Ազնուափայլ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան
Ազնուափայլ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,
Ի սրտէ երախտագիտութիւն կը յայտնենք այն գնահատանքին, որ յղած եք yerepouni-news.com լրատուական եռալեզու կայքին, անոր հիմնադրութեան անդրանիկ տարեդարձին առիթով: Ձեր գնահատականը լաւագոյն ապացոյցն է սատար կենալու եւ քաջալերելու՝ Սփիւռքի ափերուն վրայ հայապահպանումի, հայ մշակոյթի եւ Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու սերտացման, մեր ազգային գերագոյն նպատակներուն իրենց համեստ ներդրումը, ծառայութիւնը հաւատքով եւ համոզումով մատուցող օղակներուն:
Այս առիթով ընդունեցէք մեր ջերմագոյն մաղթանքները, Նախարարութեանդ՝ նախանձախնդիր ու ազգօգուտ ծառայութիւններուն: Յանձինս Ձեր վարած լայնախոհ եւ աշխոյժ քաղաքականութեան, Սփիւռք- Հայրենիք փոխյարաբերութիւնները թեւակոխած են նոր եւ հպարտութիւն ներշնչող հանգրուան:
Յաջողութեան եւ գործակցութեան մաղթանքներով՝
Ահարոն Շխրտըմեան