյնիսկ անոր անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութենէն ներս: 2009-էն մինչեւ այսօր, տնտեսութիւնը նահանջեց աւելի քան 25%, ընդհանուր անգործութիւնը հասաւ 30%-ի, իսկ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ գերազանցեց 60%-ը: Կրկնապատկուեցան նաեւ պետական տուրքերը: Այս բոլորը առաջնորդեցին ժողովուրդի կենսամակարդակի աննախընթաց անկման եւ յուսախաբութեան:
Բնականաբար, տնտեսական տագնապը բոլոր Յոյն քաղաքացիներուն նման, հարուածեց նաեւ Յունահայութեան: Մեր պարագային հարուածը կրկնապատիկ էր, որովհետեւ անոր հետեւանքները կը կրենք թէ’ իբրեւ անհատ հելլէն քաղաքացիներ եւ թէ’ հաւաքաբար իբրեւ համայնք: Այսօր, համայնքի տնտեսական վիճակը մտահոգիչ պատկեր մը կը ներկայացնէ՝ վտանքելով նոյնինքն մեր կառոյցներու գոյութիւնը: Զրկուած ենք եկամուտի լուրջ աղբիւրներէ, մինչ բարդուած են բազմապիսի (եկամտային, կալուածային, ի նպաստ չքաւորներու եւայլն) հսկայական նոր տուրքեր:
Ուրիշ դժուարութիւն մը այն է թէ Յունահայ համայնքը խճանկարի կը նմանի այսօր: Հին Յունահայեր զանազան քաղաքական եւ դաւանական շերտաւորումներով: Մեծ թիւով օտարացածներ: Նորեկներ, որոնք ժամանած են հայրենիքէն կամ ալ ուրիշ գաղութներէ: Այս բոլորը տարբեր սովորութիւններ եւ մտայնութիւններ կը կրեն ու ստիպուած են զիրար ճանչնալ եւ իրարու հետ գոյակցիլ: Ազգային Վարչութիւնը, Թաղային Խորհուրդներու գործակցութեամբ, ճիգ չի խնայեր հարթելու համար առկայ բոլոր տարբերութիւնները: Ի միջի այլոց, բոլոր ազգային կառոյցներուն մէջ բազմացուցած է մեր հայաստանցի հայրենակիցներուն մասնակցութիւնը՝ որոնք ընդհանուր թիւին մէջ կարեւոր համեմատութիւն մը կը կազմեն այլեւս:
Պէտք է նշել առարկայական դժուարութիւն մը եւս, որ ընդհանրապէս աննկատ կ’անցնի: Անիկա կը վերաբերի առաւելաբար հայերէնի ուղղագրութեան: Առանց մեր պատասխանատւութեան՝ մեր երեխաները տեղ մը դասական ուղղագրութիւն կը սորվին, ուրիշ տեղ մըն ալ աբեղեանական: Հաւանաբար աշխարհի մէջ միակ ազգն ենք որ երկու տարբեր ուղղագրութիւններ կը գործածէ: Այս մէկը գործնական հասկնալի դժուարութիւններէն զատ, կրնայ հոգեբանական խրամատ ստեղծել համայնքի բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ, ո՛չ միայն խոչընդոտելով համարկումը, այլ նոյնիսկ իրարմէ անջատ զուգահեր համայնքներու ստեղծման պատճառ դառնալով: Տուեալ խնդրի արմատական լուծումը մենք կը սպասենք հայրենի իշխանութիւններէն եւ մանաւանդ մտաւորականութենէն: