Անդրադարձ. Խիզախ Եւ Հնչեղ Քայլ Մը
Աշխարհի տարածքին Հայ դատի յանձնախումբերն ու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները կը շարունակեն հանդիպումներ ունենալ իրենց երկիրներուն մէջ Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ եւ անոնց փոխանցել Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարար Սիմոնեթա Սոմարուկային ուղղուած դիմում մը, որուն մէջ անոնք Զուիցերիոյ իշխանութիւնները կը քաջալերեն բողոքարկելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 17 դեկտեմբեր 2013-ի այն վճիռը, որ Զուիցերիան անարդար կերպով կ՛ամբաստանէր Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը բռնաբարելու համար եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վիճելի հարց կը նկատէր:
14 փետրուարին աւելի քան երեսուն ցեղասպանագէտներ եւ պատմաբաններ բաց նամակ մը յղեցին նախարարին` մատնանշելով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին կողմէ որդեգրուած որոշումին մէջ «պատմական եւ հայեցակարգային սխալներ»-ը եւ ընդգծելով, որ «Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարողներուն յստակ համոզումն է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն զանգուածային ջարդերը ամբողջովին կը համընկնին ՄԱԿ-ի` ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման հռչակագիրին մէջ սահմանուող «ցեղասպանութիւն» եզրին»: Անոնք նաեւ յիշեցուցին, որ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութեան պատճառ դարձած էր:
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւնը նախարար Սոմարուկայի ուղղուած իր 24 փետրուար թուակիր եւ 5 էջերէ բաղկացած նամակով ամբողջացուց եւ յաւելեալ հնչեղութեամբ օժտեց այդ արշաւը: Ընկերակցութիւնը նշեց, որ «Թուրքիոյ մէջ ժխտողականութիւնը պարզապէս կրաւորական կեցուածք մը չէ, այլ` գործօն յարձակում մը, որ բռնարարքի առիթ ընծայող ցեղապաշտական մթնոլորտ կը ստեղծէ»: Թրքական կազմակերպութիւնը յիշեցուց, որ Եւրոպական խորհրդարանը 27 սեպտեմբեր 2006-ին բուռն կերպով դատապարտած էր ոչ միայն Փերինչեքի ղեկավարած «այլատեաց ցեղապաշտական Թալէաթ փաշա կոմիտէն(…)` լրջօրէն ոտնահարելուն համար եւրոպական սկզբունքները», այլ նաեւ` Լիոնի ու Պերլինի մէջ այդ կոմիտէին կազմակերպած ժխտողական ցոյցերը:
Թուրք իրաւապաշտպանները հայերուն նման նշեցին, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումը ժխտողականութիւնը կը քաջալերէ եւ Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին, բողոքարկելու այդ որոշումը: Ընկերակցութիւնը Զուիցերիոյ իշխանութեանց եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի ուշադրութեան յանձնեց, որ 17 դեկտեմբերի վճիռը ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարականացման հոլովոյթին վրայ:
Եւրոպական դատարանն ու Զուիցերիոյ իշխանութիւնները այժմ հարցի լրջութեան եւ տարողութեան մասին յստակ պատկերացում մը ունին, եւ Զուիցերիոյ կողմէ տխրահռչակ վճիռի բողոքարկման պարագային, մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու կոչուած դատարանը պիտի կանգնի երկընտրանքի մը առջեւ. խօսքի ազատութեան սխալ մեկնաբանումը վերահաստատելով Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարականացման յոյսերը ականահարե՞լ, թէ՞ զայն սրբագրելով այդ հոլովոյթը ամրապնդել:
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւնը լաւապէս հասկցած է, որ ժխտողականութիւնը կը բացառէ ժողովրդավարութիւնը, ուստի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի այս վճիռը կը վտանգէ Թուրքիոյ մէջ լիարժէք ժողովրդավարութեան հաստատումը: Ընկերակցութիւնը կը գիտակցի, թէ ներկայ պահուն ձեռնածալ մնալուն համար աւելի սուղ գին պիտի վճարէ, քան իր համոզումներուն տէր կանգնելուն համար: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի դատավճիռը բողոքարկելու համար մինչեւ 17 մարտ երկարող պայմանաժամը, որ արագ շարժելու հրամայականը կը ստեղծէ:
Վստահաբար, Թուրքիոյ մէջ լուրջ բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան լիիրաւ հաստատման ձգտող թրքական այլ խմբաւորումներ եւս այս վճիռին բեկանման կարեւորութեան կը գիտակցին, սակայն յառաջադէմ եւ խիզախ թրքական այս ընկերակցութեան օրինակին պիտի հետեւի՞ն, թէ՞ վախի ազդեցութեան տակ պիտի նախընտրեն լուռ մնալ եւ ջայլամի քաղաքականութիւն որդեգրել:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
www.aztagdaily.com