Մամուլի Խմբագիրներու Հանդիպում` «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Շաբաթ, 8 մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը` լիբանանահայ  մամուլի մարզին մէջ խմբագրապետի պաշտօնը վարած եւ այժմ գործող գլխաւոր խմբագիրներու:

Հանդիպման նպատակին մասին խօսեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ ըսաւ, թէ այսօրուան դրութեամբ տպագիր մամուլին դիմագրաւած հարցերը դարձած են բազմազան ու բազմաբնոյթ` մարդուժի հարց, ընթերցողներու խաւը կայուն պահելու մարտահրաւէր, ելեկտրոնայինին դիմաց տպագիրին պարզած վիճակը եւ այլն: Ան նշեց, որ այս մարզին մէջ գործողներուն կամ փորձառութիւն ունեցողներուն միջեւ կայացած այս հանդիպումը կը միտի սկիզբ մը ըլլալ բարձրաձայն խօսելու այս բոլոր հարցերուն մասին` փորձելով լուծման ուղիներու մասին մտածել:

Յակոբ Պալեան անդրադարձաւ մամուլին մէջ առաւել եւս ժողովուրդին առօրեային տեղ տալու կարեւորութեան, աշխատակիցներու պատուեգիներ ճշդելու դրութեան:

Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ արեւմտահայ մամուլին մէջ լրատուութիւնը միշտ արեւմտահայերէնով կատարելու կարեւորութիւնը` հեռու արեւելահայերէնէ կամ այդ մտածողութենէն: Ան նաեւ շեշտեց, որ գրաւոր մամուլին մէջ պէտք է քննադատութիւնը իր ներկայութիւնը ունենայ, գնահատականները ըստ արժանւոյն պէտք է ըլլան:

Սարգիս Նաճարեանի համաձայն, կայ մասնագէտ լրագրողներու բացակայութիւն, որուն համար անհրաժեշտ է համապատասխան գնահատականներ ճշդել, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր ուժեր ներգրաւել:

Ժիրայր Դանիէլեան նշեց, որ օրին սերունդ պատրաստելու մասին չէ մտածուած, այդ պատճառով ալ յառաջացած են այսօրուան դժուարութիւնները:

Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ աւելի պէտք է աշխատանք տանիլ փոփոխութիւն կատարելու, իսկ ատիկա կրնան ընել այս հաւաքին մասնակիցները: Ան նշեց, որ ձեռնարկներու կազմակերպիչներուն կողմէ եկած թղթակցութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւասարակշռութիւն պահել:

Համբիկ Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ մինչ ժամանակին մտաւորականները առաջնորդողի դերակատարութեան մէջ կ՛ըլլային, այսօր լուսանցքի վրայ մնացած են կամ ետեւի շարքերը մղուած են: Ուստի ան կարեւոր նկատեց, որ յաջորդող հանդիպումներուն ներկայ ըլլան նաեւ որոշում տուող պատասխանատուները:

Արամ Սեփեթճեան նշեց, որ պատուոյ աշխատակիցները արդէն իսկ գումար գանձելէ հեռու են, որովհետեւ մամուլի միջոցով իրենց գաղափարները հասցնելու առիթ կ՛ունենան:

Պարոյր Աղպաշեան եւս լուսարձակի տակ առաւ մարդուժի պարագան` դիտել տալով, որ մամուլով հետաքրքրուած երիտասարդներ կան, սակայն պէտք է ներգրաւել զանոնք: Ան առաջարկեց, որ նման հանդիպումներ իրենց շարունակութիւնը ունենան, որպէսզի հարցերը առանձին առանձին քննարկուին:

Ահարոն Շխրտըմեան ըսաւ, որ պէտք է նախ ճշդել, թէ մամուլ հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք մենք, նաեւ` ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն գաղութի ղեկավար մարմինները, որոնցմէ շատ բան կախեալ է: Ասիկա պէտք է ճշդուի, որպէսզի յստակ դառնայ մամուլին ներկան ու ապագան:

Ռոզէթ Ալէմեան-Մահսէրէճեան նշեց, որ պէտք է մամուլին մէջ անդրադարձ կատարուի նաեւ մեր ընկերութեան յոռի երեւոյթներուն, նաեւ կարեւոր նկատեց երիտասարդները քաջալերելը, զանոնք մղելը, որպէսզի մամուլին մօտիկ ըլլան եւ աշխատակցին անոր:

Նորա Բարսեղեան լուսարձակի տակ առաւ մարդուժի պատրաստութեան իմաստով կարեւոր հանգամանք մը` արեւմտահայերէնի իմացութիւնը, որ մեծ կարեւորութիւն ունի հայատառ մամուլին մէջ դերակատարութիւն եւ ներդրում ունենալու համար:

Շահան Գանտահարեան նշեց, որ պէտք է մարդուժ պատրաստելու մասին մտածել դպրոցական տարիներէն, մանաւանդ որ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մրցումներուն նկատելի կ՛ըլլայ գրիչ ու հայերէնի լաւ իմացութիւն ունեցող դպրոցականներու ներկայութիւնը:

Տիգրան Ճինպաշեան բացատրեց, որ դպրոցներուն մէջ ներկայիս կիրարկուող ծրագիրներու բերումով շեշտը կը դրուի համալսարան հասնելու նպատակին վրայ` նուազ տեղ տալով հայ մարդ պատրաստելու կարեւորութեան:

Ժողովականները գնահատելով նախաձեռնութիւնը, առաջարկեցին, որ նման հանդիպումներ շարունակուին` ունենալով մասնակի օրակարգեր` հայ մամուլի այսօրուան խնդիրներուն հետ կապուած:

aztagdaily.com

Scroll Up