100-Ամեակի Ընդլայնուած Նիստը Քննարկեց 2015-ի Աշխատանքային Ծրագիրը

Չորեքշաբթի երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ընդլայնուած նիստը: Նիստին մասնակցեցան Լիբանանի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները:
Ժողովականները նախ լսեցին 2014-2015 տարուան, 100-ամեակի առիթով նախատեսուած ընդհանուր ծրագիրին մասին զեկուցում: Զեկուցումին հետեւեցաւ քննարկում նախատեսուած աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղուածութեան, բնոյթին, շեշտադրումներուն եւ նախահաշիւին վերաբերեալ:
100-ամեակի տարուան իրականանալիք ձեռնարկներու ընդհանուր ծրագիրը յարանուանական, քաղաքական եւ միութենական բոլոր ժողովականներուն կողմէ հաստատուելէ ետք, սեփականութիւնը պիտի դառնայ հանրութեան, յատուկ ասուլիսով:
http://www.aztagdaily.com/