Սրբադասման Եւ Ծիսական Յանձնախումբերու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենան Սրբադասման եւ Ծիսական յանձնախումբերուն հանդիպումները: Սոյն յանձնախումբերուն մաս կը կազմեն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը:

Շուրջ երկու տարիներէ ի վեր կը գործեն յիշեալ յանձնախումբերը եւ իրենց աշխատանքները պիտի աւարտեն մօտ ապագային, որպէսզի անոնց արդիւնքները ներկայացուին յառաջիկայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց ժողովի երկրորդ նիստին:

http://www.aztagdaily.com/

Scroll Up