Քուէյթահայ Համայնքի Ազգային Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զուիցերիոյ Դեսպանատուն

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, ազգային մարմիններու կողմէ ներկայացուցիչ Եղիա Կարպուշեան եւ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան այցելեցին Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ բողոքի նամակ մը յանձնեցին Ա. քարտուղար Օվի Հաութըրին:
Հաութըր Զուիցերիոյ դեսպանին երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով անձամբ ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Կարճատեւ հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը յայտնեց իր բողոքը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումին դէմ, ինչպէս նաեւ խնդրեց զօրակցութիւն` զուիցերիական իշխանութիւններուն մերժելու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին:
www.aztagdaily.com