ԼՂՀ Մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղապալեանը Աթէնք պիտի ժամանէ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/02/4457241362473117.jpg)
Յառաջիկայ շաբթու ընթացքին Աթէնք պիտի այցելէ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղապալեանը, որ հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը՝ չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Աթէնքի մէջ Պոլսեցիներու միութեան սրահէն ներս:
Ձեռնարկը կը վայելէ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութիւնը: Խօսքերով հանդէս պիտի գան նաեւ միութեան նախագահ Նիքոս Լիղերոս, Հայաստանի մէջ Յունաստանի առաջին դեսպան, դիւանագէտ Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս եւ այլանձնաւորութիւններ: Ձեռնարկը կը կրէ «Հայաստան-Արցախ. մէկ ազգ, մէկ պայքար» խորագիրը:
Աթենահայութիւնը յաւելեալ առիթ մըն ալ պիտի ունենայ տեսակցելու ԼՂՀ նախարարուհիին հետ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ ծրագրուած ժողովրդային ձեռնարկի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 24 փետրուար, 2014-ին, Ֆիքսի «ԱրամՄանուկեան» ակումբէն ներս: ԼՂՀ նախարարուհին ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր խօսքը ուղղէ մասնակիցներուն:
azator.gr