Ողջակիզումին Եւ Ցեղասպանութեան Միջեւ Տարբերութիւն Չկայ. Աքչամ
Արդէն արձագանգած էինք պատմաբան Թաներ Աքչամի կողմէ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի առաջին մասին, ուր Աքչամ կը բողոքէր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ատեանին (ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ տրուած որոշումին դէմ եւ ցաւ կը յայտնէր, թէ այն վճիռը կը ձգէ այդ տպաւորութիւնը, թէ ո՛չ մէկը կրնայ ուրանալ Հրէական Ողջակիզումը, բայց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը ազատ է։
Աքչամ կը գրէ, թէ ԵՄԻԱի սխալն այն է, որ զատորոշած է Հրէական Ողջակիզումն ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Աքչամ նախ դիտել կու տայ, որ «սպիտակամորթի եւրոպական մտածողութիւն» մը կայ այն տեսակէտին ետին, թէ միայն Ողջակիզումը զանգուածային բնաջնջում է։ Ան կը նշէ, որ ըստ ատեանին՝ Ողջակիզումը բոլորին կողմէ ընդունուած է, մինչդեռ Ցեղասպանութիւնը այդպէս չէ։ Ըստ Աքչամի՝ ատեանը պէտք չէ յենակէտ դարձնէր այն պնդումը, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տակաւին բանավէճի նիւթ է՝ նման քայլ մը ատեանին «անվայել» նկատելով: «Այսպիսի թէզ մը յառաջ քշելը պարզապէս զիջում մըն է Թուրքիոյ նման ուրացող երկրի մը քաղաքական ուժին դիմաց», կ՛աւելցնէ ան։
Աքչամ կ՛ըսէ նաեւ, որ երկուքին միջեւ միակ տարբերութիւնն այն է, որ Գերմանիա ընդունած է իր մեղքը, մինչդեռ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ։ Աքչամ կը նշէ, որ եւրոպական երկիրները Ողջակիզման նկատմամբ աւելի զգայուն են, որովհետեւ այդ սպանդը կատարուած է Եւրոպայի կեդրոնը։ Այլապէս, բոլոր այն տուեալները, որոնք առկայ են Ողջակիզման պարագային, առկայ են նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային։ Գալով բանավէճի նիւթին՝ Աքչամ կը շեշտէ, թէ ի պահանջել հարկին, կարելի է գտնել անհամար մարդիկ, որոնք այսօր իսկ կ՛ուրանան Հրէական Ողջակիզումը։
Աքչամ կը յիշեցնէ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային հանրային կարծիքին կողմէ ընդունուած է, եւ միայն Թուրքիան կ՛ուրանայ զայն։ «Բայց արեւմտեան կարգ մը երկիրներ զատորոշում մը կ՛ընեն Ողջակիզման ու Ցեղասպանութեան միջեւ, որպէսզի չվշտացնեն Թուրքիան», կ՛աւելցնէ ան:
Իսկ երկրորդ կէտը, որուն վրայ ԵՄԻԱ հիմնած է իր որոշումը, այն էր, թէ Ողջակիզումը ընդունուած է դատական որոշումով, մինչ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դատական որեւէ որոշում չկայ։ Աքչամ կը գրէ, որ ինք չի հասկնար, թէ ԵՄԻԱ ինչպէ՞ս կրցած է յանգիլ այս եզրակացութեան, որովհետեւ երկուքին միջեւ, ըստ էութեան, որեւէ տարբերութիւն չկայ։
Աքչամ կը շեշտէ, թէ Ողջակիզման մասին եւս միջազգային դատական որեւէ որոշում գոյութիւն չունի իրականութեան մէջ։ Նիւրեմպերկի դատավարութեանց ընթացքին Ողջակիզման խօսքը չէ եղած։ Մինչեւ այսօր, ցեղասպանութեան մասին դատական որոշում միայն երկու դէպքերու համար ընդունուած է, մէկը՝ Ռուանտայի, միւսը՝ Սրեպրենիցայի պարագային:
Աքչամ կը պնդէ, թէ միջազգային իրաւակարգին կողմէ Ողջակիզումն ու Ցեղասպանութիւնը կը նկատուին «մարդկութեան դէմ ոճիր»ներ, եւ կը յիշեցնէ, թէ «մարդկութեան դէմ ոճիր» ասութիւնը առաջին անգամ գործածուած է Հայկական Ցեղասպանութեան առիթով։
Աքչամ իր երկարաշունչ յօդուածին վերջաւորութեան դիտել կու տայ հետեւեալը. «Մասամբ հասկնալի է, որ այս նիւթը Եւրոպայի մէջ բանավէճի նիւթ կը դառնայ՝ որպէս իրաւական հարց, բայց Թուրքիա տակաւին այս մակարդակին չէ հասած: Թուրքիոյ մէջ տակաւին շատ լայն զանգուածներու կողմէ ատելութեան յանցագործութիւններ կը կատարուին անցեալին մէջ սպանդի ենթարկուածներուն՝ հայերու, ասորիներու կամ յոյներու նկատմամբ: Թուրքիոյ մէջ տակաւին Այշէ Գուլինի նման յայտնի գրագէտներ՝ «Մենք հայերը կեցած տեղը չջարդեցինք» կրնան ըսել, հոգ չէ թէ վերջը կ՛աւելցնեն, որ լեզուի սայթաքում ունեցան։ Այս պատճառով, Թուրքիոյ մէջ այս հարցը նախ պէտք է ձեռք առնուի ոչ թէ դատական մակարդակի վրայ, այլ՝ խղճմտանքի մակարդակի վրայ։
http://asbarez.com/