Օքլընտի Ս. Վարդան Եկեղեցին 5000 Տոլար Կը Նուիրէ Հայաստանի «Նագգաշեան» Կեդրոնին

Օքլընտի Սուրբ Վարդան Հայց. եկեղեցին, շարունակելով իր բարեսիրական ջանքերը՝ 5000 Տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնը վայելող եւ Արեւմտեան թեմին հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ գործող «Մեր Յոյս» ծրագիրին կողմէ հաստատուած «Նագգաշեան» կեդրոնին, ուր չափահաս օրիորդներ կը խնամուին եւ կը պատրաստուին իրենց ապագայ կեանքի ասպարէզին:
Առ ի գիտութիւն, թեմիս ծուխերէն շատերը Հայաստանի մէջ որդեգրած են «Քոյր եկեղեցիներ» եւ ամէն տարի իրենց նիւթական աջակցութիւնը կը բերեն անոնց:

http://asbarez.com/

Scroll Up