«Հայաստան – Արցախ՝ մէկ ազգ, մէկ պայքար» նիւթով Ժողովրդային հաւաք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/aghbalian-narine-hay-houin-paregamoutian-tsernarg-panel_28-2-14.jpg)
Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի 26 Փետրուար 2014ին, ժամը 17:30ին, Աթէնքի մէջ Պոլսեցիներու միութեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց նուիրուած՝ «Հայաստան-Արցախ՝ մէկ ազգ, մէկ պայքար» նիւթին:
Օրուայ հիւրն էր Արցախէն յատկապէս հրաւիրուած ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանը:
Յոյն-Հայ բարեկամութեան նորաստեղծ միութիւնը, որու կ’անդամակցին յոյն եւ հայ անձնաւորութիւններ, աշխուժ կերպով կը կատարէ իր ստեղծման նպատակին ծառայող նախաձեռնութիւններ: Այս ծիրէն ներս, իր կազմակերպած առաջին ելոյթը երկրաշարժի աղէտի զոհերու յիշատակութեան ձեռնարկն էր, Աթէնքի հայկական խաչքարին մօտ, ապա՝ Արցախի նուիրուած սոյն կլոր սեղանի զրոյցը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսեցիներու միութեան նախագահ Նիքոլաոս Ուզունօղլու, որ ուրախութիւն յայտնեց իրենց միութեան կեդրոնատեղիէն ներս Արցախի նուիրուած ձեռնարկը հիւրընկալելու կապակցութեամբ: Նախապէս ցուցադրուեցաւ Ցվետանա Փասքալեւայի «Արցախի վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կ’անդրադառնար հայկական փոքրաթիւ ջոկատներէն ազգային բանակի կազմաւորման եւ ապագայի յուսատու օրերուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան քարտուղար Անտոնիս Փաւլիտիս, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի կազմակերպման նպատակին, ջերմօրէն ողջունեց Արցախի մշակոյթի նախարարուհիի ներկայութիւնը եւ փոխանցեց Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի ողջոյնները, որ Երեւան կը գտնուէր Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիսի պաշտօնական պատուիրակութեան որպէս մասնակից:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունահայոց թեմակալ առաջնորդը, Հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելին, հոգեւոր հայրեր, ՀՀ դեսպանորդը, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետը, ՀՀ հիւպատոսը, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի անդամներ, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հայ Բարեգործական Միութեան, Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչներ:
Ներկայ էր նաեւ հելլէն խորհրդարանի անդամ Անասթասիոս Ներանծիս, ինչպէս եւ Կիպրոսի խորհըրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան, Յունաստանի մէջ ասորիներու միութեան նախագահը, Յունաստանի Համապոնտական դաշնակցութեան անդամներ եւ պոլսեցիներու միութեան անդամներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը:
Կլոր սեղանի զրոյցին մասնակցեցան ՀՀի մօտ Յունաստանի առաջին դեսպան Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս, որ ներկայացուց Արցախի անկախացման նախորդած պատմական պահերը, դիւանագիտական շարժումները եւ քաղաքական գետնի վրայ առնուած նախաձեռնութիւնները, որպէս ականատես նաեւ անձնական իր վկայութիւնը տալով՝ ճակատագրական այդ օրերու եղելութիւններուն շուրջ:
Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան նախագահ Նիքոս Լիղերոս, իրեն յատուկ ոճով եւ եզակի մօտեցումներով, շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուց Արցախի ռազմական նշանակութեան մասին: Ան նշեց, թէ արդէն երեք անգամ այցելած է Արցախը եւ հպարտ կը զգայ որ մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին», ԼՂՀ այցելած այլ անձնաւորութիւններու կողքին:
