Տրապիզոնի նախկին կուսակալը. «Եթե լուր ունենայի, կը կանխէի Տինքի սպանութիւնը

Հիւսէյն Եավուզտէմիր, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարիներուն Տրապիզոնի կուսակալ էր, յայտնած է, որ ո՛չ Ապահովութեան տնօրէնութեան եւ ո՛չ ալ Ոստիկանութեան կողմէ իրեն տեղեկութիւն տրուած Հ. Տինքի դէմ կազմակերպուող սպանութեան առընչութեամբ: Եավուզտէմիր յայտնած է, որ եթէ իրեն դոյզն-ինչ նշան մը տրուած ըլլար, ինք կը կանխէր այդ սպանութիւնը: “Պոլսոյ կուսակալին անձնական նամակ մը կը գրէի եւ կը խնդրէի որ ան անհրաժեշտ միջոցներուն դիմէր: Այն ատեն Պոլսոյ կուսակալը կը ստիպուէր կանխել դէպքը”,- ըսած է ենթական՝ շարունակելով. “Քանի որ որեւէ տեղեկութիւն չտրուեցաւ ինծի, կը խորհիմ թէ այս գործին ետին պետութեան մէջ պետութիւն հանդիսացող կազմակերպութիւնը կայ: Եթէ պետութեան կուսակալէն կարգ մը բաներ կը պահուին, կը նշանակէ որ շատ վտանգաւոր կացութիւն եւ յետին նպատակ կայ այս գործին մէջ: Ուստի պէտք է այս դէպքերը Հանրապետութեան դատախազներուն կողմէ պրպտումի նիւթ դառնան”:
Իր այս մտածումներու հիման վրայ, Եավուզտէմիր շեշտած է, որ պետութեան մէջ ներթափանցած եւ պետութեան համազօր իրաւասութիւններով գործող ուժերը չէզոքացնել դիւրին չէ: Այդ ուժերը չէզոքացնելու համար երկար ժամանակ հարկ է: Առաջին առթիւ, պէտք է պաշտօնազրկել բարձրագոյն դիրքերու վրայ բոյն դրած պատասխանատուները: Պէտք է ձեռք անցընել այդ խմբակներու տրամադրութեան տակ գտնուող եւ սպառնալիքի նիւթ ծառայող փաստաթուղթերը: Որովհետեւ պաշտօնազրկուող անձեր երբ պաշտօնէ հեռացուին, կրնան իրենց հետ տանիլ կարգ մը փաստաթուղթեր եւ յետագային զանոնք գործածել մութ նպատակներու համար:
«Նոր Յառաջ»