Միացեալ Հայկական Ֆոնտը 12 Ամիսներու Ընթացքին 26 Միլիոն Տոլար Նպաստ Հասցուցած Է Հայաստան Եւ Արցախ
Հոկտեմբեր 1, 2012էն Սեպտեմբեր 30, 2013 երկարող ժամանակաշրջանին Միացեալ հայկական ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած է 26 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական նպաստ՝ ըստ կազմակերպութեան ելեւմտական վերջին քննարկումին։
Ելեւմտական քննարկումը ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Միացեալ հայկական ֆոնտը իր եկամուտին միայն 1 տոկոսը տրամադրած է վարչական ծախսերու՝ մնացեալը յատկացնելով Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի օժանդակութեան։
Միացեալ հայկական ֆոնտը իր կողմէ տրամադրած է 18 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, զորս նուիրած էին զանազան բարեգործական կազմակերպութիւններ, ներառեալ՝ «Տայրեքթ Ռիլիֆ Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը (9.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ), «ԱմերիՔերզ» կազմակերպութիւնը (6.7 միլիոն տոլար), Կաթողիկէ բժշկական առաքելութեան վարչութիւնը (1.3 միլիոն տոլար), «Ֆիտ Տը Չիլտրըն» հիմնարկը (504,000 տոլար), «Էմ.Էյ.Փի. Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը (283,000 տոլար) եւ Քանատայէն «Հելթ Փարթնըրզ Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը (95,000 տոլար)։
Հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու անհատները եւս մեծարժէք իրեր նուիրած են այս ժամանակաշրջանին. օրինակ՝ «Ուորլտ Վիժըն»ի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը (2 միլիոն տոլար), Աւստրալիոյ Հայկական քրիստոնէական առաքելութիւնը (613,000 տոլար), Հայ որբերու օգնութեան միութիւնը (564,000 տոլար), Վարդանանց Ասպետները (613,000 տոլար), Հայկական «Փարոս» բարեգործական հիմնարկը (277,000 տոլար), ԱՐՏԱ կազմակերպութիւնը (250,000 տոլար), Կարնի հիմնարկը (231,000 տոլար), «Ֆոքըս ան Չիլտրըն Նաու» կազմակերպութիւնը (213,000 տոլար), Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց Հայց. առաքելական եկեղեցին (201,000 տոլար), Իլինոյէն բժ. Սթիվըն Քաշեան (200,000 տոլար), «Փրոճեքթ Ակափէ» կազմակերպութիւնը (178,000 տոլար), Հայաստանի ակնաբուժական ծրագիրը (157,000), բժիշկ Նշան Կուտսուզեան (155,000 տոլար), Իտալիայէն «Փոլիթեքնիքօ տի Միլանօ» համալսարանը (154,000 տոլար), Բրիտանիայէն «Պըրթլինք» կազմակերպութիւնը (145,000 տոլար), Զուիցերիայէն «ՍեմրաՓլաս» կազմակերպութիւնը (127,000), Ֆրանսայէն Ժիւլիէթ Սրապեան (127,000 տոլար), բժ. Փիթըր Գոճեան (106,000 տոլար), Ֆրանսայէն «Մետիքըլ Լայնզ Քլապ» կազմակերպութիւնը (101,000) եւ փրոֆ. Իսրայէլ Չառնի (100,000 տոլար):
Մեծ քանակութեամբ պիտոյքներ նուիրած են նաեւ հետեւեալ անհատներն ու կազմակերպութիւնները. Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (93,000 տոլար), Ֆրանսայէն Աշոտ Շմաւոնեան եւ «Ասոսիասիոն տը Սութիէն օ Փաթրիոթ Արմէնի» կազմակերպութիւնը (93,000 տոլար), Արեւմտեան Շրջանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը (91,000 տոլար), Ֆրանսայի Ս. Ղազար վանքը (85,000 տոլար), բժ. Վարդգէս Նաճարեան (73,000 տոլար), Հայաստանի բարեկամներ կազմակերպութիւնը (72,000 տոլար), «Ինթըրնեշընըլ Մետիքըլ Աութրի»չ կազմակերպութիւնը (71,000 տոլար), «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնարկը (62,000 տոլար), ԱՐՓԱ հիմնարկը (52,000 տոլար), «Քընետիըն Պլատ Սըրվիսըզ» կազմակերպութիւնը (50,000 տոլար), Հայ միջազգային ակնաբանական ընկերակցութիւնը (44,000 տոլար), Միքայէլ Օհանեան (37,000), Հրաչ Կէվրիքեան (30,000 տոլար), «Ֆրի Ուիլչլր Միշըն» կազմակերպութիւնը (29,000 տոլար), Միացեալ Նահանգներու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը (28,000 տոլար), «Հոլոճիք» հաստատութիւնը (25,000 տոլար) եւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի յիշատակի ընկերութիւնը (24,000 տոլար)։
Ըստ Միացեալ հայկական ֆոնտի ամենավերջին ելեւմտական տարուան՝ Սեպտեմբեր 30, 2013ին կատարուած հաշուեցոյցին՝ անցեալ 24 տարիներուն Միացեալ հայկական ֆոնտը Հայաստան եւ Արցախ փոխադրած է 679 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2115 ծովային արկղերով։
Միացեալ հայկական ֆոնտը համատեղ աշխատանքն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել 1101 North Pacific Avenue, Suite 204, Glendale, CA 91202 հասցէին կամ հեռաձայնել (818) 241-8900 թիւին։
http://asbarez.com/