Ազգային Լեւոն Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի 50-ամեակի Հանդիսութիւնները` Բարձր Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 2014-ին մեծաշուք հանդիսութիւններով կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը:

Յոբելենական հանդիսութիւններուն կը նախագահէ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Այս նպատակին համար յառաջացած է յոբելենական յատուկ մարմին մը, որուն հովանիին տակ կը գործեն երկու այլ մարմիններ` 50-ամեակի գործադիր մարմինը եւ 50-ամեակի շրջանաւարտից մարմինը:

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 50-ամեակի յոբելենական մարմինին մաս կը կազմեն`

– Վրէժ Սապունճեան

– Փանոս Մանճեան

– Անդրանիկ Մսըրլեան

– Գառնիկ Մկրտիչեան

– Ժան Մոմճեան

– Լեւոն Ջննոզեան

– Րաֆֆի Ուրֆալեան (Միացեալ Նահանգներ)

– Անդրանիկ Անտոնեան (Միացեալ Նահանգներ)

– Վարուժան Քէօսէեան (Միացեալ Նահանգներ, Հայ կրթական հիմնարկութեան ներկայացուցիչ)

Յոբելենական ձեռնարկները կ՛երկարին ամբողջ տարուան վրայ եւ տեղի կ՛ունենան Լիբանանի եւ տարբեր գաղութներու մէջ, հոն ուր մեծ թիւով նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներ կան:

Ծրագիրի վրայ են քոլեճի վաստակաշատ ուսուցիչներու յարգանքի երեկոյ, 50-ամեակի յուշամատեանի հրատարակութիւն, վաւերագրական տեսերիզի պատրաստութիւն, նախկին եւ ներկայ Սոֆիա Յակոբեանականներու մշակութային գեղարուեստական հանդիսութիւն եւ յոբելենական ճաշկերոյթ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ

http://www.aztagdaily.com/

Scroll Up