Նիքոս Լիղերոս խօսեցաւ նաեւ Արցախի քաջարի ժողովուրդին մասին, որոնց նմանցուց յունական պատմութեան հերոսներէն՝ Լէոնիտասի եւ իր 300 մարտիկներուն: Շեշտեց, թէ Արցախի ժողովուրդը կÿուզէ արժանապատուութեամբ ապրիլ իր կեանքը, իր պատմական հողերուն վրայ:
Իրեն յատուկ սուր քննադատական ոճով՝ Նիքոս Լիղերոս օրինակ մը բերաւ՝ յոյն-թրքական յարաբե- րութիւնները ներկայացնելով եւ հետեւութիւնները ժողովուրդին ձգելով: Ան ըսաւ, թէ «պարզապէս ձեզի ըսեմ, թէ Արցախի մէջ ազերիներուն՝ թուրք կը կոչեն, իսկ մենք, հոս, թուրքերուն՝ դրացի կը կոչենք…»:
«Արցախի միջազգային ճանաչման իրաւունքը» նիւթին շուրջ խօսեցաւ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանը: Իր խօսքը ճարտարօրէն յունարէնի կը թարգմանէր ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը:
Ձեռնարկի կազմակերպման առիթով նախարարուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան, շեշտելով թէ այս կը վկայէ երկու ազգերու դարաւոր բարեկամութեան բարձր մակարդակի մասին:
«Այս օրերուն մեր ժողովուրդը կը նշէ մեզ համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած երկու թուականներ, ղարաբաղեան ազատագրութեան պայքարի եւ սումկայիթեան ջարդերու թուականները: Ղարաբաղեան շարժումը կը խորհրդանշէ ժողովուրդի ինքնիշխան իրաւունքը՝ ապրելու իր պատմական հողերուն վրայ: Եւ հաստատելու համար որ Արցախը հին պատմական հող է, շատ փաստեր կան հին պատմաբաններէ, որոնց կարգին՝ Սթրավոն» ըսաւ նախարարուհին ու շարունակեց անդրադառնալով 1988ի Փետրուարի եղելութիւններուն, երբ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտեց՝ անկախանալու Ատրպէյճանէն եւ միանալու Հայաստանին: Ճակատագրական շարունակութիւն ունեցաւ այդ պահերը:
«Մենք առաջինն էինք, որ խախտեցինք Խորհրդային Միութեան լռութիւնը եւ յայտարարեցինք մեր կամքի մասին: Մեր առջեւ դրուեցաւ ֆիզիքական բնաջնջման խնդիրը, եւ կարելի չէր թոյլատրել 1915ի եղելութիւններու կրկնութիւնը: Այդ ժամանակ պատահած իրադարձութիւնները ծանօթ են բոլորին, ինչպէս եւ Յունաստանի կառավարութեան, որ այդ օրերուն Յունաստան տեղափոխեց եւ պատսպարեց Արցախ բնակող յոյն քաղաքացիները: Անոնցմէ ոմանք վերադարձան Արցախ եւ այսօր յունական համայնքը պաշտօնապէս արձանագրուած երկու համայնքներէն մէկն է Արցախի մէջ» ըսաւ Նարինէ Աղապալեանը:
26 տարիներ ետք, այսօր Արցախը ազատ եւ ժողովրդավար պետութիւն մըն է: «Մենք գիտակցաբար ընտրած ենք ժողովրդավարութեան ճամբան: Եւ այս կը հաստատեն մեր երկիրը այցելած հարիւրաւոր դիտորդներ, որոնց շարքին նաեւ փրոֆ. Նիքոս Լիղերոս:
Մենք պետութիւն կառուցեցինք եւ յաջողութիւններու հասանք Ատրպէյճանի կողմէ յարձակողապաշտութեան մշտական սպառնալիքի պայմաններու տակ: Այսօր Ղարաբաղի հետ Ատրպէյճանի սահմանը բաժնուած է 250 քիլոմեթր երկայնքով եւ այդ սահմանը կը պաշտպանեն 18-20 տարեկան երիտասարդ զինուորներ: Բայց սահմանին վրայ ամէն օր կրակոցներ կը հնչեն եւ մենք ունինք զոհեր: Բայց մենք, այլ ելք չունինք՝ մեր արժանապատուութիւնը պահելու համար. այսօ՛ր եւ մի՛շտ ալ մեր անվտանգութեան միակ երաշխաւորը՝ հայկական բանակն է»:
Իր խօսքի շարունակութեան մէջ ԼՂՀ նախա-րարուհին անդրադարձաւ Մինսկի խումբի միջնորդական առաքելութեան, նշելով թէ բանակցութիւններու ծիրէն ներս ճիգ կը կատարուի խաղաղ գործընթացը ապահովելու, որը սակայն մինչեւ այսօր լուրջ արդիւնքներ չէ տուած: Նախարարուհին նշեց, թէ որքան ատեն որ Արցախը որպէս բանակցային կողմ չի մասնակցիր բանակցութիւններուն, կարելի չէ լուծում ակնկալել:
