Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակ – արիւնատուութիւն Գոքինիոյ մէջ

40 շիշ արիւն գոյացաւ մեր հայրենակիցներու ազնիւ մատուցումէն…

Յունաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկներու բացումը կատարուեցաւ Հ. Կ. Խաչի կողմէ կազմակերպուած արիւնատուութեամբ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։

Մեր հայրենակիցներէն շատեր, կարծես ուխտ մը կատարելու հոգեկան բարձր տրամադրուածութեամբ, ամէն տարի ներկայ կ’ըլլան արիւնատուութեան արշաւին, գոհունակութիւն ստանալով իրենց կատարած մատուցումէն։
Երէկ առաւօտեան ժամը 10.30 – 13.30 Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի սրահներէն ներս տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի արիւնատուութիւնը։

Հայրենակիցներու գոհացուցիչ թիւ մը ներկայացաւ արիւն տալու եւ կարելի եղաւ 40 շիշ արիւն գոյացնել, հակառակ որ ներկաներէն մաս մըն ալ մերժուեցաւ պատասխանատու բժիշկին կողմէ, տարբեր պատճառներով: Կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեամբ ամէն տարի իրագործուող այս նախաձեռնութիւնը, միշտ ալ իր շուրջ կը համախմբէ արիւն տալու պատրաստ հայրենակիցներ: Երիտասարդներ, աւելի տարեցներ, բոլորը փութացին մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կատարուող արիւնատուութեան արշաւին։ Ներկայ եղան նաեւ Յու-նաստանի մէջ ուսանող հայ սպաներէն վեց հոգի։
Ստացուած արեան քանակութիւնը, այս տարի դարձեալ տրամադրուեցաւ ԻՔԱ հիւանդանոցային համակարգի պահեստանոցներուն, հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահք դրուած արեան քանակը:
Երէկ Գոքինիոյ մէջ մէջ օրուայ պատասխանատուները՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային եւ Գոքինիոյ «Սօսէ» տեղական վարչութիւններու ընկերուհիները, ներկայ գտնուեցան առտուան կանուխ ժամերէն, օգտակար հանդիսանալով արիւնատու կամաւորներու տուեալներու արձանագրութեան, եւ բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն հետ հսկելով արիւնատուութեան լաւագոյն ձեւով կազմակերպման։ Անոնք մեծապէս օգտակար հանդիսացան յարակից տարբեր աշխատանքներու:
Հարկ է նշել, թէ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի տուեալ նախաձեռնութիւնը՝ անձնուէր մատուցում մըն է մեր բոլոր հայրենակիցներուն օգտին: Անձնազոհութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսացող կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը իր հաւատարիմ շրջանակը ունի, որ տարիէ տարի կը նորոգուի՝ ազնիւ գաղափարին հաւատացող հայրենակիցներու մասնակցութեամբ։
Ինչպէս ծանօթ է, բոլոր այս տարիներուն ընթացքին, որ Հ. Կ. Խաչը արիւնատուութեան իր արշաւը կը կազմակերպէ, պահք դրուած արեան քանակութիւնը՝ չափազանց մեծ թիւով հայրենակիցներու օգտին տրամադրուած է, իրենց դիմագրաւած առողջապահական դժուար պարագաներու ժամանակ։
Շեշտենք, որ արիւնատուութեան երկրորդ փուլը պիտի կայանայ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս Կիրակի 6 Ապրիլ 2014ին։

http://www.azator.gr/

Scroll Up