Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան ձեռնարկները

Շաբաթ՝ 22 Փետրուար 2014-ին Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան Միօրեայ վարժարանը նշեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Վարժարանի ուսուցիչները ներկայացուցին Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Արշիլ Գորկիի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Սիամանթոյի կենսագրութիւններն ու կատարած աշխատանքները: Ձեռնարկի ընթացքին վարժարանի սաները հարցումներով փորձեցին աւելին գիտնալ Հայ բարերարի ու մտաւորականներուն մասին: Աւարտին՝ ցուցադրուեցաւ Հայոց լեզուի մասին փաստագրական տեսաերիզ մը։
Կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան նախաձեռնող խումբին, Շաբաթ՝ 22 Փետրուար 2014-ին, Հայ Տան մէջ իրականացունեցաւ «Շախմատն այլ Տեսանկիւնէ» խորգիրով սեմինար մը: Օրուան զեկուցաբեր պրն. Գրիգոր Մանուչարեան ներկայացուց՝ ճատրակի պատմականը, ճատրակը իբրեւ արուեստ եւ գիտութիւն թեմաները: Ելոյթի ընթացքին ան անդրադարձաւ ճատրակի մէջ հայերուն ունեցած յաջողութեան մասին:
Շաբաթ՝ 1 Մարտ 2014-ին Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան «Հայորդիք» պարախումբը իր ելոյթներով մասնակցութիւն ունեցաւ Պուլկարիոյ Ազգային տօնին նշումին: Միութիւնը ողջունեց ու շնորհաւորեց պուլկարացի ներկաները իրենց ազգային տօնին առիթով եւ քաջալերեց, որ ներկայ սերունդը սորվի պուլկարերէնն ու պահէ պուլկարական աւանդոյթները: Կազմակերպող կողմը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Մշակութային Միութեան եւ յուշանուերներ պարգեւեց կազմակերպութեան:
Կիրակի՝ 2 Մարտ 2014-ին Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան նախաձեռնող խումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք Հայ Տան մէջ: Սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 հայորդիներ: Բարի գալստեան խօսքէն ետք մասնակիցները իրար ողջունելէ ետք սկսան մրցիլ: Մրցաշարքի առաջին տեղը գրաւեց պրն. Հրաչ Քարէյեան, երկրորդ տեղը՝ պրն. Ստիուարտ Ֆրանքլին, երորրդ տեղը՝ պրն. Սամուէլ Մելքումեան: Խրախուսական մրցանակ ստացան երկու փոքրիկներ Արամայիս Պետրոսեանն ու Աշոտ Յարութիւնեանը: Փակման խօսքի ընթացքին կազմակերպութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու բոլոր մասնակցիներուն որոնք տեղեկանալով մրցաշարքի մասին ցանկութիւն յայտնած էին ներկայ գտնուիլ ու մասնկացիլ:
Տաթեւ Սուլեան
Պարսելոնա