«Ատրպէյճանի պահուածքը որեւէ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր. եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր, բնա՛ւ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ լման ազգ մը կը յայտարարէ թշնամի, եւ հայատեացութեամբ կը լեցնէ իր ժողովուրդը, մանուկներու ծննդեան առաջին պահէն: Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առաջին քայլը քաղաքակիրթ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ: Այսօր Ատրպէյճանը պատրաստ չէ քաղաքակիրթ երկխօսութեան, ոչ ալ վաղը պատրաստ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իր սերունդները տարբեր ձեւով կը դաստիարակէ:
Անցնող տարիներուն ընթացքին մենք կարողացանք պաշտպանել մեր սահմանը: Այս կը նշանակէ թէ Ատրպէյճան կը գիտակցի թէ՝ ի տեղի չէ յաւակնութիւններ ունենալու մեր դէմ, ռազմական դաշտին վրայ:
Ռազմական արուեստի տեսանկիւնէ դժուար է մեկնաբանել Արցախի մէջ տեղի ունեցածը: Ատրպէյճանը կը շարունակէ մեկուսացման մէջ պահել Արցախը: Եթէ մարդ խորհի թէ մեր նոր հանրապետութիւնը ինչպէ՛ս կրցաւ դիմադրել Ատրպէյճանի մնայուն սպառնալիքներուն, ինչպէ՛ս կրցաւ յաղթել պատերազմին մէջ, ապա միայն մէկ բացատրութիւն կարելի է տալ. թէ մենք կը պայքարինք մեր հայրենիքին համար, մեր սեփական հողին վրայ:
Ատրպէյճանը կը շարունակէ մեկուսացման քաղաքականութիւնը, ոչ միայն տնտեսական գետնի վրայ, որովհետեւ քաջ գիտէ թէ Արցախի կողքին կանգնած է Հայաստանը եւ Սփիւռքը, որ շըրջափակման անցնող տարիներուն կարողացած են ոտքի կանգնեցընել ու հզօրացնել Արցախը:
Ատրպէյճան կը վախնայ ճշմարտութենէն: Որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կապուած է Արցախեան հարցին հետ, աշխարհի ամէնատարբեր տեղը, աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւնը, կը փորձէ խանգարել ու կասեցնել: Նոյնիսկ համաշխարհային հեղինակութիւն հանդիսացող անձնաւորութիւնները «սեւ ցուցակի» մէջ ներառնելով, եղելութիւն՝ որ կը փաստէ թէ որ- քան անհեթեթ է այս մօտեցումը:
Նախարարուհին շեշտեց թէ Արցախը օգտուեցաւ իր սահմանադրական իրաւունքէն եւ իր տարածքին վրայ ճշդեց իր ինքնորոշման իրաւունքը: «Պարզապէս աշխարհը պէտք է ճանչնայ այդ իրաւունքը: Ինքնորոշման իրաունքը ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը երաշխաւորող ազդակ է» ըսաւ ան:
Իր խօսքը եզրափակելով, նախարարուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի պետութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք պաշտպանեցին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները: Նշեց թէ Յունաստան եկած էր 2003 թուականին, երբ որպէս ղեկավար կ’ուղեկցէր պատանիներուն, որոնք ամառնային արձակուրդ պիտի անցնէին Սիրոսի մէջ: «Մեծապէս կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնը, որ մեզի օգնեց եւ գօտեպնդեց, այն տարիներուն, երբ ուրիշներ բնաւ գործ չէին ուզեր ունենալ չճանչցուած երկրի մը ժողովուրդին հետ»:
Այսօր Արցախի համար սկսած է նոր փուլ՝ Արցախի ճանաչման փուլը, եւ այդ կը կատարուի անկախ բանակցային գործընթացէն: «Առանձին-առանձին փոքր գործեր են, բայց իրար քով բերելով, ցոյց կուտան, թէ գործընթաց մը սկսած է, որ այլեւս անհնար է կասեցնել: Արցախի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ հռչակագրեր ընդունուած են Ամերիկայի նահանգներու, քաղաքներու, Աւստրալիոյ մէջ: Արդէն կը ստեղծուին միջխորհրդարանական խումբեր Արցախի եւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ: Վերջին տարուայ ընթացքին Ֆրանսայի եւ Լիթվայի մէջ ստեղծուեցան նման խումբեր» ըսաւ նախարարուհին, փակելով իր խօսքը գնահատանքի մթնոլորտի մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ եղող հայ եւ յոյն ժողովուրդը լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ բանախօսներու զեկոյցներուն, գնահատելով յոյն բարեկամ անձնաւորութիւններու համոզումն ու նուիրումը՝ Ղարաբաղի հարցը լսելի դարձնելու եւ միջազգայնօրէն արդարութիւն ու ճանաչում հաստատելու իմաստով:
http://www.azator.gr/