Լօխ-Կիներու Միջազգային Օր. «Մեր Գոյութեան, Ինքնութեան Պահպանման Մէջ Հայ Կինը Մեծ Դեր Ունի» Հաստատեց Աւօ Կիտանեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/Avo-Guidanian_lokh-720x400-1.jpg)
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 10 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ԼՕԽ-ական Նանիկ Գայթանճեանի:
Լենա Գալուստեան
Բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, որ 8 մարտը վերածուեցաւ իգական սեռի ազատագրութեան օրուան եւ կնոջ շինիչ դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու առիթի: Անոր համաձայն, կիներու նկատմամբ խտրականութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ անոր յառաջդիմութեան: Լ. Գալուստեան ապա անդրադարձաւ հայ կնոջ կարգավիճակին` յայտնելով, որ ան եւս պայքարած է իր իրաւունքներու ձեռքբերման համար, թէեւ հայ կինը միշտ ալ իր տեղն ու դերը ունեցած է հայկական իրականութեան, յատկապէս ընտանեկան միջավայրին մէջ` իբրեւ հայ ընտանիքի հիմքը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց կիները` մաղթելով, որ անոնք կը շարունակեն իրենց նուիրական առաքելութիւնը եւ պայքարը:
Օրուան բանախօսն էր Աւօ Կիտանեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ կնոջ ունեցած դրական ու կարեւոր դերակատարութեան` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, յատուկ կերպով շեշտելով հայ կնոջ ունեցած մեծ ու կարեւոր ներդրումը հայ սերունդներ կերտելու, հայօրէն ապրող եւ հայ զգացող տղաք ու աղջիկներ կազմաւորելու իմաստով: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեր պատմութեան ընթացքին իր ուրոյն դրոշմը ունեցած հայ կինը արժեւորելու մասին եւս պէտք է մտածուի:
Աւօ Կիտանեան ըսաւ, որ եթէ այսօր կանք իբրեւ հայեր, եթէ հայ լեզուն տակաւին կը հնչէ, ատիկա հայ մօր եւ կնոջ շնորհիւ է անպայման. թէեւ կան կազմակերպութիւններ, որոնք կը պահպանեն մեր արժէքները, սակայն մեծ է հայ կնոջ ու մօր դերը, որոնք անհանդուրժելի պայմաններու մէջ իսկ կառչած մնացին լեզուն իրենց զաւակներուն փոխանցելու նուիրական առաքելութեան: Անոր համաձայն, նման մեծութեան դիմաց միայն կարելի է խոնարհիլ, որովհետեւ ցաւերուն ամէնէն ահաւորն անգամ չկրցաւ ընկճել հայ կնոջ կամքն ու կորովը:
Մերօրեայ կեանքին մէջ կնոջ ունեցած կրկնակի պատասխանատուութիւններուն մասին խօսելով` բանախօսը նշեց, թէ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեան եւ մարտահրաւէրներուն, հայ կինը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ` իր ուսերուն առնելով հայ ընտանիքի պահպանութիւնը:
Ապա Աւօ Կիտանեան հաստատեց, որ կիներու նուիրականութեան, համբերութեան, կամաւոր աշխատանքի ռահվիրայ ըլլալու իրողութեան լաւագոյն ապացոյցը ԼՕԽ-ն է, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ եւս ճանչցուած ու յարգուած կառոյց է` իբրեւ բարեսիրական, մարդասիրական, առողջապահական ծառայութիւններ մատուցող կեդրոն:
Ներկայիս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով` Կիտանեան յիշեց օտար ամուսնութիւններու ու հայ աշակերտներուն` օտար դպրոց յաճախելու երեւոյթը, նկատել տալով, որ հոս եւս հայ կինը եւ մայրը պարտականութիւն ունին կատարելիք, որպէսզի նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ կարելի ըլլայ հայ սերունդներ կերտել: Ան նշեց, որ եթէ ընտանիքին մայրը հայ է, ինքնաբերաբար զաւակները հայօրէն կ՛ապրին ու հայ կը զգան իրենք զիրենք: Բանախօսը անհեթեթ նկատեց այն մօտեցումը, որ կինը կրնայ երկրորդ մակարդակի անձնաւորութիւն ըլլալ ու ստորադաս նկատուիլ տղամարդուն հետ բաղդատելով` հաստատելով, որ տարբեր մարզերու մէջ կինը ինքզինք փաստած է, հասած է բարձր ու պատուաբեր մակարդակներու եւ դիրքերու: Իրողութիւն մը, որ ի զօրու է նաեւ հայկական իրականութեան մէջ, ուր տարբեր դիրքերու վրայ գերակշռող ներկայութիւն են իգական սեռի պատկանողները:
Իր խօսքի աւարտին Աւօ Կիտանեան դիտել տուաւ, որ հայ կինը իր ոգին փոխանցելով նոր սերունդին, ինք եւս կը շարունակէ մնալ երիտասարդ ու կորովի` միշտ դէպի լուսաշող ապագայ առաջնորդելով սերունդները:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարօ Քէլէշեանը` մեներգ, Նաթալի Գելխաչիկեանը` ասմունք, Կարօ Սվագճեանը` նուագ եւ Մարալ Անտոնեանը` պար:
aztagdaily.com